Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵԿՆԱՐԿԵՑ ԶՄԻՒՌՆԻՈՅ ՀԱՅԵՐՈՒ ԵՒ ՅՈՅՆԵՐՈՒ ԿՈՏՈՐԱԾԻ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ

September 15, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՄԵԿՆԱՐԿԵՑ ԶՄԻՒՌՆԻՈՅ ՀԱՅԵՐՈՒ ԵՒ ՅՈՅՆԵՐՈՒ ԿՈՏՈՐԱԾԻ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ

 

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ մեկնարկեց ՙԶմիւռնիան Հայոց եւ Յունաց ցեղասպանութիւններու ուղեծիրում. բնաջնջում, հրկիզում եւ տարագրութիւն (Սեպտեմբեր, 1922 թ.)՚ խորագրով եռօրեայ միջազգային գիտաժողովը:

Գիտաժողովին կը մասնակցին ցեղասպանագէտներ, պատմաբաններ, ազգագրագէտներ, արուեստաբաններ, հոգեբաններ, իրաւունքի մասնագէտներ Հայաստանէն, Յունաստանէն, Լիբանանէն, ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, Հոլանտայէն, Իտալիայէն եւ Չեխիայէն:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան ընդգծեց, որ 100 տարի առաջ` 1922 թուականին տեղի ունեցած է Զմիւռնիոյ հայերու եւ յոյներու կոտորած, որ կը համարուի Հայոց ցեղասպանութեան վերջին դրսեւորումներէն մէկը, որուն ընթացքին ոչնչացուեցաւ հայկական եւ յունական ամբողջ մշակութային ժառանգութիւնը,  զոհուեցան մեծաթիւ մարդիկ:

ՙ100 տարի անցած է, եւ անհրաժեշտ է մէկ  անգամ եւս վերադառնալ այդ իրադարձութիւններուն, ինչ որ մենք կ՛ընենք մարդասիրական ոլորտի հայաստանեան մասնագէտներուն եւ միջազգային հիւրերուն հետ համատեղ: Գիտաժողովին կը մասնակցի 40 զեկուցող` Հայաստանէն եւ 8 տարբեր երկիրներէ՚, ըսաւ ան:

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ Փօլ Հայտոսթեանն ընդգծեց, որ այստեղ են` գիտակցելով գիտաժողովին կարեւորութիւնը:

ՙԱյս գիտաժողովը կարեւոր է անով, որ մարդկութիւնը պէտք է անցեալը ճանչնայ ոչ միայն հարստութեամբ եւ բարիքներով, այլեւª աղէտներով: Զմիւռնիան յատկանշական է, որովհետեւ զանազան ժողովուրդներ` յատկապէս յոյներ եւ հայեր, միացան իրենց ճակատագրով եւ հրկիզուեցան, գաղթեցին եւ արմատախիլ եղան: Այս գիտաժողովի ուսումնասիրութիւնները իմի կը բերեն Զմիւռնիոյ գրական, պատմական, եկեղեցական, քաղաքական, տնտեսական կեանքը: Եւս  մէկ անգամ այս ամէնին մենք կ’անդրադառնանք եւ կը համոզուինք,  որ հայութիւնը կորսնցուցած է կարեւոր կեդրոն մը՚, ըսաւ Փօլ Հայտոսթեան:

Գիտաժողովի ընթացքին բացուեցաւ նաեւ համանուն խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութիւն: Տասներեք պաստառէ կազմուած երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) ցուցադրութեան ընթացքին ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտական ֆոնտերէն, վերապրողներու ժառանգների ընտանեկան արխիւներէն, ինչպէս նաեւ այլ հաւաքածուներէ տարատեսակ ցուցանմուշներ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ԳԵՐԱՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՅՈՐԴՈՐԵՆ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՍԱՀՄԱՆԱՄԵՐՁ ՄԱՐԶԵՐՈՒ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋՆԱՅԻՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ ՉՀԱՒԱՔԱԳՐԵԼ

Next Post

ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ՀԱՊԿ ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԳԱԼՈՒ ԺԱՄԿԷՏՆԵՐԻ ՄԱՍԻՆ

Next Post
ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ՀԱՊԿ ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԳԱԼՈՒ ԺԱՄԿԷՏՆԵՐԻ ՄԱՍԻՆ

ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ՀԱՊԿ ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԳԱԼՈՒ ԺԱՄԿԷՏՆԵՐԻ ՄԱՍԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.