Լիբանանի նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ժողով գումարեց հաղորդակցութեան ՙՕժերօ՚ ընկերութեան պաշտօնեաներու սենտիքային հետ, Լիբանանի Աշխատաւորներու համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի եւ հեռահաղորդակցութեան նախարարի պաշտօնակատար Քըրմի ներկայութեան: Ժողովը հասաւ դրական արդիւնքի, որովհետեւ Միքաթի խոստացաւ ՙՕժերօ՚-ի պաշտօնեաներուն կեանքի պայմանները բարելաւելու ձգտող օրէնքը մտցնել օրակարգի մէջ եւ վաւերացնել զայն: ՙՕժերօ՚-ի պաշտօնեաներու սենտիքան ժողով պիտի գումարէ այս դրական արդիւնքի լոյսին տակ եւ յարմարը տնօրինէ: