Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան իր դժգոհութիւնը յայտնեց ՀԱՊԿ-ի քայլերուն առնչութեամբ: Ան յայտարարեց, որ կազմակերպութիւնը յուսախաբ ըրաւ Հայաստանը, երբ չկրցաւ Ատրպէյճանի զօրքը Հայաստանի մէջ իր գրաւած շրջաններէն դուրս հանել: