Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու Հայաստանի ու Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր: