8 Սեպտեմբերին, Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի ծննդեան տօնին, Սուրբ Գեղարդի վանական համալիրին մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, կատարուեցաւ Սուրբ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գմբէթի խաչի օծման արարողութիւնը:
Սուրբ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ` սուրբ խորանին առջեւ, ըստ ընկալեալ կարգի, նախ սաղմոսներու երգեցողութեան ներքոյ գինիով եւ ջուրով լուացուեցաւ խաչը, ապա սուրբգրային ընթերցուածներէն ու աղօթքներէն յետոյ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը սրբալոյս միւռոնով օծեց զայն:
Արարողութեան աւարտին Հայոց Հովուապետը իր պատգամը յղեց ներկաներուն` մաղթելով, որ նորօծ խաչը օգնական եւ պահապան ըլլայ մեր ժողովուրդին, յաւելէ հաւատք եւ յոյս հայոց կեանքին:
ՙՄենք կը հաւատանք խաչի զօրութեան, որով կեանքի պիտի կոչենք մեր բոլոր իղձերն ու տեսիլքները՚, եզրափակեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը: