Ararad Daily
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily
No Result
View All Result

ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ

September 12, 2022
in Յօդուածներ
0
ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ

ՙԱրարատ՚ օրաթերթը ՙԱնհետացող Արհեստներ՚ յօդուածաշարքով պիտի անդրադառնայ հայկական աւանդական, անհետացող կամ պարզապէս հետաքրքրական ու եզակի արհեստներու եւ այն մարդոց, որոնց ջանքերով կը պահպանուին անոնք:

 

ՙՀԱԶԱՐ ԹՈՆԻՐ ԱԼ ՍԱՐՔԵՄ, ՄԷԿԸ ՄԻՒՍԻՆ ՆՄԱՆ Չ՛ԸԼԼԱՐ՚

Արմաւիրի մարզի Բամբակաշատ գիւղին մէչ բոլորը կը ճանչնան թոնրագործ վարպետ Խաչատրեանները: Թոնրագործութեամբ այժմ կը զբաղի վարպետ Հայկը, որ արհեստի հմտութիւնները ժառանգած է հօրմէ: Չնայած հիմա պատուերները քիչ են, բայց վարպետը վստահ է, որ իր գործը անհրաժեշտ է, ու օր մը մարդիկ դարձեալ պիտի հասկնան թոնիր ունենալու կարեւորութիւնը:

 

Մեր տան մէջ թոնիրը ես սարքած եմ` 1972 թուականին: Տասը տարեկանէն սկսած եմ հետաքրքրուիլ թոնրագործութեամբ, երբ հայրս կը զբաղէր այս գործով: Ան թոնրագործութեամբ զբաղած է 1960-ականներուն: Որպէս հօրս օգնական շփուած եմ կաւի հետ: Վարպետ Վարդանը` հայրս, շատ աւելի մեծ հռչակ ունի, քան ես: Անոր դրած թոնիրները մինչեւ հիմա կան` 50-60 տարուան թոնիրներ: 1974 թուականէն, երբ աւարտեցի հիմնարկը, սկսայ զբաղիլ նաեւ այս աշխատանքով: Մասնագիտութեամբ անասնաբոյժ եմ, իսկ սա յաւելեալ գործ էր: Այն, ինչ հայրս ըրած է, նոյնը ես կը շարունա,կեմ, միայն թոնիրի շուրթերը նկարազարդելով գծիկ մը պակաս կը դնեմ, որ տարբերի. նախշեր են` սար ու ձոր ու մէջը գծիկներ:

Երբ թոնիր կը սարքուէր օճախին մէջ, այդ օճախը, այդ տունը կարծես կը կնքուէր: Կարծես տուեալ տան մէչ երեխայ ծնած էր: Ամբողջ ընտանիքին համար բարիք կը ստեղծէր, եւ այս մեծ ուրախութիւն էր այդ ընտանիքի անդամներուն համար: Յատկապէս տարեցները կ՛երգէին, կ՛ուրախանային, կատակնէր կ՛ըսէին, մասալաներ: Կը բերէին տարբեր տեսակի քաղցրաւենիքներ, կը նշէին: Շատ տեղերու մէջ դրամ կը դնէին թոնիրին տակ: Հինէն եկած աւանդոյթներ կան, բայց այսօրուան սերունդը կարծես անոնց նշանակութիւն չի տար:

 

Նախկինումապէս թոնրագործութեամբ զբաղած են մեր մեծ մայրիկները, ոչ թէ մեծ հայրիկները: Սա այնպիսի գործ չէ, որ մտածես` աղջիկը չի կրնար ընել: Թոնիր պատրաստելը եղած է կանացի գործ: Ամէն գիւղին մէջ մեծ մայր մը եղած է` հռչակուած, անունով, այդ տատիկը թոնրագործը եղած է: Եթէ ես այսօր մէկ թոնիրը կը պատրաստեմ 6-8 ժամուան մէջ` պատրաստման նոր եղանակներով, այն ժամանակ մարդիկ օրը 10-15 սմ կրցած են շարել: Մեծ մայրերը եկած են, երգած, պարած, կերած-խմած, բամբասանք ըրած են կամ լաւ-լաւ բաներ խօսած են: 10-15 օրուան ընթացքին այդ մեծ մայրիկը կրած է թոնիր սարքել:

 

Այդ տեսակ մասնագիտութիւն չէ, որ թելով, հարթաչափով կամ ինչ-ինչ գործիքներով կատարուի. Աչքի, տեսողութեան հետ կապուած գործ է: Ահագին հետաքրքրական մասնագիտութիւն է, շատ հետաքրքրական: Ամէն մարդ չէ, որ այս գործին համար ծնած է, որ կարենայ այդ ընել, բայց մարդ ալ կայ, որ անով զբաղած ալ չըլլայ, սուր աչք ունենայ, հասկացողութիւնը տեղը ըլլայ, հաստատ կ՛ընէ: Պիտի մեծ փորձ ունենաս, որ կարենաս ցեխը նոյն օրը բարձրացնես վերեւ: Կը պատահի, որ թոնիր կը դնեմ, տան հիւրերը, որ հաւաքուած կը նային, կ՛ըսեն` վայ վարպետ, ինչպէ՞ս պիտի վերջացնես մէկ օրուան մէջ, շուրթերը ինչպէ՞ս պիտի զարդարես, ի՞նչ պիտի նկարես վրան, կ՛ըսեմ` կ՛ըլլայ, ամէն ինչ էլ կ՛ըլլայ, ինչ կ’ուզէք, այն ալ կը նկարեմ, չէ` ես իմ ձեւս ունիմ շուրթերը գեղեցկացնելու: Անպայման կը նշեմ, թէ որ օրը սարքուած է` ամիս, ամսաթիւ, տարեթիւ: Յաճախակի կը գրեմ` ՙես իմ Մասիս սա՛րն եմ սիրում՚ ու Մասիս սար կը նկարեմ:

Թոնիրի պատրաստման հիմնական հումքը կաւն է եւ աւազը: Կախուած է անկէ, թէ ինչքան կաւը յագեցած է աւազահումքով, աւազաշերտով: Եթէ կը զգաս, որ աւազը բաւարար է, պէտք չէ որեւէ բան աւելցնել: Օրինակ` մեր` Արարատեան դաշտավայրի կաւին անպայման պէտք է աւազ խառնուի` եօթը դոյլ կաւ, մէկ դոյլ աւազ: Ընդամէնը կ՛օգտագործուի 21 դոյլ  կաւ, 3 դոյլ աւազ: Կաւը աւազի հետ կը շաղախուի, կը թրջուի, կը ձգուի մօտ երեք-չորս օրէն մինչեւ մէկ շաբաթ: Ինչքան երկար մնայ, այնքան որակը կը բարձրանայ: Կաւի հետ հիմնականին մէջ կարելի է աշխատիլ գարնան եւ աշնան, բայց չի խանգարեր նաեւ ամրան: Ամրան համար ալ պայմաններ կը ստեղծենք, որ չճաթի` կը ծածկենք թոնիրը. որ բաց կ՛ըլլայ, շատ արագ կը չորնայ ու կը սկսի ճաթիլ:

 

Շատ հետաքրքրական է տրորելու գործընթացը: Մենք ընդհանրապէս տրորած ենք ոտքով, մեխանիկական որեւէ միջոց չենք օգտագործած: Շատ-շատ տեղեր մեխանիկօրէն կատարած են, ինչ-որ բաներ յօրինած են, սարքած են, անով տրորած են: Ոտքով տրորելու տարբեր ձեւեր կան, ես հիմնականին մէջ կը կիրառեմ սանրանման տրորելու ձեւ

ը` ոտքերդ իրար կողք-կողքի պիտի խփես, յետոյ մէջտեղէն իջեցնես` հրման եղանակով: Անընդհատ, քանի մը անգամ պէտք է հաւաքես իրար վրայ, այնքան որ դառնայ միասեռ զանգուած. որեւէ գնդիկ պիտի չըլլայ:

 

Յետոյ կաւը աւանդական ձեւով կը տեղափոխենք այն տուն, ուր պիտի պատրաստուի թոնիրը: Տանտէրը արդէն գիտէ պայմանները, նախօրօք կը պայմանաւորուինք: Մէկ անգամ իրենք պիտի թարմացնեն այդ կաւը, տրորեն, ապա ստանան քառակուսի գունդեր` պանիրի գլուխներու պէս: Այդ գունդերը մետաղալարով կը կտրենք` մէկ գունդը երեք-չորս մասի բաժնելով: Կը դառնայ 12-14 կտորնոց զանգուած: Կանայք, տղաները կը նստին յատուկ սեղաններու շուրջ, կը սկսին պլուլել: Այս եղանակով կաւը երշիկանման տեսքի կը բերենք, որ կը կոչուին լոլեր, ու կը շարենք թոնիրի փոսին շուրջը: Թոնիրին տակը նախօրօք պատրաստած կ՛ըլլամ աղիւսով, որ աւելի ջերմակայուն է, որմէ յետոյ օդանցքի խողովակը կը դնեմ, որ հետագային օդը բաւարարէ. առանց անոր անհնար է թոնիրը վառել: Ես կը մտնեմ ներսը ու կը սկսիմ շարելը այդ լոլերու միջոցով:

 

Կը շարուի ե՛ւ ներսէ, ե՛ւ դուրսէն, հարթեցման հոլովոյթ կը կատարուի: Դուրսէն այդքան կարեւոր չէ, ներսէն է կարեւորը, որ հարթ ըլլայ: Այդպէս կը բարձրանամ վերեւ` 1 մեթր 30 սմ, 1 մեթր 20 սմ: Ամէն թոնիր իւրայատուկ ձեւով ինքը իր տեսքով կը պատրաստուի` կախուած խորութենէն, լայնութենէն, տանտիրոջ պահանջէն: Ամէն թոնիր իր տեսքը կը ստանայ. որ հազար հատ ալ թոնիր սարքեմ, մէկը միւսին նման չէ, որովհետեւ ձեռքի գործ է:

 

Թոնիրը անպայման կը ծածկուի բամպակեայ շորերով: Այն իրաւունք չունի շատ արագ չորնալու. պիտի ծածկենք, որ դանդաղօրէն խոնաւութիւնը դուրս տայ, որպէսզի ճաթռտուքներ չառաջանան: Անկէ 40 օր յետոյ, թերեւս 10 օր աւելի կամ պակաս, այն արդէն չոր է:

 

Եթէ կը տեսնեմ, որ թոնիրը չոր է, կը սկսիմ թրծման հոլովոյթը: Թրծումը կը կատարուի աթարով` տաւարի գոմաղբով: Երկու ցան կը վառեմ, կը նետեմ, ու կը սկսինք լեցնել մէջը: Կը սկսի ինքն իրենով դանդաղ այրիլ« եթէ շատ արագ այրի, կը ճաթի: Այն աստիճանի կաւէն պատերը կը կարմրին` կարծես երկաթը շիկացած ըլլայ: Մինչեւ յաջորդ օրը առաւօտ դանդաղ կը վառիը: Եթէ արագ սառեցաւ, նոյնպէս կը ճաթի: Պիտի թողես ինքը սառի` 2-3 օրուայ ընթացքին, որմէ յետոյ է որ տանտէրը կրնայ բացենալ, մէջի եղած մոխիրը հանել ու արդէն հացը թխել:

 

Թոնրագործութեամբ կը զբաղին ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ամբողջ աշխարհի մէջ: Շատ ազգերու մէջ սա աւանդական օճախ եղած է, ամէն ազգ նպատակի մը համար օգտագործած է: Բայց իմ սարքածը լրիւ այլ բնոյթի է` ունի գոգաւորութիւն, որ շատ բարենպաստ է ջերմութիւնը երկար պահելու եւ պատերը տաքցնալու համար: Մեր մօտ ալ` լեռնային շրջաններու մէջ, փոքրիկ կը սարքեն` 80-90 սմ բարձրութեամբ, բայց Արարատեան հա

րթավայրին մէջ ահագին խոր են թոնիրները. անոր մէջ ալ իմաստ կայ` ինչքան խոր, այնքան ջերմակայուն, հինգ հացի փոխարէն վեց հաց կը տեղաւորուի թոնիրին մէջ:

 

80-ական թուականներուն պատուէրներ շատ կային, գործի մեծ պահանջ կար: Գարունը նոր սկսած մինչեւ ուշ աշուն այս գործը կը կատարուէր, հիմա, կարելի է ըսե, շատ քիչ է, սպառած է` 2-4 պատուէր` ամբողջ տարուան կտրուածքով: Հիմնականին մէջ կը պատուիրեն գիւղացիները: Այս տարի երկու պատուէր եղած է կողքի գիւղէն: Ուրախացայ, որ գիւղացի մարդը եկած, թոնիր կ՛ուզէ` հին աւանդական եղանակով, որ իրենք կրնան տրորել, պլուլել, կողքս նստին, օգնեն: Ես պայմանները նախօրօք կը դնեմ, որ չըսեն` ինչու այսպէս եղաւ: Նաեւ ուրախացուց, որ ըսաւ` հայրդ մեզ համար թոնիր սարքած է վաթսունքանի թուականին, մենք գիտենք, որ դուն ալ նոյն ձեւով կը սարքես, անոր համար եկած ենք:

Բայց վերջերս պատուիրատուները աւելի շատ ոչ թէ գիւղացիներն են, այլ` ճաշարանատէրերը: Նորաձեւ բան դարձած է, անոնք կը սարքեն, որ յաճախորդներ շատ ունենան:

 

Կազի թխած հացը պիտի չունենայ մեր կաւի, արքատի վառած համը, որ հացին կը փոխանցուի: Այսօր մարդիկ կրնայ ըլլալ անցած են թխման այլ եղանակներուն, բայց պիտի գայ ժամանակ, պիտի հասկնան, որ պէտք է հին աւանդական մեթոտները օգտագործել, որ մեզի փոխանցուած են մեր պապերէն: Այսօր, ճիշդ է, շահոյթը մեծ է, մարդիկ չեն հասկնար, բայց վաղը միւս օրը այդ իրենց կեանքէն դուրս պիտի գայ:

 

Ուր թոնիր կը դնեմ, այդ տան երիտասարդներուն կ՛ըսեմ` երեխե՛ք ջան, ուշադիր նայեցէք, սորվեցէք, ձեզի պէտք կ՛ըլլայ: Ամբողջ Հայաստանի մէջ 3-4 մարդ գիտեմ, որ կը զբաղին թոնրագործութեամբ, որմէ մէկը մեր ընտանիքն է: Կ’ուզէի, որ մեր երիտասարդները այս գործով զբաղին. չէ՞ որ սա մեր պապական արհեստն է կամ, ինչու չէ, արուեստը:

Երէկ հետաքրքրական բան ըրած եմ: Սարքած եմ չարխ` կաւագործութեան համար, որ կուժ ու գուլայ կը սարքեն: Թոռնիկներս այստեղ են` Հայկն ու Կարինէն: Երէկ առաջին անգամ ըլլալով իմ ցուցումներով թոռնիկներս իրենց առաջին կաւէ աշխատանքներն ըրած են: Ես կը զգամ, որ մէկ թոռնիկս պիտի դառնայ վարպետ: Այդ մեր ծիներով կու գայ, մեծ հօրս մեծ հայրն ալ արհեստաւոր եղած է` պատշար, քարտաշ: Այն, ինչ որ բնազդներով կու գայ, անկէ ուզես-չուզես, չես փախչիր, մէկ է` մէկը պիտի ընդօրինակէ:

Ես երեխաներուն մէջ կը սերմանե, որ կաւը սիրեն, կաւի հետ աշխատին: Բան մը որոշած եմ ընել` անապահով ընտանիքի երեխաները, որոնք գումար չունին վճարելու, թող գան, անվճար սորվեցնեմ արհեստը: Թէ՛ իրենց համար հացի խնդիր կը լուծուի, թէ՛ ալ ազգային արժէք է, կը պահպանուի:

 

www.mediamax.am

(2017)

 

1) Վարպետ Հայկը

3) Վարպետին պատրաստած. դեռ չչորացած թոնիր

4) Վարպետին տան բակը` կաւէ իրերով

5) Վարպետ Հայկին պատրաստած չարխը

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԳԻՏԱԿԱՆ

Next Post

ՀՈՔՇԹԱՅՆ ՅԱՆՁՆԵՑ ՔԱՐՏԷՍԸ

Next Post
ՀՈՔՇԹԱՅՆ ՅԱՆՁՆԵՑ ՔԱՐՏԷՍԸ

ՀՈՔՇԹԱՅՆ ՅԱՆՁՆԵՑ ՔԱՐՏԷՍԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

July 8, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

January 26, 2023
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

January 26, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

January 5, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

January 5, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.