Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐՑԱԽԻ ՄԻՊ-Ը ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՎԵՐՋԻՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՅՑԸ ՈՒՂԱՐԿԱԾ Է ԵԱՀԿ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ

September 1, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ԱՐՑԱԽԻ ՄԻՊ-Ը ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՎԵՐՋԻՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՅՑԸ ՈՒՂԱՐԿԱԾ Է ԵԱՀԿ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ

 

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը հրապարակած է ՙ2022 թուականի Օգոստոսին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու խախտումներուն մասին՚ եռալեզու (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն) արտահերթ զեկոյցը, որ ուղարկուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջնային մանտաթ ունեցող կառոյցներուն եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն:

Զեկոյցի առաջին բաժնին մէջ ներկայացուած են փաստեր Եռակողմ յայտարարութեան ընդունումէն յետոյ Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի կողմէ համակարգուած եւ շարունակաբար իրականացուող յանցագործութիւններու վերաբերեալ: Զինադադարի հաստատումէն յետոյ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած է մարդկային եւ նիւթական մեծ վնասի հասցուցած աւելի քան 112 յանցագործութիւն, որուն հետեւանքով սպաննուած է 3 քաղաքացիական եւ 15 զինուորական անձ, սպանութեան փորձի ենթարկուած է 126 անձ (48 քաղաքացիական, 78 զինուորական), տարբեր աստիճանի հրազէնային վիրաւորում ստացած է կամ բռնութեան ենթարկուած է 65 անձ (14 քաղաքացիական, 51 զինուորական): Անդրադարձ կատարուած է նաեւ 2022 թուականի Օգոստոսին Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած հերթական յարձակման եւ անոր հետեւանքներուն:

Երկրորդ բաժնին մէջ անդրադարձ կատարուած է Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կապող (Լաչինի) միջանցքի կենսական նշանակութեան ու անոր իրաւական կարգի փոփոխութեան անթոյլատրելիութեան, ինչպէս նաեւ միջանցքով անցնող երթուղին Եռակողմ յայտարարութեամբ սահմանուած ժամկէտէն շուտ փոխելու Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած անօրինական պահանջին: Արձանագրուած է, որ իր անօրինական պահանջները առաջ մղելու համար ատրպէյճանական կողմը շարունակաբար կը դիմէ ուժի կիրառման կամ անոր սպառնալիքի, ինչ որ միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում է:

Երրորդ բաժինը անդրադարձած է ուժի կիրառման սպառնալիքի ներքոյ խաղաղ բնակավայրերի` Բերձոր, Աղաւնօ եւ Ներքին Սուս համայնքներու հայաթափման, անոր հետեւանքով մարդու հիմնարար իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներուն, որ ուղղակիօրէն կը հակասէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ 2020 թուականի Սեպտեմբեր 29-ին կիրառուած եւ նոյն թուականի Նոյեմբեր 3-ին աւելի ընդլայնուած միջանկեալ միջոցին, որով կողմերուն կոչ կատարուած է ձեռնպահ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան յանգեցնել քաղաքացիական բնակչութեան Ուխտով պաշտպանուող իրաւունքներու խախտման:

Չորրորդ բաժնին մէջ ներկայացուած են ապացոյցներ օգոստոսեան մագլցողութեան զուգահեռ Ատրպէյճանի պետական պաշտօնեաներու, հանրային գործիչներու կողմէ հայերու դէմ ուղղուած ատելութեան խօսքի եւ հայատեացութեան այլ դրսեւորումներու կտրուկ աճի վերաբերեալ: Արձանագրուած է, որ Ատրպէյճանը ակնյայտօրէն կ՛անտեսէ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի որոշումը, մասնաւորապէս որոշման 2-րդ կէտով սահմանուած պահանջը, որուն համաձայն` Ատրպէյճանը պարտաւոր է. ՙձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` կանխելու ազգութեամբ հայերուն թիրախաւորող ցեղապաշտական ատելութեան եւ խտրականութեան հրահրումը եւ խթանումը, ներառեալ` Ատրպէյճանի պաշտօնեաներու եւ պետական հաստատութիւններու կողմէ՚:

Զեկոյցի հինգերորդ բաժնին մէջ անդրադարձ կատարուած է ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան մանտաթի յստակացման անհրաժեշտութեան, որ արդիւնաւէտ մեխանիզմներ պիտի ապահովէ զինադադարի խախտումներուն պատշաճ հակազդելու եւ լիարժէք խաղաղութիւն ապահովելու համար:

Զեկոյցը պատրաստուած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններու, քաղաքացիական բնակավայրեր կատարած այցերու, քաղաքացիներու հետ ունեցած առանձնազրոյցներու, պետական լիազօր մարմիններէ ստացուած տեղեկութիւններու հիման վրայ եւ նպատակ կը հետապնդէ փաստագրելու Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու խախտման պարագաներն ու անոն տարաբնոյթ դրսեւորումները եւ միջազգային կառոյցներու եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու ուշադրութիւնը հրաւիրելու Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

Share61Tweet38
Previous Post

ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻԻ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԱԾ Է ՙՍՓՈՐԹՈՒՍ՚ ՅԵՆԱԿԵՏԱՅԻՆ ՔՈԼԵՃԸ

Next Post

ՄԱԿ-ի ՑԵՂԱՊԱՇՏԱԿԱՆ ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ԴԷՄ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ԴԷՊՔԵՐԸ

Next Post
ՄԱԿ-ի ՑԵՂԱՊԱՇՏԱԿԱՆ ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ԴԷՄ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ԴԷՊՔԵՐԸ

ՄԱԿ-ի ՑԵՂԱՊԱՇՏԱԿԱՆ ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ԴԷՄ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ԴԷՊՔԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.