Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒԱԾ ԵՆ ՄԱՔՍԱՅԻՆ ՀՍԿՈՂՈՒԹԵՆԷՆ ԹԱՔՑՆԵԼՈՎ ՕԾԱՆԵԼԻՔԻ ԵՒ ԾԽԱԽՈՏԻ ՆԵՐՄՈՒԾՄԱՆ ՈՒ ԱՐՏԱՀԱՆՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԵԿ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑԻՆ ԿԱՇԱՌՔ ՏԱԼՈՒ ԴԷՊՔԵՐ

September 13, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒԱԾ ԵՆ ՄԱՔՍԱՅԻՆ ՀՍԿՈՂՈՒԹԵՆԷՆ ԹԱՔՑՆԵԼՈՎ ՕԾԱՆԵԼԻՔԻ ԵՒ ԾԽԱԽՈՏԻ ՆԵՐՄՈՒԾՄԱՆ ՈՒ ԱՐՏԱՀԱՆՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԵԿ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑԻՆ ԿԱՇԱՌՔ ՏԱԼՈՒ ԴԷՊՔԵՐ

ՀՀ Հակափտծութեան կոմիտէին մէջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հետ համատեղ աշխատանքի հետեւանքով նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջանակին մէջ բացայայտուած են Հայաստան օծանելիքի ներմուծման, ինչպէս նաեւ` երկրէն ծխախոտի արտահանման գործընթացին մէջ պատշաճ մաքսային հսկողութիւն չիրականացնելու եւ ապրանքները ՀՀ սահմանով անխոչընդոտ տեղափոխելու դիմաց պաշտօնատար անձ հանդիսացող ՊԵԿ աշխատակիցին կաշառք տալու դէպքեր:

Նախաքննութեան ընթացքին պարզուելած է, որ ՀՀ քաղաքացի, անհատ ձեռնարկատէր Ա. Խ.-ն ՀՀ ներմուծուող օծանելիքը մաքսային հսկողութենէն թաքցնելու եւ օրէնքով սահմանուած մաքսավճարները չկատարելու հարցով իրեն աջակցելու համար դիմած է իր ծանօթ` ՀՀ ՊԵԿ լիազօրութիւնները ժամանակաւորապէս կասեցուած պաշտօնատար անձ Ա. Մ.-ին: Վերջինս վերը նշուած հարցով Ա. Խ.-ին աջակցելու համար համաձայնութեան եկած է ՀՀ ՊԵԿ Մաքսային ծառայութեան իրաւասու պաշտօնատար անձի հետ, որն է, ընդունելով առաջարկը, յիշեալ ապօրինի գործողութեան համար պահանջած է 151.608 դրամին համարժէք 300 եւրօ կաշառք: Որպէս հետեւանք, ՙԶուարթնոց՚ օդակայանին մէջ մաքսային հսկողութիւն իրականացնող պաշտօնատար անձերու կողմէ անոր ուղեբեռին մէջ յայտնաբերուած է մաքսային յայտարարագրման ենթակայ օծանելիքը, սակայն կաշառք ստացած պաշտօնատար անձի միջամտութեան շնորհիւ չէ յայտարարագրուած:

Բացի այդ, Ա. Խ.-ն ՀՀ-էն 120 տուփ ծխախոտ անարգել արտահանելու հարցով աջակցութիւն ստանալու նպատակով կրկին դիմած է իր ծանօթ Ա. Մ.-ին: ՊԵԿ Մաքսային ծառայութեան իրաւասու պաշտօնատար անձը, որպէս կաշառք, այս անգամ պահանջած եւ ստացած է 120.000 դրամ` իւրաքանչիւր տուփ ծխախոտի համար 1.000 դրամ: Որպէս հետեւանք, Ա. Խ.-ն մեկնած է երկրէն` ուղեբեռին մէջ թաքցնելով արտահանելով 120 տուփ ծխախոտ:

Բացի այդ, Ա. Խ.-ն հերթական անգամ ՀՀ ներմուծուող օծանելիքն ու յարդարման պարագաները մաքսային հսկողութենէն թաքցնելու եւ օրէնքով սահմանուած մաքսային վճարումները չկատարելու հարցով աջակցութիւն ստանալու նպատակով դարձեալ դիմած է վերը նշուած անձերու: ՊԵԿ Մաքսային ծառայութեան իրաւասու պաշտօնատար անձը Ա. Խ.-ի օգտին յիշեալ ապօրինի գործողութեան համար, որպէս կաշառք, պահանջած է 120.000 դրամ, ինչ որ, սակայն, վերջինս չէ փոխանցած Ա. Մ.-ին, քանի որ յայտարարագրման ենթակայ օծանելիքն ու յարդարման պարագաները յայտնաբերուած եւ առգրաւուած են ՀՀ ՊԵԿ մաքսանենգութեան դէմ պայքարի վարչութեան աշխատակիցներուն կողմէ ՙԶուարթնոց՚ օդակայանին մէջ Ա. Խ.-ին պատկանող ուղեբեռի զննման ընթացքին:

Share61Tweet38
Previous Post

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՕԴԱՅԻՆ ԽԱԽՏՈՒՄ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 26-ՐԴ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻՆ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 26-ՐԴ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 26-ՐԴ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.