Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 135-ամեակը: Այս առիթով Մայր հայրենիքի մէջ կազմակերպուած էր գիտաժողով մը` ՙԱզատագրական պայքարից` անկախ պետականութիւն՚ խորագրով, համագործակցութեամբ ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկին հետ:
Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2022-ին, ՀՀ ԳԱԱ-ի դահլիճին մէջ, մասնակցութեամբ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին եւ անդամներու, Սփիւռքի մէջ կուսակցութեան Վարիչ մարմիններու անդամներու, շարքայիններու, գիտաշխատողներու, պատմաբաններու:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, փրոֆեսոր Աշոտ Մելքոնեան: Ան ողջունեց ներկաները, շնորհաւորեց բոլորը Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով, նամանաւանդ որ գիտաժողովը սերտօրէն կապուած է անկախութեան գաղափարին հետ: Փրոֆ. Մելքոնեան ըսաւ, որ շատ ուրախալի է, որ 135 տարի առաջ կեանքի կոչուած հայ ազգային կուսակցութիւններէն մէկը` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը ժամանակի ամենաընդունուած, կարեւոր քաղաքական գաղափարներէն մէկը` անկախութեան գաղափարը դարձուցած էր իր գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնը: ՍԴՀԿ իր ծրագրային փաստաթուղթերուն մէջ արձանագրած է անկախութեան գաղափարին կարեւորութիւնը եւ անոր համար պայքարած է իր գործունէութեան ընթացքին, ըսաւ Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը:
Առաջին զեկուցողն էր ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մկրտիչ Դանիէլեանը` ՙՆարոդնիկներ-հնչակեաններ գաղափարական առնչութիւններ՚ թեմայով: Դանիէլեան նշեց, որ անկախութիւնը եւ ազատութիւնը չեն մուրար, այլ ձեռք կը բերեն պայքարով, եւ այս երեւոյթը մենք կը տեսնենք նաեւ հնչակեան գաղափարական զինանոցին մէջ: Հնչակեաններուն մօտ պետականութիւնը, ըստ Խանազատի, առաջին հերթին կը դիտուէր որպէս միջոց սոցիալիստական հասարակութիւն կառուցելու համար: Մարտավարութեան առումով հնչակեանները շատ բաներ առին ազգային նարոդնիկական կազմակերպութիւններէն, ըսաւ ան եւ յաւելեց, որ ՍԴՀԿ-ը նարոդնիկական գաղափարական զօրանոցէն առաւ սոցիալիզմի, պետականութեան վերականգնման գաղափարները եւ աւելի յառաջ տարաւ զանոնք, նաեւ մարտավարական բազմաթիւ սկզբունքներ եւ զարգացնելով փորձեց հետագային զանոնք գործնականօրէն կեանքի կոչել:
ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆեսոր Աշոտ Մելքոնեան ներկայացուց ՙԱնկախութեան գաղափարը ՙՀնչակ՚ թերթի էջերուն մէջ՚: Ան ընդգծեց, որ հնչակեանները ոչ միայն չէին բաւարարուեր Արեւմտեան Հայաստանի խնդիրով, այլ նաեւ կը ձգտէին հասնելու հայ ժողովուրդի միւս հատուածին` ռուսահայ ու պարսկահայ հատուածներու ազատագրութեան: Փրոֆ. Մելքոնեան նշեց, որ կուսակցութեան ծրագրային փաստաթուղթերուն մէջ կ’երեւի, թէ անկախութիւնը ձեռք բերելէ յետոյ ինչ մեխանիզմներ, լծակներ պէտք է ունենալ այդ անկախութիւնը կեանքի կոչելու համար: Օրինակ տալով, ան լուսարձակի տակ առաւ, որ պետականութեան խորհրդանիշներու բազմաթիւ դրսեւորումներուն կը հանդիպինք, երբ օրինակ հայկական ծածանող դրօշներու մասին ՙՀնչակ՚ը հպարտութեամբ կը գրէ, որ ՙանկախ Զէյթունի մէջ մենք արդէն կը ծածանենք հայկական դրօշները՚: Ան ընդգծեց նաեւ, որ ՍԴՀԿ-ը, իր գաղափարական ծրագրային դրոյթներուն հարազատ ձեւով, 1918 թուականի Մայիսի վերջը Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը ողջունեց, այնուհետեւ փորձեց դարձեալ անկախութեան գաղափարը կեանքի կոչել 1920-ի սկիզբը եւ Խորհրդային Հայաստանի նկատմամբ հնչակեանները թշնամական դիրք չբռնեցին, այն պատկերացումով որ Խորհրդային Հայաստանը կ’ընկալէին ոչ միայն որպէս զուտ հայրենիք, այլ նաեւ` հայոց պետականութեան դրսեւորում:
Պատմական գիտութիւններու դոկտոր Գեղամ Յովհաննիսեան ներկայացուց ՙԱզգային պետութեան հիմնահարցը ՙԵրիտասարդ Հայաստան՚ պարբերականին մէջ (1903-1921 թուականներուն): Ան ներկայացուց պարբերականին պատմականը եւ անոր մէջ լոյս տեսած գաղափարական յօդուածներէն բաժիններ, որոնց մէջ պաշտպանուած են հայկական շահերը, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի ողջունումը: Հնչակեան ղեկավարներէն Սապահ Գիւլեանը թերթի գլխաւոր խմբագիրն էր եւ զգալի մասով ուղղութիւն տուողը անոր գաղափարական ուղենիշին: Խմբագիրը իր խմբագրականներուն մէջ անդրադարձած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն, նկատի ունենալով որ Հայաստան պիտի գտնուի Ռուսիոյ աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան ոլորտին մէջ: Յովհաննիսեան նշեց, որ ՙԵրիտասարդ Հայաստան՚ պարբերականին մէջ 1921 թուականէն յետոյ աւելի կ’ամրապնդուի Խորհրդային Հայաստանին օգնելու եւ անոր աջակցելու տեսակէտը:
Կարճ ընդմիջումէ ետք, գիտաժողովը շարունակուեցաւ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգ Խուտինեանի ներկայացուցած ՙԻտէալի եւ իրականութեան հակաթեզը ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան 1890-ական թուականներու ծրագրային փաստաթուղթերուն մէջ՚ զեկոյցով: Ան նշեց, որ Հնչակեան կուսակցութեան ծրագիրը որպէս տեսաբանական փաստաթուղթ առաջինն էր եւ աւելի ամբողջական էր, ուր ամրագրուած էին ժամանակի հայ յառաջադէմ երիտասարդութեան բոլոր անկեղծ ու յառաջդիմական ցանկութիւնները: ՙԻտէալի եւ իրականութեան հակաթեզը լուծելու համար, հնչակեաններու կիրառած յառաջբերական (deductive) մեթոտը եւ դաշնակցականներու կիրառած մակաբերական (inductive) մեթոտը, իրականութեան մէջ կը հանդիսանային նոյն խնդիրին լուծման տարբեր ուղիները, մէկը ընդհանուրէն դէպի մասնաւոր, իսկ միւսը` մասնաւորէն դէպի ընդհանուր՚, ըսաւ ան եւ յաւելեց, որ եթէ չըլլար հնչակեաններու բուռն յեղափոխական գործունէութիւնը 1890-ականներու առաջին կէսին, իր ցոյցերով եւ ապստամբութիւններով, չէր կրնար ստեղծուիլ անոր հակաթեզը արագօրէն ձեւաւորած ՀՅԴ գործունէութեան հետագայ ուժականութիւնը:
Յաջորդ զեկոյցը ներկայացուց պատմական գիտութիւններու պատուաւոր դոկտոր, Ընկ. Տոքթ. Եղիկ Ճերեճեանը` ՙԱնկախութեան գաղափարին հոլովոյթը Հնչակեան կուսակցութեան մօտ, ՙՀնչակ՚ի հրատարակութենէն-Հայաստանի Հանրապետութիւն (1887-1920 թուականներուն)՚ թեմայով: Տոքթ. Ճերեճեան նշեց, որ Հայաստանի անկախութեան գաղափարը Հնչակեան կուսակցութեան մօտ իր առաջին եւ յստակ արտայայտութիւնը կը գտնէ ՙՀնչակ՚ պաշտօնաթերթի առաջին թիւի խմբագրականին մէջ, 1887-ի Նոյեմբերին: Ան մէջբերեց, թէ ինչպէս 1914 Յուլիսին հնչակեան գործիչները Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին կը ձերբակալուին, բայց Պատերազման դատարանը կը խուսափի հնչակեանները դատել որպէս բացայայտուած դաւադրական ծրագիրի մը մասնակիցները եւ վերջնական դատավճիռին մէջ 22 հնչակեանները, երկուքը ի բացայակութեան, մահապատիժի կ’արժանանան անկախ Հայաստան կերտելու նպատակը հետապնդելու համար: Ան նշեց, որ 1917 Մայիս-Յունիս ամիսներուն ՙԵրիտասարդ Հայաստան՚ի մէջ լոյս կը տեսնէ Սապահ Գիւլեանի ՙԻնքնավար Հայաստանի Շուրջ՚ յօդուածաշարքը, որուն մէջ ան առաջինը ըլլալով լայնօրէն կը բացատրէ ինքնավար Հայաստանի գաղափարէն անկախ Հայաստանի գաղափարին անցնելու անհրաժեշտութիւնն ու հնարաւորութիւնը: Ընկ. Եղիկ Ճերեճեան եզրակացուց, որ ՍԴՀԿ-ը Հայաստանի անկախութիւնը պաշտպանելու իր դիրքորոշումը շարունակած է իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին: Այդ գաղափարին հոլովոյթը Հնչակեան կուսակցութեան մէջ սկիզբ առած է 1887-ին անկախութեան գաղափարին մեկնաբանութեամբ եւ ապա ծրագրաւորումով:
Վերջին զեկոյցով հանդէս եկաւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանը` ներկայացնելով ՙՀնչակեան ծրագիրին մէջ տեղ գտած Հայաստանի անկախութեան գաղափարին ընկալումը օսմանեան դատարաններուն կողմէ՚: Ան պատմականօրէն ներկայացուց, որ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը հնչակեան գործիչները որպէս հայ ազգային ազատագրական շարժման նուիրեալներ յաճախ յայտնուած են օսմանեան դատարաններուն առջեւ` իրենց կատարած թէ չկատարած ՙյանցագործութիւններուն՚ համար, եւ որպէս ծանր յանցագործութիւն առերեսուած են Հնչակեան կուսակցութեան ծրագիրին մէջ տեղ գտած` անկախ Հայաստանի գաղափարին հետ: Հնչակեան մտաւորականներ եւ գործիչները տարբեր կալանավայրերու եւ դատարաններու մէջ բռնութիւններու ենթարկուած են որպէսզի անոնք խոստովանին իրենց առնչութիւնը անկախ Հայաստանի ՙդաւադրական ծրագրին հետ՚: Ընկ. Քէօշկէրեան ըսաւ, որ թրքական դատարանները համիտեան եւ իթթիհատական իշխանութիւններուն օրով անկախ Հայաստանի ՙանջատողական եւ արգիլեալ գաղափարը՚ պաշտպանողներուն հանդէպ եղած են միայն իշխանութիւններուն կամակատարը եւ գործած են անոնց անմիջական եւ ուղղակի հրահանգներով:
Տեղի ունեցաւ նաեւ հարց-պատասխանի ձեւաչափով քննարկումներ: