Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՔԱՐՏԷԶՆԵՐԸ ՎԵՐԱՆԱՅԵԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՁԱԽՈՂԻ.

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՈՒՂԵՐՁԸ` ՔԱՐՏԷԶՆԵՐԸ ՎԵՐԱՍԱՀՄԱՆԵԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐՈՒՆ

September 28, 2022
in Միջազգային
0
ՔԱՐՏԷԶՆԵՐԸ ՎԵՐԱՆԱՅԵԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՁԱԽՈՂԻ.

 

Յունաստանի արտաքին գործերու նախարար Նիկոս Տենտիասը Երեւանի մէջ յստակ ուղերձ ուղարկեց այն երկիրներուն, որոնք կը փորձեն վերասահմանել քարտէզները.  վերանայման քաղաքականութիւնը պիտի ձախողի: Տենտիաս այս մասին յայտարարեց ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ մամուլի յայտարարութեան մէջ:

ՙՅունաստանը շատ անգամներ շեշտած է, որ կ’աջակցի բոլոր պետութիւններու ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան, եւ այդ, ի հարկէ, նաեւ կը վերաբերի մեր լաւ ընկեր Հայաստանին: Մենք կը հաւատանք սահմաններու անքակտելիութեան՚, ըսաւ Տենտիաս:

Ան նշեց այն հանգամանքը, որ քանի մը օր առաջ Հայաստանի տարածքը կը ռմբակոծուէր ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ: Ան Յունաստանի համերաշխութիւնը յայտնեց Հայաստանի ՀՀ կառավարութեան եւ ժողովուրդին:

ՙԵս պիտի փափաքէի նաեւ յստակ ուղերձ ուղարկել այն երկիրներուն, որոնք կը փորձեն վերասահմանել քարտէզները: Եւ իմ ուղերձս հետեւեալն է` վերանայման քաղաքականութիւնները պիտի ձախողին: Ես պիտի նշեմ եւս այդպիսի ուժ մը` Թուրքիան, որ կը փորձէ օգտուիլ այս խառն իրավիճակէն, որպէսզի անյարգալից ըլլայ կայունութեան նկատմամբ: Մենք վկայ ենք նաեւ թրքական հռետորիկայի, թոյլ տուէք ըսել, որ Թուրքիան նաեւ դէմ էր այն բանին, որ Յունաստանը քանի մը պաշտպանական զէնքեր կ’ուղարկէ յունական Լեսպոս կղզի: Եւ այս կը կատարուի այն պայմաններուն մէջ, երբ  Յունաստանը կը գործէ իր պարտաւորութիւններու ծիրին մէջ, եւ այս պարտաւորութիւնները կը բխին Լօզանի համաձայնագրէն՚, ընդգծեց Յունաստանի արտաքին գործերու նախարարը` յաւելելով, որ Թուրքիան դէմ է, որովհետեւ Յունաստանը թոյլ չի տար, որ իր տարածքները անպաշտպան մնան:

Ըստ անոր` Թուրքիան այս պահուն կը սպառնայ պատերազմ սկսիլ Յունաստանի դէմ: Արտաքին գործերու նախարարը ընդգծեց, որ Յունաստանը պատրաստ է եւ կը փափաքի սկսիլ կառուցողական երկխօսութիւն Թուրքիոյ հետ` միջազգային իրաւունքի շրջանակներուն մէջ, նաեւ պատրաստ է պաշտպանելու զայն ու իր իրաւունքները:

Արտաքին գործերու նախարարները Երեւանի մէջ քննարկած են նաեւ Կովկասի մէջ անվտանգութեան մարտահրաւէրը:

ՙՄեր դիրքորոշումը ԼՂ-ի վերաբերեալ կը մնայ անփոփոխ, մենք կ’աջակցինք խաղաղ, փոխադարձ ընդունելի լուծումներու հասնելուն` միջազգային իրաւունքի շրջանակներուն մէջ: Միջազգային իրաւունքը ՙսուրբ կտակարանն է՚ միջազգային յարաբերութիւններու եւ քաղաքականութեան համար: Այս տեսակէտէն մենք կ’ողջունենք նաեւ վարչապետ Փաշինեանի խիզախութիւնը, որ առաջարկած է նոր մօտեցում այս տարածաշրջանին մէջ նոր ապագայի համար՚, ըսաւ Յունաստանի արտքին գործերու նախարարը:

Սակայն ան ընդգծեց, որ լուծումները եւ խաղաղութիւնը չեն կրնար կառուցուիլ այն պայմաններուն մէջ, երբ կայ ուժի կիրառման սպառնալիք: Յունաստանը պիտի շարունակէ աջակցիլ երկկողմ բանակցութիւնները սկսելուն: Նիքոս Տենտիասը յաւելեց, որ կը հաւատան, որ մարդասիրական խնդիրները պէտք է լուծուին անյապաղ, մարդասիրական իրաւունքը պէտք է յարգուի:

Share61Tweet38
Previous Post

ՙՆ.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ 25-ԱՄԵԱՅ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ (1995-2020)

Next Post

ԿԱՐԴԻՆԱԼ ԵՒ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Next Post
ԿԱՐԴԻՆԱԼ ԵՒ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

ԿԱՐԴԻՆԱԼ ԵՒ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.