Լիբանանի նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այցելեց Կրթական նախարարութիւն եւ ժողով գումարեց նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապիի ու միջազգային օժանդակող կազմակերպութիւններու հետ:
Միքաթի խօսք առաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարութեան բոլոր պաշտօնեաներուն, որոնք ճիգ չեն խնայեր կրթական մարզը կանգուն պահելու համար: Ան շեշտեց այս հատուածին կարեւորութիւնը ապագայ սերունդի կերտումի գործին մէջ ու խոստացաւ ճիշդ ժամանակին բանալ դպրոցներուն դռները: