ԼԻԲԱՆԱՆ
ԲԺՇԿՈՒՄԻ ԾԱՆՐ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ
Լիբանանի տնտեսական տագնապի երեսներէն մէկն էր առողջապահական հատուածի ծանր վիճակը: Դեղի պակաս, սուղ գին, բժիշկներու եւ հիւանդապահներու արտագաղթ, հիւանդանոցներու ծանր վիճակ պետութեան պարտքի չվճարուելուն պատճառով: Այս է վիճակը Լիբանանի առողջապահական հատուածին:
Վերջերս դեղի պէտք ունեցող քաղաքացիներ նկատեցին, որ դեղերու մաֆիան հասած է Թուրքիա: Դեղերու ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ Լիբանանի մէջ համաձայնած են թրքական ընկերութիւններու հետ ու իրենք կը բերեն իրենց ուզած դեղը: Մանաւանդ քաղցկեղի հիւանդներու պարագային, կառավարութեան կեդրոնական տարրալուծարանը այլեւս չի քններ երկիր մտնող դեղերուն որակը ու քաոսը կը տիրէ այս հատուածին մէջ:
Հարցը այն է, որ խնդիրը շատ երկարեցաւ ու յոյսի նշոյլ մը չ’երեւիր փապուղիի վերջաւորութեան:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ԲԱՐՁՐ ՍՂԱՃ
Ըստ վիճակագրական տուեալներու, Հայաստանի մէջ դրամի արժեւորումին հետեւեցաւ բարձր սղաճը: Ըստ տուեալներու, ան հասած է 8.3 առ հարիւրի Յուլիսին, անցեալ տարուան հետ բաղդատած: Պաշտօնական տուեալներով, սննդամթերքի սղաճը Յուլիսին եղած է 13.5 առ հարիւր, միսի գինի սղաճը` 12 առ հարիւր: Ուրեմն միջին սղաճը եղած է 8.3 առ հարիւր: Միջին աշխատավարձը հասած է 239 հազար դրամի կամ 590 տոլար: Ուրեմն, հարցը այն է, թէ սղաճը ինչպէ՞ս պէտք է զսպել, ի՞նչ միջոցներով, կամ չզսպուելու պարագային, ինչպէ՞ս քայլ պահել անոր հետ աշխատավարձը աւելցնելով: Հիմնական զսպումն է, որովհետեւ աշխատավարձի յաւելումը բեռը պիտի աւելցնէ կառավարութեան եւ ընկերութիւններու:
ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ԱՐԵՒԵԼՔ
ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԻ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ռուսական ծայրագոյն արեւելքի Վլատիվոսթոք քաղաքին մէջ բացուեցաւ Արեւելքի տնտեսական 7-րդ համաժողովը 60 երկիրներու ներկայացուցիչներու ներկայութեան: Ռուսիոյ վրայ Արեւմուտքի պարտադրած պատժամիջոցներու լոյսին տակ, այս տարուան ժողովը ունէր յատուկ կարեւորութիւն, որովհետեւ Ռուսիա սկսած է մեծ կարեւորութիւն տալ Ծայրագոյն Արեւելքի, Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Լատինական Ամերիկայի իր գործընկերներուն: Այս տարուան նշանաբանը` ՙԲազմաբեւեռ Աշխարհի Ճամբուն Վրայ՚, շատ բան կ’ըսէ համագումարին մասին: Համաժողովին նպատակն է պեղել նոր կարելիութիւններ բազմաբեւեռ աշխարհի մը կառուցումի ճամբուն վրայ, զարկ տալով երկխօսութեան ժողովուրդներու միջեւ: Շանկհայի Համագործակցութեան կազմակերպութեան Եւ Հարաւարեւելեան Ասիոյ երկիրներու կազմակերպութեան միջեւ համագործակցութեան եզրեր պիտի զարգանան այս համաժողովի ընթացքին: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նկատի առնելով այս ժողովին կարեւորութիւնը Հայաստանի ապագայ զարգացումի ուղիին վրայ, ճիշդ որոշումը կայացուցած էր անձամբ մասնակցելու անոր: Արեւելքն է աղբիւրը աշխարհի ապագայ զարգացումին: Ճիշդ կողմնորոշումը եւ երկխօսութիւնը մեծ օգուտ պիտի բերէ ազատ աշխարհի ժողովուրդներուն:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
ՔԱՐԻՒՂԻ ԳԻՆ ԵՒ ՏՈԿՈՍ
Եօթը զարգացած երկիրները` զսպելու համար Ռուսիան, անցեալ շաբաթ որոշեցին սահմանափակել ռուսական քարիւղին գինը: Այդ քայլը պիտի կատարեն չնորոգելով այն նաւերուն ապահովագրութիւնը եւ ծառայութիւնը, որոնք կը փոխադրեն աւելի սուղ գինով ռուսական քարիւղ: Այս քայլին նպատակն է մէկ կողմէ սահմանափակել Ռուսիոյ եկամուտը, նեղելու համար Ռուսիան` Ուքրանիոյ պատերազմին պատճառով, միւս կողմէ նուազեցնելու համար քարիւղի գինը միջազգային շուկային վրայ: Սակայն, ըստ մասնագէտներո, այս որոշումը գործադրելը դժուար պիտի ըլլայ, որովհետեւ այս զարգացած եօթը երկիրներէն դուրս կան Չինաստանը եւ Հնդկաստանը, որոնք ռուսական քարիւղի մեծ յաճախորդներ են եւ պատրաստ են բարձր գին վճարելու անոր համար: Ռուսիա կրնայ հակադարձել եւ այլեւս քարիւղ չվաճառել գին սահմանափակող պետութիւններուն: Հնդկաստան եւ Չինաստան կրնան Ռուսիայէն գնել քարիւղը ու վերավաճառել, շրջանցելով Արեւմուտքի սահմանափակումը:
2008 թուականի համաշխարհային տնտեսական տագնապէն ետք, ԱՄՆ-ի Կեդրոնական դրամատունը նուազեցուց պարտքին տոկոսը ու դրամ տպեց եւ պարտամուրհակներ (bonds) գնելով այդ դրամը մտցուց շուկայ պահանջարկ ստեղծելու համար: Դրամատուներ, իրենց կարգին, այդ գումարը ցած տոկոսով պարտքի տուին ընկերութիւններու: Ներկայիս, զսպելու համար սղաճը, որու հիմնական պատճառը այդ հսկայ գումարին գոյութիւնն է շուկային մէջ, Կեդրոնական դրամատունը սկսաւ բարձրացնել պարտքին տոկոսը: Այս քաղաքականութենէն պիտի տուժեն երկիրներ, որոնք պարտքի դրամ առած են տոլարով, որովհետեւ աւելի բարձր տոկոս պիտի վճարեն այդ պարտքին համար: Նաեւ պիտի տուժեն ընկերութիւններ, որոնք պիտի չկարենան ցած տոկոսով դրամ փոխ առնել ու պիտի ստիպուին իրենց առած պարտքին դիմաց աւելի բարձր տոկոս վճարել:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ
ԴՐԱՄԻ ՓՈԽԱՐԺԷՔ (Exchange Rate)
Տնտեսագիտութեան մէջ երկրի մը դրամանիշին փոխարժէքը կրնայ ըլլալ հաստատուն, ինչպէս որ էր Լիբանանի պարագային 1992-էն մինչեւ 2019, կամ կրնայ ըլլալ փոփոխական, ըստ պահանջարկի եւ կախեալ շատ մը այլ ազդակներէ: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք, երբ երկիրներ կը վերակառուցուէին, Պրեթոն Վուծի մէջ Եւրոպա եւ ԱՄՆ համաձայնեցան հաստատուն պահել իրենց դրամանիշներու փոխարժէքը: Եւրոպայի վերակառուցուող տնտեսութիւնները պէտք ունէին կայուն փոխարժէքի մը զարգացնելու համար ճարտարարուեստը, գիւղատնտեսութիւնը եւ առեւտուրը: Յետոյ կարգ մը դրամանիշներ սկսան շուկան բանալ առք ու վաճառքի առջեւ ու դրամանիշին փոխարժէքը դարձաւ փոփոխական:
Համաշխարհայնացումը իր հետ բերաւ դրամանիշի ազատ հոսք եւ ամերիկեան տոլարը ու եւրօն ազատ ձգուեցան առք ու վաճառքի առջեւ: Դրամանիշին փոխարժէքը նաեւ կ’որոշուի պարտքի տոկոսով: Եթէ այդ երկրի Կեդրոնական դրամատունը պիտի զսպէ սղաճը, կը բարձրացնէ պարտքի տոկոսը եւ շուկայէն գումարի ծաւալ մը կը մտնէ դրամատուները ու մարդիկ կը սկսին դրամ ի պահ դնել այդ դրամանիշով տոկոս շահելու համար: Այս քայլը ճիշդ է որ կը բարձրացնէ դրամին փոխարժէքը ու կը զսպէ սղաճը որոշ չափով, սակայն միւս կողմէ մարդիկ աւելի քիչ պարտքի դրամ կ’առնեն, գործ կը բանան ու այս ձեւով տնտեսութիւնը կը դանդաղի: Այս է պարագան ներկայիս ԱՄՆ-ի մէջ: Դրամանիշի փոխարժէքի անկումին երկրորդ պատճառն է տնտեսական անկումի պատճառով երկրէն դրամանիշի արտահոսքը կամ ներդրումի պակասը, ինչ որ է պարագան ներկայիս Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ մէջ: Լիբանանեան դրամանիշը կորսնցուց իր փոխարժէքը, երբ չկրցաւ պարտքի տոկոսը վճարել ու ամերիկեան տոլարի մեծ գումար մը երկրէն դուրս հանուեցաւ ապօրինի ձեւով: Հայաստանի մէջ հայկական դրամը զօրացաւ, երբ ռուս քաղաքացիներ Հայաստան մտցուցին տոլարի մեծ գումար ու տոլարը արժեզրկուեցաւ հայկական դրամին դիմաց:
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ