Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 26-ՐԴ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻՆ

September 13, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 26-ՐԴ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻՆ

Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակի մէջ 20-28 Օգոստոսին ՙԹանգարաններու ուժը՚ խորագրի ներքոյ տեղի ունեցած է Թանգարաններու միջազգային խորհուրդի (ԻԿՕՄ) 26-րդ վեհաժողովը, որուն մասնակցած է նաեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, գերատեսչութեան փոխնախարար Ալֆրետ Քոչարեան ընդունած է Հայաստանի պատուիրակութեան անդամները` քննարկելու վեհաժողովին արդիւնքները եւ ձեռք բերուած համագործակցութեան հեռանկարները: Փոխնախարարը ողջունած է պատուիրակութեան անդամները` կարեւորելով նմանօրինակ միջազգային հարթակին Հայաստանի մասնակցութիւնը:

Հայաստանի պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած էին ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեամբ գործող թանգարաններու 18 ներկայացուցիչներ (Հայաստանի պատմութեան թանգարան, Հայաստանի ազգային պատկերասրահ, Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարան, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկ, Ռուսական արուեստի թանգարան, Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարան, Մատենադարան, Երեւանի պատմութեան թանգարան, Ժամանակակից արուեստի թանգարան):

Պատուիրակութեան անդամներուն տեղեկացմամբ` քննարկուած են առնուազն 4 միջազգային կոմիտէներու տարեկան վեհաժողովները Հայաստանի մէջ հիւրընկալելու հեռանկարները: Անոնք են` գրական եւ երաժշտահաններու թանգարաններու, ցուցադրութիւններու փոխանակման, երաժշտական գործիքներու եւ երաժշտական թանգարաններու, ինչպէս նաեւ անձնակազմի վերապատրաստման միջազգային կոմիտէները:

Քննարկուած է նաեւ 2028 թուականին վեհաժողովը Հայաստանի մէջ կայացնելու հնարաւորութիւնը` ակնկալելով պետութեան հովանաւորութիւնն ու աջակցութիւնը: Նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեան ըսած է, որ պետութիւնը կ՛ընէ ամէն ինչ` ոլորտի աշխուժութիւնը բարձրացնելու, աշխատողները խրախուսելու, ինչպէս նաեւ հնարաւոր ուղիներով բարձր ֆինանսաւորում ապահովելու նպատակով:

Վեհաժողովի հայաստանեան ներկայացուցիչները տեղեկացուցած են, որ ԻԿՕՄ-ի վտանգներու կառավարման եւ ռազմական թանգարաններու միջազգային կոմիտէներու կազմակերպած համատեղ նիստին ԻԿՕՄ Ատրպէյճանի նախագահը ներկայացուցած է հակահայ զեկոյց, ինչին ի պատասխան` ԻԿՕՄ Հայաստանի նախագահ Հայկ Մկրտչեանը կազմակերպիչ կոմիտէներուն յանձնած է Հայաստանի պատուիրակներու պատրաստած եւ ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութեան հետ համաձայնեցուցած բողոք-նամակը` ընդգծելով, որ արհեստավարժ հարթակը պէտք չէ վերածուի քաղաքականի: Ներկայացուած է նաեւ Արցախի մէջ ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւններու` մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման  վերաբերեալ զեկոյցը:

ԻԿՕՄ-ի վեհաժողովները տեղի կ՛ունենան իւրաքանչիւր երեք տարին մէկ եւ կը համարուին թանգարանային ոլորտի ամենակարեւոր մասնագիտական իրադարձութիւնը: Գլխաւոր համաժողովները փորձի փոխանակման, ոլորտի նորարար գաղափարներն ու հեռանկարները քննարկելու, ինչպէս նաեւ նոր կապերու հաստատման համար եզակի հնարաւորութիւն են: Վեհաժողովին մասնակցած են 115 երկիրներու թանգարանային ոլորտի շուրջ 3000 ներկայացուցիչներ:

Այս առումով վեհաժողովի հայաստանեան ներկայացուցիչները այցը գնահատած են դրական. ձեռք բերուած են շարք մը պայմանաւորուածութիւններ:

Վեհաժողովի ընթացքին ԻԿՕՄ-ի կողմէ հաստատուած է ՙթանգարան՚ եզրոյթի նոր սահմանումը, որու օգտին քուէարկած են նաեւ հայ պատուիրակները:

Share61Tweet38
Previous Post

ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒԱԾ ԵՆ ՄԱՔՍԱՅԻՆ ՀՍԿՈՂՈՒԹԵՆԷՆ ԹԱՔՑՆԵԼՈՎ ՕԾԱՆԵԼԻՔԻ ԵՒ ԾԽԱԽՈՏԻ ՆԵՐՄՈՒԾՄԱՆ ՈՒ ԱՐՏԱՀԱՆՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԵԿ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑԻՆ ԿԱՇԱՌՔ ՏԱԼՈՒ ԴԷՊՔԵՐ

Next Post

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ

Next Post
ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.