Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 11-րդ ընդհանուր համաժողովի ընթացքին 120 երկիրներ ներկայացնող ԵՀԽ Կեդրոնական կոմիտէի անդամները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան գերաշնորհ Տ. Վիգէն արքեպիսկոպոս Այքազեանը ընտրեցին ԵՀԽ փոխատենապետ:
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ատենապետը եւ երկու փոխատենապետները գլխաւոր քարտուղարին հետ միասին կը ղեկավարեն ԵՀԽ Կեդրոնական կոմիտէն` վարելով Կեդրոնական եւ Գործադիր կոմիտէներու նիստերը: