Իսրայէլեան ՙԵտիյոթ Ահարոնոթ՚ օրաթերթը հրապարակեց լուր մը, ըստ որուն, սահմանագծումի հարցով ԱՄՆ-ի պատուիրակ Ամոս Հոքշթայն այսօր պիտի հասնի Լիբանան եւ Լիբանանի կառավարութեան պիտի ներկայացնէ վերջնական առաջարկը` Քարիշի դաշտը Իսրայէլին, իսկ Կանան` Լիբանանին:
Ըստ ստոյգ աղբիւրներու, Հոքշթայն լուսարձակէ հեռու կը բանակցի կիպրական-յունական ՙԷներճին՚ ընկերութեան հետ` Քարիշի համար, եւ ֆրանսական ՙԹոթալ՚ ընկերութեան հետ` Կանայի համար: Սակայն, ըստ օրաթերթին, սահմանագծումի համաձայնագիրի ստորագրութիւնը յետաձգուած է իսրայէլեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն ու Լիբանանի նախագահական ընտրութենէն ետք: ՙԷներճին՚ ընկերութիւնը պիտի սպասէ մինչեւ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը« ապահովելու համար իր աշխատանքը կայուն մթնոլորտի մէջ:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, Պաապտայի պալատին մէջ նախագահին հետ իր գումարած ժողովէն ետք յայտարարեց, որ Սեպտեմբեր ամիսը պիտի ըլլայ լեցուն ժողովներով, սահմանագծումի հարցի լուծումին մօտենալու համար: