Լիբանանի Կրթական նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Իմատ Աշքար յայտարարեց, որ ըստ թիւ 515 օրէնքին, դպրոցները կրթաթոշակը պէտք է գանձեն լիբանանեան լիրայով: Ըստ Աշքարին, այն ինչ որ կը կատարեն կարգ մը մասնաւոր հատուածի դպրոցներ, հիմնելով օժանդակութեան սնտուկներ ԱՄՆ տոլարով, ապօրինի է: Ան նախատեսեց 75-էն 100 հազար աշակերտի միանալը պետական հատուածի դպրոցներուն« տնտեսական պայմաններու պատճառով: