Ըստ ՙԱլ Մայատին՚ պատկերասփիւռի կայանի աղբիւրներուն, սահմանագծումի հարցով ԱՄՆ-ի պատուիրակ Ամոս Հոքշթայն լիբանանցի պատասխանատուներուն յանձնած է այն ծովային քարտէսը, ուր կ’երեւին սահմանազատումը ճշդող կէտերը: Ան իր վերջնական առաջարկը պիտի ղրկէ յաջորդ շաբաթ: Ամերիկացի պատուիրակը, տեսակցելէ ետք հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին հետ, յայտնեց որ համաձայնութեան շատ կէտեր կան ու վերջնական համաձայնութիւնը կը կարօտի յաւելեալ ժամանակի: