Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է ՁԵՌՆԱՐԿԵԼ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ-ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

September 15, 2022
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

 Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2022-ի գիշերը, տեղի ունեցաւ խորհրդակցական նիստ, որուն մասնակցեցան համասփիւռքեան-համահայկական գործունէութիւն ունեցող եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Նիստին միակ օրակարգն էր Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին պատճառով ստեղծուած կացութեան քննարկումը եւ Սփիւռքի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն ուղենիշներ ճշդելը։

 

Խորհրդակցական հանդիպման բացման նիստին Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին հրապարակած կոչը՝ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակման առիթով։

Նորին Ս. Օծութեան նախաձեռնութիւնը ողջունեցին հայ կաթողիկէ համայնքապետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը եւ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վերապատուելին, երեք կուսակցութիւններու եւ միութիւններու համասփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչները՝ շեշտելով նման ձեւաչափով խորհրդակցութիւններու անհրաժեշտութիւնը։ Անոնք ընդգծեցին նման պայմաններու մէջ հարցերը միասնականօրէն քննարկելու եւ համակարգուած աշխատելու կարեւորութիւնը։

Նիստի ընթացքին ներկայացուեցան զեկուցումներ ռմբակոծուող տարածքներուն, թշնամիին կողմէ թիրախ դարձած աշխարհագրական գօտիին, հայոց բանակի դիմադրութեան, միջազգային արձագանգումին եւ ռազմական գործողութիւններով Ազրպէյճանի հետապնդած նպատակներուն մասին։

 

Քննարկելէ ետք ստեղծուած իրավիճակին պատերազմական, քաղաքական եւ դիւանագիտական ուղղութիւնները, նիստը հաստատեց․-

Ա) Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներուն դէմ Ազրպէյճանի նախաձեռնած լայնածաւալ յարձակումը  մէկ օղակն է Պաքուի յարձակողապաշտութեան։ Ազրպէյճանը այս ձեւով պատերազմը Արցախեան տարածքներէն կը տեղափոխէ դէպի Հայաստանեան տարածքներ՝ խախտելով միջազգային օրէնքներն ու  Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը։

 

Բ) Ձեռնարկելով զինուորական գործողութիւններու, Պաքուն կը մերժէ խաղաղ բանակցութիւններով հարցերը լուծելու ընտրանքը եւ կը տապալէ բանակցային գործընթացը։

Գ) Այս պայմաններուն մէջ մեզի կը մնայ ձեռնարկել համաժողովրդային պայքարի՝ ընդդէմ ազրպէյճանական յարձակումներուն։ Համաժողովրդային պայքարը պիտի ներառնէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններն ու Սփիւռքը։

 

Դ) Մեր հայրենիքի դիմագրաւած այս վտանգաւոր իրադարձութիւններուն դիմաց խիստ հրամայական կը դառնայ համազգային միասնականութիւնը։ Մեր բոլո՛ր՝ եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կառոյցները իրենց առաջնահերթ օրակարգին պէտք է վերածեն մեր հայրենիքի տարածքային ամբողջականութեան պահպանումն ու մեր սահմաններուն անսասանելիութիւնը։

 

Ե) Ամբողջական զօրակցութիւն յայտնել թշնամիին ներթափանցումներուն դէմ մաքառող հայ բանակին եւ քննել գործնապէս հայկական զինեալ ոյժերուն սատար կանգնելու հնարաւորութիւնները։

 

Զ) Մեր միասնական ու համակարգուած աշխատանքը, անկոտրում կամքը եւ հայկական աշխարհի մէջ ծաւալելիք համազգային դիմադրութիւնը կրնայ դէմ դնել թշնամիին եւ ձախողցնել մեր հայրենիքին սպառնացող անոր ծրագիրները։

 

Է) Մեր աշխարհատարած կառոյցները ցուցական, քաղաքական, քարոզչական եւ դիւանագիտական ուղղութիւններով պարտին լծուիլ համազգային եւ համաժողովրդային դիմադրութեան՝ փրկելու համար մեր հայրենիքը։

 

Ը) Վեհափառ Հայրապետին թելադրանքներէն մղուած կազմել համասփիւռքեան-համահայկական կառոյցներու ներկայացուցիչները համախմբող միացեալ խորհուրդ՝ հակաճգնաժամային ծրագիրներ մշակելու եւ միասնական համազգային աշխատանքներ իրականացելու համար։

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ՀԱՊԿ ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԳԱԼՈՒ ԺԱՄԿԷՏՆԵՐԻ ՄԱՍԻՆ

Next Post

ՄԻՔԱԹԻ ՊԱԱՊՏԱՅԻ ՄԷՋ

Next Post
ՄԻՔԱԹԻ ՊԱԱՊՏԱՅԻ ՄԷՋ

ՄԻՔԱԹԻ ՊԱԱՊՏԱՅԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

June 9, 2023
ՀԱԿԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ՈՒՔՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

ՀԱԿԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ՈՒՔՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

June 9, 2023
ԱՈՒՆ ԱՍԱՏԻ ՄՕՏ

ԱՈՒՆ ԱՍԱՏԻ ՄՕՏ

June 9, 2023
ԲԱՆԱԿԸ ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ

ԲԱՆԱԿԸ ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ

June 9, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.