Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Հայաստան բարձր ակնկալութիւն ունի ՀԱՊԿ-էն: Արդէն այս կառոյցը նախօրէին իր գումարած ժողովին ընթացքին որոշումներ կայացուցած է եւ Հայաստան կ’ակնկալէ որ այդ որոշումները գործադրուին: Ըստ Գրիգորեանի, Հայաստան մէկ բան կ’ակնկալէ ՀԱՊԿ-էն, Հայաստանին տրամադրել զէնք ու զինամթերք, որպէսզի կարենայ ատրպէյճանական ուժերը դուրս հանել անոնց գրաւած տարածքներէն: Պատասխանելով Ղազախստանի պնդումին, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանը յստակ չէ, Գրիգորեան պատասխանեց` ըսելով, որ Խորհրդային Միութեան բոլոր նախկին հանրապետութիւնները Միութեան փլուզումէն ետք ճանչցան իրարու սահմանները: