ԼԻԲԱՆԱՆ
ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք« տնտեսութեան գրեթէ բոլոր հատուածներուն մէջ որոշ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ: Ելեկտրականութեան հատուածը մնաց ուշադրութենէ հեռու: Միջազգային քարիւղին գինը աւելցաւ, սակայն կառավարութիւնը տակաւին քաղաքացիէն կը գանձէր հին գինին համեմատ: Այս քայլը տարուէ տարի բացը աւելցուց ելեկտրականութեան հատուածին մէջ եւ այն մարզը, որ ժամանակին կառավարութեան եկամուտ կ’ապահովէր, դարձաւ բեռ իր տարեկան բացով եւ դարձաւ ամենամեծ աղբիւրը պետական պարտքի կուտակումին: Մէկ քիլովաթ ելեկտրականութիւն արտադրելու ծախքը հասաւ 20 սենթի, մինչ կառավարութիւնը քաղաքացիէն կը գանձէր 8-9.5 սենթի միջեւ:
Այս հարցին մէջ բոլորը յանցաւոր են, իրերայաջորդ վարչապետներէն մինչեւ ուժանիւթի նախարարները եւ խորհրդարանի նախագահը: Բոլորն ալ իրենց անփութութեամբ այս կարեւոր հատուածը հասցուցին սնանկացումի սեմին: 2019 թուականի տնտեսական տագնապէն ետք, մասնաւոր հատուածի ելեկտրածին մեքենաներու տէրերը գրաւեցին շուկան ու ստանձնեցին կառավարութեան դերը ելեկտրականութիւն տալու համար ժողովուրդին: Բնակչութիւնը սկսաւ վճարել կառավարութեան գանձելիք գինէն շատ աւելի: Սխալեցան ղեկավարները, իսկ գինը վճարեց քաղաքացին, որ չէր կրցած առաքինի ղեկավարներ ընտրել:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ՕՐԱԿԱՐԳ ՃՇԴՈՂ ԿՈՂՄԸ
2020-ի Սեպտեմբերի 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ատրպէյճան դարձաւ օրակարգ պարտադրող ուժ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ: Ո՞վ իրեն տուաւ այդ ուժը, իրաւունքը: Ինչո՞ւ համար Հայաստան չկրցաւ դէմ դնել անոր ազատ շարժումին: Ատրպէյճան յենեցաւ իր դաշնակից Թուրքիոյ ու անոր օժանդակութեամբ զինեց ու մարզեց բանակը: Իր տնտեսութիւնն էր որ օգնեց իրեն: Քարիւղի եւ բնական կազի միջազգային գինը բարձրացաւ եւ այս երկիրը իր շահած գումարով ներդրում կատարեց բանակին մէջ: Միւս կողմէ, ան կրցաւ իր լծակները օգտագործել Ռուսիոյ Դաշնութեան իշխանական շրջանակին մէջ եւ սիրաշահիլ այդ երկիրը ու ստանալ անոր թոյլտուութիւնը: Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը, 2018 թուականէն սկսեալ ճիշդ է որ բարելաւեց տնտեսութիւնը, կրցաւ որոշ չափով հասնիլ բանակի պէտքին, սակայն բաւարար չէր ծաւալը: Այս ղեկավարութիւնը նաեւ չկրցաւ ճիշդ ձեւով կարդալ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները` Թուրքիա-Ռուսիա մերձեցումը եւ անոր հետեւանքները: Վարեց երկու կողմ` Արեւմուտք եւ Արեւելք սիրաշահելու քաղաքականութիւն, այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ Ռուսիա իր ապահովութեան օրակարգին մէջ Արեւմուտքը սկսաւ կոչել ՙոչ-բարեկամ՚, այսինքն ՙթշնամի՚էն մէկ աստիճան վար:
Ո՞վ պիտի ճշդէ Հարաւային Կովկասի օրակարգը: Այդ մէկը պիտի ըլլայ այն երկիրը, որ պիտի գիտնայ օգտուիլ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններէն, վարէ ազգային քաղաքականութիւն, տնտեսապէս եւ բարոյապէս զօրանայ ու չնեղացնէ իր ռազմավարական գործընկերները` Ռուսիան եւ Իրանը, զինք այցելող հազարաւոր քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող երկիրի մը բարձրաստիճան պաշտօնեայի խօսքերէն տարուելով: Խօսքեր որոնց նմանը շատ տեսած է մեր ժողովուրդը, բայց գործը բնաւ չէ տեսած:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ
ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՊԷՍ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԳՈՐԾՕՆ
Երբ սերտենք Միջին Արեւելքի պատմութիւնը, պիտի նկատենք, որ տնտեսութիւնը մեծ դեր ունեցած է անոր հոլովոյթին մէջ: Պատմական բոլոր դէպքերը կախեալ են աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններէ, այսինքն երբ Ֆրանսա եւ Բրիտանիա յաղթեցին Առաջին Համաշխարհային պատերազմին, կրցան խօսք ունենալ Միջին Արեւելքի քարտէսի ձեւաւորումին մէջ, իրենց շահերէն մեկնելով: Բրիտանիա որպէս հոգատարութիւն, ձեռք դրաւ Իրաքի, Քուէյթի, Ծոցի երկիրներուն եւ Յորդանանի վրայ: Մինչ Ֆրանսային յանձնեցին Լիբանանը եւ Սուրիան: Ֆրանսա փոխանակ հայերուն յանձնելու Կիլիկիան, զայն յանձնեց Աթաթիւրքի Թուրքիոյ, փոխարէնը ստանալու Կիլիկիոյ պղինձի հանքերու օգտագործումի 99 տարուան համաձայնագիր: Իրաք, Քուէյթ եւ Ծոցի երկիրներ քարիւղով հարուստ էին ու այս էր պատճառը Բրիտանիոյ հոգատարութեան: Իսկ ԱՄՆ իր հոգատարութեան տակ առաւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութիւնը դարձեալ քարիւղի հանքերու գոյութեան պատճառով: Ներկայիս Եւրոպա չ’ուզեր նեղացնել Ատրպէյճանը, որովհետեւ ան իր բնական կազի ամենամեծ մատակարարներէն մէկն է Ռուսիայէն ետք: Ուրեմն« ինչպէս որ կը նկատենք« տնտեսութիւնն է ամենամեծ շարժիչը աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու եւ պահողն է կայունութեան:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
ԱՆԿՈՒՄԸ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ
Ուքրանիոյ պատերազմին հետեւանքները եւ երաշտը սկսան հարուածել Եւրոպան: Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը իր վերջին նախատեսումներուն մէջ նուազեցուց Եւրոպայի առաջին չորս տնտեսութիւններուն` Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Սպանիոյ տնտեսական աճի ցուցանիշները: Բարձր սղաճը քարիւղի եւ բնական կազի գիներուն յաւելումին պատճառով, պարտքի տոկոսի յաւելումը իրենց ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենան Եւրոպայի տնտեսութեան վրայ: Բարձր պարտքի տոկոսը պիտի զսպէ ընկերութիւններուն ծախքը եւ անոնք նոր պաշտօնեայ պիտի չառնեն գործի: Գերմանիա ազդուած է սղաճէն, երաշտէն եւ ապրանքներու փոխադրութեան տագնապէն: Ուքրանիոյ պատերազմէն առաջ, Գերմանիա իր բնական կազին կէսը կը ստանար Ռուսիայէն եւ քարիւղին` մէկ երրորդը: Ռուսիա սկսաւ փակել ծորակը եւ Գերմանիա ազդուեցաւ այդ քայլէն: Երաշտի պատճառով Հռենոս (Rhine) գետին մակարդակը նուազած է ու ապրանք փոխադրելը դժուարացած է գետին միջոցով: Գերմանիոյ կառավարութիւնը վառելանիւթի բարձր գինը բաժնեց տուներու եւ ընկերութիւններու միջեւ, անոնց ծախքը աւելցնելով: Սակայն փոխարէնը օգնութիւն պիտի տայ գործաւորներուն եւ տնտեսապէս անկարող դասակարգին 30 միլիառ եւրօ արժէքով, կարենալ դիմանալու համար գինի յաւելումին: Ըստ տնտեսագէտներու, Գերմանիա պիտի մտնէ տնտեսական անկումի (recession) հոլովոյթի մը մէջ 2022-ի երկրորդ կէսէն սկսեալ:
Սղաճը նաեւ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցաւ բաժնետոմսերու շուկային վրայ, ԱՄՆ-ի, Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ: Եւրոպայի բաժնետոմսերու շուկաները անկում արձանագրեցին 0.5-0.85 առ հարիւր համեմատութեամբ: ԱՄՆ-ի բաժնետոմսերու շուկան ալ անկում արձանագրեց: Իսկ Ասիոյ շուկայի անկումը հասաւ 2.78 առ հարիւրի, Ճափոնի պարագային` 1.56 առ հարիւրի, Հարաւային Քորէայի պարագային` 0.8 առ հարիւրի, Չինաստանի պարագային եւ Հոնկ Քոնկի պարագային` 2.5 առ հարիւրի:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ
ԱՄԱՎԱՐԿԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Fiscal Policy)
Տնտեսագիտութեան մէջ կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան գործիքները կը բաղկանան պետական հատուածի ծախքէն եւ տուրքի քաղաքականութենէն: Քաղաքականութեան ամենակարեւոր նպատակն է անգործութեան տոկոսը պահել ցած, տնտեսութեան մէջ պահանջարկ ստեղծելով: Այսինքն, մարդոց ձեռքը դրամ պահել որպէսզի ապրանք գնեն եւ արտադրող ընկերութիւնները աշխատին ու մարդ աշխատցնեն: Նաեւ սղաճին (inflation) ցած մնալը դրական գործօն է տնտեսութեան մէջ, որովհետեւ բարձր սղաճը կը նշանակէ որ գործաւորը յաւելում պիտի պահանջէ եւ պահանջարկը պիտի նուազի:
Պետական պարտքին չափը նաեւ մաս կը կազմէ կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան: Համաշխարհայնացումի սկիզբէն կամ 1980-ական թուականներէն առաջ կը քաջալերէին հաւասարակշռուած տնտեսական քաղաքականութիւնը: Այսինքն կառավարութիւնը կը ծախսէր իր եկամուտին չափ: Այս քաղաքականութիւնն է որ քաղաքացիական պատերազմի շրջանին Լիբանանը փրկեց տնտեսական աղէտէ: Սակայն 1992-էն ետք Լիբանան սկսաւ վարել այն քաղաքականութիւնը, որ կ’ըսէ, թէ հոգ չէ թէ կառվարութեան հաշիւին մէջ բաց ըլլայ, այսինքն ծախսէ իր եկամուտէն աւելի, պայմանաւ որ առնուած պարտքը ծախսուի որպէս ներդրում երկրի ենթակառոյցին մէջ: Լիբանանի վարած այս քաղաքականութիւնն է որ երկիրը հասցուց այսօրուան վիճակին: Պարտքը որ առնուեցաւ ճիշդ ձեւով չօգտագործուեցաւ: Ըստ տնտեսագէտներու, այս ամավարկի բացով աշխատելու քաղաքականութիւնը շատ մը երկիրներու սնանկացումին պատճառ պիտի դառնայ, որովհետեւ հսկիչ լծակները գոյութիւն չունին եւ խորհրդարաններ պէտք եղած ձեւով չեն հսկեր պետական ամավարկին վրայ: Երբ երկրի մը մէջ պահանջարկի նուազում զգացուի, կառավարութիւնը կ’ըլլայ առաջին կողմը որ կը շարժի: Տուրքը կը նուազեցնէ, որ ընկերութիւններ պահեն իրենց պաշտօնեաները եւ կը ծախսէ, տնտեսութեան մէջ դրամ մտցնելով: Այս լծակները ճիշդ ձեւով չօգտագործելու պարագային, մենք կ’ունենանք Լիբանանի վիճակին նմանող վիճակ:
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ