Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ Ա. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ.

ԱԶԴԱՆՇԱՆԸ ՏՐՈՒԵՑԱՒ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ 84-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻՆ

September 16, 2022
in Գաղութային
0
ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ Ա. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ.

 

8 Սեպտեմբեր 2022-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ուսուցչական-տեսչական անձնակազմը գումարեց իր առաջին` վերամուտի ընդհանուր ժողովը, վարժարանի ՙՖարաճեան՚ հանդիսասրահի մէջ:

Ժողովը բացուեցաւ Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Արժ. Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեանի խորհրդածութիւններով եւ աղօթքով, որուն յաջորդեց վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի ուղենշող զեկոյցը` փակուած տարեշրջանին մասին ամփոփ տեղեկատուութեամբ եւ յառաջիկայի աշխատանքներուն մասին:

Պարոն Գալուստ նախ դիտել տուաւ, որ անցեալ տարեշրջանին հնարաւոր եղաւ յաջողութեամբ անցնիլ Գորոնա ժահրի տարածման սահմանափակումին ընկերացած բնականոնացման փուլը, եւ այս տարի Մեսրոպեանը լիովին պատրաստ է սկսելու եւ շարունակելու նախահամաճարակային շրջանի դրութեամբ սովորական տարեշրջան մը, որուն ընթացքին ամբողջովին պիտի վերականգնուին մինչ այդ առկախեալ կրթական աշխատանքները, արտադասարանային գործունէութիւնները ներառեալ:

Պարոն տնօրէնը գոհունակութիւն արտայայտեց անցած տարեշրջանի կրթական արդիւնքներուն համար, որոնց մէջ իրենց յատուկ տեղը գրաւեցին պետական քննութիւններուն յաջողութիւնները. բարձրագոյն վարժարանի պրէօվէի (97.14%) եւ Բ. պաքալորիայի (93.10%) քննութիւններուն յաջողութեան համախառն համեմատութիւնը կազմեց 95.31 առ հարիւր, իսկ արուեստից վարժարանի BP2, BT3 եւ TS բաժիններու յաջողութեան համախառն համեմատութիւնը` 100 առ հարիւր: Զոյգ վարժարաններէն, պետական քննութիւններուն յաջողութիւն արձանագրեցին 116 աշակերտներ, որոնցմէ 53-ը` յիշատակութեամբ:

Պարոն Գալուստ շեշտեց, որ Մեսրոպեանի անձնակազմի իւրաքանչիւր անդամ նուիրուած եւ պարտաճանաչ աշխատանքով իր ներդրումը ունեցաւ վարժարանի նուաճումներուն մէջ, ի հեճուկս բոլորին ծանօթ` չափազանց դժուար պայմաններուն: Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը յառաջիկայ տարեշրջանին ունի 109 անդամներէ բաղկացած անձնակազմ մը, լիուլի կատարելու համար ի խնդիր աշակերտներու լաւագոյն կրթութեան ստանձնուած պարտաւորութիւնը: Պարոն Գալուստ ըսաւ, որ, ինչպէս անցած տարիներուն, նոր տարեշրջանին եւս ուսուցիչներու վերապատրաստական աշխատանքները պիտի ըլլան շարունակական, տնօրէնի կրթական հարցերու խորհրդատու Դոկտ. Քոլէթ Աունի գլխաւորութեամբ:

Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեանի երկրորդական բաժնի պատասխանատուª Դոկտ. Աունի օգանական տիկին Հասնա Ապու Էլիաս, որ գլխաւորաբար անդրադարձաւ դասանիւթերու համակարգող ուսուցիչներու եւ ուսուցչական կազմին միջեւ աշխատանքներու կազմակերպման, ինչպէս նաեւ դասաւանդութեան ելեկտրոնային կառավարման դրութեան վերաբերող հարցերուն:

Հանդիպումի երկրորդ մասով ներկաներուն հետ վարժողական աշխատանքներ կատարեց WAZNET կրթական խորհրդատուական ընկերութեան տնօրէն պարոն Սամիր Քոնսթանթին. Մեսրոպեանը բազմաթիւ տարիներէ ի վեր կը գործակցի այս ընկերութեան հետ ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու մտաւոր զարգացման ծրագիրներու շրջանակին մէջ:

Պարոն Քոնսթանթին կարեւոր թելադրանքներ կատարեց` ուղղուած ներկայ ընկերային-տնտեսական պայմաններուն հետ անձի յարմարուողութիւնը զարգացնելուն, դիտել տալով, որ շնորհիւ այդ յատկանիշին է, որ անձը, ապրելէ ետք անկումներու փորձառութիւնը, կրնայ բարոյա-հոգեբանական եւ ֆիզիքական առումներով վերելքի ընթացքը բռնել եւ ձեռք բերել ճկունութիւն` առ ի պատասխան նոր եւ փոխուող պայմաններուն:

Վերամուտի հանդիպումին յաջորդող օրը մեկնարկեց ուսուցիչներու վարժողական եռօրեայ սեմինարը, ղեկավարութեամբ Մեսրոպեանի տնօրէնի կրթական հարցերու խորհրդատու Դոկտ. Քոլէթ Աունի:

 

 

Տեղեկատուական Գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՙԿԱՆԳՆԵՑՐՈՒՑԷՔ ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿԸ՚.

Next Post

ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԸ

Next Post
ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԸ

ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.