Նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այցելեց Պաապտայի պալատ եւ ժողով գումարեց հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունի հետ` նոր կառավարութեան կազմութեան հարցին շուրջ: Ժողովէն ետք Միքաթի յայտարարեց, որ յաջորդ ժողովը աւելի երկար պիտի ըլլայ:
Ժողովը քննարկեց նոր կառավարութեան կազմութեան հարցը, նաեւ սահմանագծումի հարցը օրակարգի նիւթերէն մէկն էր, ինչպէս նաեւ այն խօսքը, որ պիտի արտասանէ Միքաթի ՄԱԿ-ի ամպիոնէն Լիբանանի անունով: