Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց յայտարարեց, որ եթէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլա որոշէ ձախողցնել սահմանագծումի բանակցութիւնները եւ յարձակի ՙՔարիշ՚ կազի դաշտին վրայ, անոր գինը պիտի ըլլայ Լիբանանը:
Ան Իրանի հետ հիւլէական բանակցութիւնները համարեց վերակենդանացման սենեակ մտած եւ խրատեց սպասել ամերիկեան ընտրութիւններուն արդիւնքները:
Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն յայտարարած էր, որ սահմանագծումը հասած է իր վերջին փուլին ու կը մնան կարգ մը թեքնինք մանրամասնութիւններ ամբողջացնելու համար համաձայնութիւնը յօգուտ Լիբանանի իրաւունքին եւ գերիշխանութեան: