ՄԱԿ-ի ամպիոնէն խօսած իր ճառին մէ, Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ յայտարարեց, թէ երկու պետութեան լուծումը ամենալաւ տարբերակն է Պաղեստինի հարցին, պայմանաւ որ այդ պետութիւնը ըլլայ խաղաղասէր եւ չըլլայ ահաբեկչական կեդրոն Իսրայէլի դէմ: Ան աւելցուց, թէ զինուորական սպառնալիքը միակ միջոցն է Իրանին արգիլելու հիւլէական զէնք պատրաստել: Իսրայէլ ամէն միջոցի պիտի դիմէ արգիլելու համար այդ մէկը: