Լաթվիայի մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչները կատարած են բողոքի գործողութիւն: Այն կազմակերպած է Ռիկայի հայ համայնքի երիտասարդաց միութիւնը: Միութեան անդամ Լիլիթ Եդիգարեանը տեղեկացուց, որ շարժումը մեկնարկած է Գոնկրէսի տան մօտէն:
ՙԱյնուհետեւ քայլերթով շարժած ենք դէպի Լաթվիայի մէջ Ռուսիոյ,Մեծ Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ դեսպանութիւններ, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի բաժանմունք: Շարժումը աւարտած ենք Լաթվիայի Սէյմի մօտ: Մեր գլխաւոր ուղերձը այն է, որ միջազգային հանրութիւնը կանգնեցնէ նախայարձակ Ատրպէյճանը, սատար կանգնի Հայաստանին: Հայերը խաղաղութիւն կ՛ուզեն՚, ըսաւ Լիլիթ Եդիգարեանը:
Բողոքի շարժումին մասնակիցները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնած են Լաթվիայինª Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար: Այնուհետեւ մասնակիցները յարգանքի տուրք մատուցած են զոհուածներու յիշատակին: