Գերմանիոյ Գառլսռուէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 11-րդ ընդհանուր համաժողովը, որուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեամբ կը մասնակցի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական պատուիրակութիւնը, հանդէս եկաւ Արցախի, արցախահայութեան եւ անոր հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ յայտարարութեամբ:
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ 2020 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ
Ի հետեւումն 2020 թուականի աշնան Լեռնային Ղարաբաղի/Արցախի համար մղուած վեց շաբաթ տեւած ծանր պատերազմին` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) գործադիր յանձնախումբը ընդունեց յայտարարութիւն` աղօթելով իմաստութեան, միասնութեան ու հանդարտութեան համար եւ սգալով բոլոր անոնց հետ, ովքեր ՙսարսափելի կորուստներ կրած են ոչ միայն Սեպտեմբեր 27-էն ի վեր վերստին սանձազերծուած պատերազմին, այլեւ` տարածաշրջանին մէջ ինքնորոշման համար մղուած պայքարի երկար պատմութեան ընթացքին` իւրաքանչիւր թանկագին կեանքի կորուստի հետ աւելի խորացնելով թշնամանքը՚: ԵՀԽ-ն դատապարտած է քիմիական զէնքերու եւ կասետային ռումբերու կիրառումը, քաղաքացիական անձերու, հիւանդանոցներու եւ հասարակական ենթակառուցուածքներու թիրախաւորումը եւ բոլոր այլ տեսակի պատերազմական յանցագործութիւնները, մարդոց գլխատումը, կտտանքների ենթարկելը եւ այլ տեսակի բռնաճնշումները, որոնք արձանագրուած են հակամարտութեան ընթացքին: ԵՀԽ-ն նաեւ կոչ ըրած է յարգանք դրսեւորելու Լեռնային Ղարաբաղի/Արցախի սրբավայրերու եւ մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ` նկատի առնելով այդպիսի վայրերու սրբապղծման մասին բազմաթիւ զեկոյցները:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուած հակամարտութեան դադարէն գրեթէ երկու տարի անց հարիւրաւոր հայեր տակաւին ապօրինաբար կը պահուին Ատրպէյճանի մէջ` ոտնահարելով ռազմագերիներու հետ վարուելակերպի մասին Ժընեւեան ուխտը: Մինչ աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռած է ուքրանական հակամարտութեան վրայ, ատրպէյճանական ուժերը փաստացի նոր վայրագութիւններ կ՛իրագործեն ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայերուն, այնպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան սահմաններուն նկատմամբ, ինչի հետեւանքով կը շարունակեն զոհուիլ անմեղ մարդիկ եւ գերեվարուիլ նորերը: Աւելին, պատերազմական յանցագործութիւններու եւ միջազգային մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքերուն առնչուող օրէնքներու ոտնահարման համար պատասխանատուութեան պահանջը, ինչը բազմիցս արձանագրուած է ՙHuman Rights Watch՚, ՙBBC՚, ՙthe Guardian՚ եւ շատ այլ միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու կողմէ, ցաւօք չէ կատարուած կամ յանձն առնուած:
Գերմանիոյ Գարլսռուէ քաղաքին մէջ հրաւիրուած Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 11-րդ համագումարը
– Կը դիմէ ՄԱԿ-ին, Եւրոմիութեան եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, միջազգային իրաւունքի համաձայն, բոլոր հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական պատանդները անյապաղ ազատ արձակելու համար,
– Կրկին մտահոգութիւն կը յայտնէ տարածաշրջանի սրբավայրերու եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ եւ կոչ կ՛ընէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին ու միջազգային հանրութեան բոլոր անդամներուն ձեռնարկելու բոլոր հնարաւոր եւ համապատասխան միջոցները այդ վայրերը պաշտպանելու համար,
– Կոչ կ՛ընէ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խմբակի շրջանակներուն մէջ բովանդակալից երկխօսութիւն սկսելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան արդարացի եւ խաղաղ կարգաւորման համար,
– Կը խնդէ ԵՀԽ-էն եւ ԵՀԽ-ի անդամ բոլոր եկեղեցիներէն շարունակել հաւատարիմ մնալ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի եկեղեցիներուն եւ ժողովուրդին նկատմամբ քրիստոնէական համերաշխութեան` արդարացի եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու իրենց ձգտման ճանապարհին: