Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան, ակնարկելով անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած դէպքին, երբ Կրետէ կղզիին մէջ գտնուող յունական հակաօդային ուժեր ՙԷս-300՚ համակարգի ռատարը բացին թրքական օդուժի օդանաւերուն դէմ, ըսաւ, որ անկարելի է ՆԱԹՕ-ն զօրաւոր պահել առանց Թուրքիոյ, մինչ Յունաստան կշիռ չունեցող կողմ մըն է: