Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ

September 13, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Համաշխարհային դրամատան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանի փոխնախագահ Աննա Պիերտենն ու անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Փաշինեան կարեւորած է Հայաստասնի եւ Համաշխարհային դրամատան գործընկերութիւնը, որուն 30-ամեակը կը լրանայ այս տարի Սեպտեմբերին, եւ որու ծիրին մէջ մեր երկրին մէջ կ՛իրագործուին տնտեսութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրներ` թէ՛ պետական, թէ՛ սեփական հատուածներուն մէջ: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ ՀՀ կառավարութեան ծրագրի առաջնահերթութիւններու շարքին են կրթութեան, ենթակառուցուածքներու, կառավարման, թուայնացման ոլորտներու բարեփոխումները, եւ անոնց յաջող իրականացման գործին մէջ Համաշխարհային դրամատունը Հայաստանի կարեւոր գործընկերներէն է:

Համաշխարհային դրամատան փոխնախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ վարչապետին բարձր գնահատականին համար եւ շնորհաւորած է փոխշահաւէտ գործընկերութեան 30-ամեակին առթիւ: Աննա Պիերտեն անդրադարձած է համատեղ ծրագիրներուն` արդիւնաւէտ գնահատելով անոնց ընթացքը եւ մեր երկրի տնտեսական յառաջընթացին բերած նպաստը: Ան նշած է, որ Համաշխարհային դրամատունը պատրաստակամ է շարունակելու օժանդակութիւնը ՀՀ կառավարութեան` գործունէութեան ծրագրով նախանշուած առաջնահերթութիւնները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ:

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են երկկողմ գործընկերութեան շրջանակին մէջ առ այսօր կատարուած աշխատանքներէն եւ միտքեր փոխանակած են անոր զարգացման հեռանկարներուն շուրջ: Երկուստեք կարեւորուած է կրթութեան, ենթակառուցուածքներու, դատաիրաւական, թուայնացման, առողջապահութեան, հանրային կառավարման եւ այլ ուղղութիւններով փոխգործակցութիւնը: Նշուած է հաստատութենական կարողութիւններու հզօրացման եւ մարդկային դրամագլուխի զարգացման ծրագիրներուն անհրաժեշտութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է կրթութեան ոլորտի բարեփոխման առաջնահերթութիւնը, քանի որ մարդկային դրամագլուխը կարեւորագոյն աղբիւրն է, եւ կրթութիւնն է որեւէ բարեկարգման յաջողութեան հիմքը: Վարչապետին խօսքով` այս տեսլականը դրուած է կառավարութեան ծրագրի հիմքին, որու իրականացման ուղղութեամբ ալ գործադիրը հետեւողականօրէն յառաջ կը շարժի: Բարեկարգումները յաջողելու ծիրին մէջ, կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է նաեւ հաստատութենական կարողութիւններու հզօրացման միտուած ծրագիրները` դատական ոլորտէն մինչեւ հանրային կառավարում:

Վարչապետ Փաշինեան երախտագիտութիւն յայտնած է Համաշխարհային դրամատան, դրամատան հայաստանեան գրասենեակին արդիւնաւէտ գործընկերութեան համար եւ վերահաստատած է կառավարութեան պատրաստակամութիւնը` զարգացնելու եւ հարստացնելու զայն փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նախաձեռնութիւններով:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 26-ՐԴ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻՆ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ 11-ՐԴՆ Է ՙԱՇԽԱՐՀԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ. 2022՚ ԶԵԿՈՅՑԻՆ ՄԷՋ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ 11-ՐԴՆ Է ՙԱՇԽԱՐՀԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ. 2022՚ ԶԵԿՈՅՑԻՆ ՄԷՋ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ 11-ՐԴՆ Է ՙԱՇԽԱՐՀԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ. 2022՚ ԶԵԿՈՅՑԻՆ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0

ԳԻՏԱԿԱՆ

March 18, 2023
ՔԱՆՈՆԱՀԱՐՈՒՀԻ ՄԱՐԻԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆՉԵՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ ԵՒ ԽՕՍԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

ՔԱՆՈՆԱՀԱՐՈՒՀԻ ՄԱՐԻԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆՉԵՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ ԵՒ ԽՕՍԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

March 18, 2023
ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

March 18, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱԹԷՆՔԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱԹԷՆՔԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

March 18, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.