Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳԻՏԱԿԱՆ

September 10, 2022
in Գիտական
0
ԳԻՏԱԿԱՆ

ՀԱՅ ՄԵԾ ՊԱՏՄԱԲԱՆ

ՀԱՅՈՑ ՀԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏª

ԱՐՏԱԿ ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ (1970 – 2020)

Հայ մեծ պատմաբան, հայ հին պատմութեան մասնագէտ: Ան էր, որ իր երկերով հարստացուց հայ հին պատմագիտութիւնը: Խօսեցաւ ՙԱրատտա՚ անունով քրմապետութեան մը մասին, որ կ’իշխէր հայկական բարձրաւանդակին վրայ: Մարդիկ, որ դրացի շումերները կը կոչէին ՙԲարի քուրմեր՚ եւ անոնց հետ առեւտրական զարգացած կապեր ունէին, օգտագործելով Եփրատ եւ Տիգրիս գետերը: Արտակ Մովսիսեանը այն խիզախ քիչերէն էր, որոնք մեր պատմութիւնը ազատագրեցին օտարի աղբիւրներէն եւ օժանդակեցին հայկական պատմագիտութեան զարգացումին, երթալով Ուրարտուի պետութենէն շատ առաջ, մինչեւ 27-րդ դար Քրիստոսէ առաջ:

Արտակ Մովսիսեան Երեւանի պետական համալսարանի Հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչն էր, արեւելագէտ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր էր, փրոֆեսոր: Ան Գիտութեան ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան դպրոցի աւագ գիտաշխատող էր: Ծնած էր Աբովեան քաղաքին մէջ:

Մովսիսեանի ուշադրութեան կեդրոնը միշտ հանդիսացած է Հայաստանի հին պատմութիւնը, այսինքն Ուրարտական թագաւորութենէն առաջ կամ Ք.Ա. 9-րդ դարէն առաջուան Հայաստանը: Դժուար նիւթ մը, որ քիչեր համարձակած են սերտել, նկատի ունենալով դժուարամատչելի աղբիւրները, որոնց մեծ մասը հին ժողովուրդներու սեպագիր արձանագրութիւններ են կաւէ սալիկներու կամ ժայռերու վրայ:

1997 թուականին պաշտպանած է իր մագիստրոսի թեզը, որ կը կոչուէր ՙՎանի Թագաւորութեան Մենագրութիւն՚: Մասնակցած է շարք միջազգային գիտաժողովներու: 2015 թուականին պաշպանած է դոկտորական իր աւարտաճառը, իբր նիւթ ունենալով ՙՀայաստանի Գրաւոր Մշակոյթը Նախամաշտոցեան ժամանակաշրջանին՚:

Արտակ Մովսիսեան հեղինակ է տասնեակ մը պատմական ուսումնասիրութիւններու, ինը վաւերագրական ժապաւէններու եւ քառասունի հասնող գիտական յօդուածներու: 1992 թուականին իր լոյս ընծայած գիրքը` ՙՀնագոյն Պետութիւն Հայաստանում Արատտա (Ք.Ա.28-27-րդ դարեր)՚ը կը մնայ Մովսիսեանի գլուխգործոցը իր պատմական աղբիւրներով եւ փաստերով, հայկական բարձրաւանդակին վրայ հաստատուած հայկական ամենահին պետութեան մասին:

Արտակ Մովսիսեան օգտագործած է մեր դրացի շումերներու գրականութիւնը որպէս աղբիւր հասնելու համար ՙԱրատտա՚ քրմապետութեան մասին տեղեկութիւն հաւաքելու: Գիտականօրէն փաստելու համար անոր գոյութիւնը Քրիստոսէ առաջ 28-րդ դարէն սկսեալ:

Արատտա պետութեան մասին առաջին յիշատակումը տեղի ունեցած է շումերական դիւցազնավէպերուն (epic) մէջ: Հին ժողովուրդներու պատմութեան մէջ, դիւցազնավէպը ունեցած է իր կարեւոր դերը` բացատրելու համար այդ շրջանի ժողովուրդներուն պատմութիւնը, մարդ-մարդ եւ մարդ-աստուած յարաբերութիւնները: Շումերական դիւցազնավէպը կը բաղկանար ինը վիպերգերէ, որոնցմէ հինգը տեղեկութիւն կը պարունակէին Արատտա պետութեան մասին: Այս մշակութային կոթողները կը պահուին կաւէ սալիկներու վրայ, որ այն ատենուան թուղթն էր:

Նշանաւոր աքքատական-շումերական ՙԿիլկամէշը եւ Անմահներու Երկիրը՚ վիպերգին մէջ կը տեսնենք առաջին յիշատակումը Արատտա պետութեան: Շումերներու երկրի Կիլկամէշ իշխանը կ’ուզէ հասնիլ անմահութեան եւ կը յայտարարէ, թէ այդ ճամբորդութիւնը պէտք է կատարէ դէպի ՙանմահ քուրմերու երկիրը՚:

Արատտա պետութեան գոյութեան ժամանակաշրջանը Մովսիսեան կը հաստատէ հետեւեալ հետաքրքրական ձեւով: Վիպերգերուն մէջ յիշուող շումերական քաղաք-պետութիւնները կը կազմէին առանձին քաղաքական միաւորներ: Կը կառավարուէին ՙԷն՚ կամ ՙգերագոյն քուրմ՚ մակդիրը կրող քրմապետերու կողմէ: Կառավարիչները հաշուետու էին քաղաքի Աւագներու խորհուրդին: Այս տիպի կառավարիչներ կախեալ էին Աւագներու խորհուրդէն: Այս իշխանութեան ձեւը շատ աւելի հին էր աքքատական պետութեան միապետական համակարգէն, ուր միապետը ունէր բացարձակ իշխանութիւն, Քրիստոսէ 23-էն 21 դար առաջ: Այս իշխանութեան ձեւը նաեւ աւելի հին էր Միջագետքի հին թագաւորութիւններու երրորդ փուլէն կամ Քրիստոսէ 25-էն 23 դար առաջ: Ուրեմն, վիպերգին մէջ յիշուող ժամանակաշրջանը կը համապատասխանէր Միջագետքի հին թագաւորութիւններու առաջին կամ երկրորդ փուլին, այսինքն Քրիստոսէ 28-էն 25 դար առաջ: Ուրեմն, ըստ Արտակ Մովսիսեանի վերլուծումին, Արատտա պետութիւնը գոյութիւն ունէր Քրիստոսէ 28 դար առաջ:

Արատտա քրմապետութեան հիմնադրութեան ժամանակաշրջանը ճշդելէ ետք Ք.Ա. 28-րդ դար, Մովսիսեան անցաւ պետութեան վայրի ճշդումին, ըստ հին ժողովուրդներու արձանագրութիւններուն: Ըստ շումերական ՙԼուկուլպանտան եւ Խուռում լեռը՚ վիպերգին, Շումերէն Արատտա տանող ճամբան կ’անցնէր Խուռումով: Խուռումը խուռի ժողովուրդի երկիրն էր եւ կը գտնուէր Վանայ լիճի հարաւարեւելեան կողմը: Այդ ճամբան շարունակելու պարագային կը մտնենք Վանայ լիճի աւազան կամ հայկական լեռնաշխարհ:

Աքատական ՙԿիլկամէշ եւ Անմահներու երկիրը՚ դիւցազնավէպին մէջ Կիլկամէշ իշխանին ճամբորդութեան հիմնական նպատակը ջրհեղեղէն ետք անմահներու երկիր հասնիլն էր: Ջրհեղեղէն փրկուած Ուտնափիշտիմը կը պատմէ, որ իր նաւը կանգ առաւ Նիցիր լերան վրայ. ուր աստուածները ժողով գումարեցին եւ որոշեցին անմահութիւն շնորհել փրկուածներուն ու մարդկութեան` կեանք: Ք.Ա. 24-րդ դարուն պատրաստուած շումերա-աքատական քարտէսի մը վրայ կը պահուի ՙԱստուածներու ժողովի լեռ (երկիր) տեղանունը, որ կը համապատասխանէ Եփրատ եւ Տիգրիս գետերու ակունքին մէջ գտնուող լեռնային երկրին` Հայաստանին: Իսկ Կիլկամէշ իշխանին իր ճամբուն վրայ յիշած Մաշու լեռները իրականութեան մէջ կը համապատասխանեն Մասիս կամ Մասիոն լեռներուն:

Այսպիսով, շումերական-աքատական աղբիւրներու մէջ յիշուած ՙսուրբ օրէնքներու՚ եւ ՙանմահներու՚ երկիր Արատտան, ջրհեղեղէն փրկուածներուն ապաստան ծառայած Նիցիր լեռը եւ ՙԱստուածներու լեռը՚ կը գտնուին Եփրատ եւ Տիգրիս գետերուն ծնունդ տուող լեռնաստանին կամ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ:

Շումերական-աքատական եւ Արատտայի երկրին մէջ ապրող ժողովուրդներու միջեւ հիմնական կապը եղած է նաեւ դիցաբանութիւնը: Այդ հին ժողովուրդները ունեցած են նման դիցաբանական դաս, որ կը բխէր շրջանի ժողովուրդներու կրօնական փիլիսոփայութենէն:

 

ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՐՑԵՐ ԼՈՒԾԵԼՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Դարերէ ի վեր Արեւմուտքը այն փարոսն էր, որ կ’ուղղէր բոլոր նաւերը աշխարհի: Անոր յաջողութեան պատճառներէն ամենակարեւորն էր եւ է լաւ, ուսեալ եւ բանիմաց քաղաքացի ունենալը: Հռոմ իր յաջողութեան գագաթնակէտին հասաւ, երբ Հռոմի քաղաքացին կը միանար Հռոմի լեգէոններուն ու կը կռուէր իր հայրենիքին համար: Օրէնսդիրը լաւ օրէնքներ կը հրապարակէր: Երբ այս բոլոր վերջ գտան եւ լեգէոնները սկսան բաղկանալ օտար վարձկաններէ, այն ատեն ալ սկսաւ Հռոմի անկումը: Ուրեմն ուսեալ, բանիմաց, օրէնքը յարգող քաղաքացին է, որ կը դառնայ պետութեան մը յաջողութեան գործօնը:

Պետութեան մը կրթական համակարգը կը դաստիարակէ լաւ քաղաքացիներ, երբ անոր մէջ կը սերմանէ ազգային ոգի, հաւատք եւ հարցեր լուծելու կարողութիւն: Կանուխ տարիքէն աշակերտը պէտք է սորվի մտածել տուփէն դուրս, այսինքն իրեն տրուին տրամաբանական խնդիրներ, որոնց լուծումին հասնելու համար, ան պէտք է օգտագործէ վերլուծում եւ տրամաբանութիւն: Կաղապարուած մտածելակերպը մեզ կը տանի դէպի անկում: Որպէս դաստիարակ, մենք մեզի հարց տանք, թէ հայ աշակերտը ի՞նչ չափով պատրաստ է կաղապարէն դուրս մտածելու, անշուշտ յարգելով խիղճի, հաւատքի եւ ազգային ոգիի սահմանները:

 

ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՎԱԽԻ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ – Ա. ՄԱՍ

Հազարաւոր տարիներէ ի վեր մարդը շատ բան կը պարտի վախի զգացումին, իր մշակոյթը զարգացնելու համար: Սկսելով նախամարդէն, ան ապրած է քարայրներու մէջ, վախնալով գիշատիչ անասուններէ: Երբ դուրս սկսած է ելլել քարայրէն, իր բնակարանը կառուցած է բարձր տախտակամածի վրայ ու զայն շրջապատած է ցանկապատով, հեռու պահելու համար գիշատիչ անասունները: Մարդու զարգացումը զինք հասցուցած է քաղաքներու կռուցումին, հաստ բարձր պարիսպներով շրջապատուած, իրմէ հեռու պահելու համար ամէն թշնամի եւ գիշատիչ անասուն: Նոյն այդ վախին պատճառով նախամարդը պաշտած է բնութեան ուժերը` հովը, կայծակը, ծովը ու շատ մը այլ էութիւններ, ինքզինք պաշտպանելու համար անոնց վնասէն կամ ուժէն:

Մինչեւ հիմա վախը այն միջոցն է, որ կ’օգտագործուի մարդուն բանականութիւնը տկարացնելու եւ զայն հլու-հնազանդ ծառայ դարձնելու համար: Կառավարութիւններ կ’օգտագործեն մարդուն վախի զգացումը` զայն կարենալ կամակատար դարձնելու համար: Ամենամեծ վախը մահուան վախն է: Ամենազօրաւոր անհատականութիւն ունեցող մարդն անգամ իր ենթագիտակցութեան մէջ ունի վախի բարդոյթը:

 

Աղբիւր` ՙPsychology of Fear՚

 

 

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ

ԽԶ. ՄԱՍ

Այս շարքով պիտի շարունակենք ներկայացնել Արեւմտեան Հայաստանի հարցին վերաբերող պատմութեան ծալքերը ու անոնց վերլուծումը: Ներկայացնելէ ետք փանթուրքիզմ շարժումի հիմնադիրները, որոնք մեծամասնութեամբ սիոնիստ հրեաներ էին, պիտի շարունակենք ներկայացնել թէ որո՞նք հովանաւորեցին փանթուրքիզմը եւ ի՞նչ նպատակներու համար:

Անգլիոյ մէջ Պարսկաստանի դեսպան Մելքում Խան` թակարդուելով Հերցըլի կողմէ, 1896-ին, ջարդերու արիւնը դեռ չչորցած, Սասունի մէջ, կը յայտարարէր` ՙՊաղեստինի մէջ հրէական պետութեան մը ստեղծումը դրական հետեւանքներ կ’ունենայ Հայաստանի ապագային համար…՚, առաւել գրգռելով սուլթանը հայութեան դէմ, որ կը մերժէր Պաղեստինը վաճառել սիոնական շարժումին…, մինչ սիոնիստ քարոզիչներ, նոյն օրերուն, ինչպէս` Արմինիուս Վանպերի, Լէօն Քահիւն եւ Քոնսթաթի Պոռժեցքի եւրոպական մամաուլը կ’ողողէին հակահայ գարշահոտ լուտանքներով եւ կը շեշտէին, որ հայկական ամէն նուաճում պէտք է դիտել որպէս Ռուսիոյ դիրքի զօրացում` եւ Անգլիոյ շահերու անգոսնում (ճիշդ այնպէս` ինչպէս Թրումընեան վարդապետութիւնը` հակա-հիթլերական կամ Բ. Աշխարհամարտի վաղորդային, ՙցուրտ պատերազմ՚ի հռչակումին հետ` հայկական հողային ամէն պահանջ  կը նկատէր որպէս Խ. Միութիւնը զօրացնելու եւ Արեւմուտքը տկարացնելու նպաստող քայլ…):

(Շարունակելի)

Աղբիւր` ՙՍիոնիզմի եւ Բանթուրքիզմի Առնչութիւնները՚, Մեթր Գ. Տէրտէրեան, 1990

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

 

ԳՈՐՈՆԱՅԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐՈՂ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐԸ

Խումբ մը հետազօտողներ ՙՍանֆըրտ Պըրնհէմ՚ գիտահետազօտական կեդրոնէն կատարած են հետազօտութիւն մը` ճշդելու համար այն ծիները (genes), որոնք առաջին պայքարողներն են Գորոնա ժահրին դէմ, երբ ան փորձէ մտնել բջիջներուն մէջ: Այս ծիներու ճշդումը պիտի դիւրացնէ գործը հետազօտողներուն, որոնք կը փորձեն ճշդել ժահրին դէմ պայքարող առաջին շարքի ծիներուն դերը:

Այս առաջին շարքի ծիներու կամ ՙinterferon՚-ներու կատարած գործը կը ճշդէ, թէ ժահրէն վարակուած անձը ինչ ձեւով պիտի պայքարի ժահրին դէմ: Վարակումը թեթե՞ւ ձեւով պիտի անցընէ, թէ՞ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ: Երբ այս ծիները լաւ ձեւով աշխատին, վարակումը կ’անցնի թեթեւ ձեւով, հակառակ պարագային վարակուած անձը կը տառապի:

 

Աղբիւր` ՙhttps://www.sciencedaily.com՚

ՄՇԱԿՈՅԹ

ՈՒՇ ՄԻՋՆԱԴԱՐՈՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ

ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ – Ը. ՄԱՍ

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի կամ Կլայեցի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետութեան ամենաբեղուն ու լուսաւոր հայրապետներէն մէկն է:

Հոս կը մէջբերենք Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին ՙՆախադրութիւնք` Խրատական՚ը, որ գրած է ՙՀաւատով Խոստովանիմ՚ աղօթքին սկիզբը.

ՙԱհա մենք վերցուցինք պատճառը, տալով այս աղօթքը, որպէսզի չըսեն թէ աղօթել չգիտենք, չենք կրնար: Անոնք թող գիտնան սակայն, թէ սատանան` մեր ամէն բարի գործերէն աւելի, կը ջանայ մեր աղօթքի պահը խափանել, որովհետեւ ան գիտէ աղօթքո՛վ միայն կը հալածուի մեզմէ, եւ աղօթքո՛վ է որ Աստուած կը բնակի մեր մէջ՚:

Միայն ՙՀաւատով Խոստովանիմ՚ աղօթքը բաւարար է վարկ բերելու համար սիրելի Հայրապետին: Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել աղօթքին գրաբար եւ աշխարհաբար տարբերակները:

Հաւատով Խոստովանիմ

Կամեցող բարեաց, Տէր կամարար, մի՛ թողուր զիս ի կամս անձին իմոյ գնալ, այլ առաջնորդեա՛ ինձ լինել միշտ ըստ կամաց քոց բարեսիրաց. եւ ողորմեա քո արարածոց ե՛ւ ինձ` բազմամեղիս:

Բարիք կամեցող եւ կամարար Տէր, մի՛ թողուր որ ես իմ անձնական կամքիս համաձայն ընթանամ, այլ առաջնորդէ՛ զիտ որ միշտ Քու բարեսէր կամքիդ համաձայն քալեմ. եւ ողորմէ՛ Քու արարածներուդ  ե՛ւ ինձ` բազմամեղիս:

 

(Շարունակելի)

 

ՙՀայոց Հին Գրականութեան Պատմութիւն՚, Մանուկ Աբեղեան, Տպ. Սեւան, 1968

 

 

ՆՈՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

ՈՒԻՆՏՈԶԻ ՕԳՏԱԿԱՐ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ

Եթէ կ’ուզէք ծրագիրներ, որոնք կ’աշխատին առանց ՙinstall՚ ընելու, ուրեմն դուք պէտք ունիք այս ծրագիրներուն, որ կրնաք դնել ձեր տիսքին վրայ եւ աշխատցնել առանց ՙinstall՚ի վրան սեղմելով: Սկսինք սերտել այդ ծրագիրները:

Առաջին ծրագիրն է ՙSnipaste՚ը, որ օգտագործելով կրնաք ձեր պաստառին վրայի տեղեկութիւնը պահել ՙscreenshot՚ ընելով:

 

Աղբիւր` ՙwww.makeuseof.com՚

 

Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԻԱԲԱՆ ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ՎԻԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՔԱԶԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԵՀԽ ՓՈԽԱՏԵՆԱՊԵՏ

Next Post

ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ

Next Post
ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ

ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.