Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙԵՐԿՈՒ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ՚ ԶՍՊՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐ ՅՂԵԼՈՒ ՙԱՆԱՏԱՄ՚ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՉԷ.

ՔԱԼԻՒՐԱՆՏ ԴԱՏԱՊԱՐՏԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

September 14, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՙԵՐԿՈՒ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ՚ ԶՍՊՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐ ՅՂԵԼՈՒ ՙԱՆԱՏԱՄ՚ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՉԷ.

 

Եւրոխորհրդարանին մէջ Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւններու հարցերով պատուիրակութեան ղեկավար, պատգամաւոր Մարինա Քալիւրանտ յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումներու փաստին առնչութեամբ:

ՙԵս խստօրէն կը դատապարտեմ Ատրպէյճանի կողմէ նախորդ գիշերուան լայնածաւալ ռազմական յարձակումը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին գտնուող բազմաթիւ թիրախներու դէմ: Տեղեկութիւններ կան բուռն հրետակոծութիւններու եւ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումներու մասին, որոնք թիրախաւորած են Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Գեղարքունիքի հայկական բնակավայրերը` պատճառ դառնալով տակաւին անյայտ թիւով զոհերու՚, նշած է Քալիւրանտ` ընդգծելով, որ այս նոր յարձակումը շարունակութիւնն է Մարտին եւ Օգոստոսին Պաքուի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին զինադադարի կոպիտ խախտումներու, որոնց ժամանակ ատրպէյճանական կողմը օգտուած էր ռուս-ուքրանական հակամարտութեամբ պայմանաւորուած համաշխարհային եւ տարածաշրջանային իրադրութենէն:

ՙԿոչ կ՛ընեմ միջազգային հանրութեան ու մասնաւորապէս Եւրոմիութեան յստակօրէն պատասխանելու այս անընդունելի ուժի կիրառման: Սա ՙերկու կողմերուն՚ զսպուածութեան կոչեր յղելու ՙանատամ՚ յայտարարութիւններուն ժամանակը չէ: Ընդամէնը երկու շաբաթ առաջ էր, որ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը Պրիւքսէլի մէջ համաձայնութեան եկան` մէկ ամսուայ ընթացքին սկսելու աշխատիլ խաղաղութեան համաձայնագրի բնագրին վրայ: Կոչ կ՛ընեմ Պաքուինª չվատնելու այս պատմական հնարաւորութիւնը եւ առանց յապաղման վերադառնալու բանակցային սեղան՚, յայտարարած է Քալիւրանտ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԵԽ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԸ ԿՈՉ ԸՐԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Next Post

ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԸ 240 ՏՈԿՈՍՈՎ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼՈՒ

Next Post
ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԸ 240 ՏՈԿՈՍՈՎ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼՈՒ

ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԸ 240 ՏՈԿՈՍՈՎ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼՈՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.