Էջմիածինի մէջ ժողով մը գումարուեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի, առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ: Քննարկուեցաւ երկրին առջեւ ծառացած ապահովութեան տագնապը: Ժողովին մասնակցեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը: