Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ եւ զայն զգուշացուցած է Ուքրանիոյ Զապորոժիյէի հիւլէակայանին շուրջ տիրող վիճակէն: Փութին յայտնած է,որ ուքրանական ուժերու կողմէ շողարձակող աղբի ռմբակոծումը կրնայ ունենալ անկանխատեսելի հետեւանքներ: