Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻԻ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԱԾ Է ՙՍՓՈՐԹՈՒՍ՚ ՅԵՆԱԿԵՏԱՅԻՆ ՔՈԼԵՃԸ

September 1, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻԻ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԱԾ Է ՙՍՓՈՐԹՈՒՍ՚ ՅԵՆԱԿԵՏԱՅԻՆ ՔՈԼԵՃԸ

Ուսումնական տարուայ մեկնարկին ընդառաջ` 31 Օգոստոսին, կայացած է Հայաստանի ֆիզիքական մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան պետական հիմնարկի (ՀՖՄՄՊՀ)` ՙՍփորթուս՚ յենակետային քոլեճի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Միջոցառման մասնակցած են ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեանը, ՀՖՄՄՊՀ տնօրէն Դաւիթ Խիթարեանը, քոլեճի տնօրէն Նելլի Սարգսեանը, հիմնարկի փրոֆէսորադասախօսական անձնակազմը, ուսանողներ, ծնողներ:

Քոլեճին մէջ կրթութիւնը պիտի իրականացուի է չորս մասնագիտութիւններով` ՙՖիզիքական մշակոյթ եւ մարմնակրթութիւն՚, ՙԲուժական մերսում՚, ՙԶբօսաշրջութիւն եւ թիկնապահական գործ՚: ՙՍփորթուս՚ յենակետային քոլեճը պիտի ունենայ շուրջ 95 սան:

ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեանը, որ նաեւ ՀՖՄՄՊՀ Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է, ողջունելով ներկաները` բարի երթ մաղթած է քոլեճի առաջին սաներուն.

ՙՀայկական մարզական կրթութեան ասպարէզին մէջ այսօր իսկապէս հետաքրքրական նորութիւն տեղի կ՛ունենայ: Ասոր պահանջը իսկապէս կար. միջին մասնագիտական կրթութիւնը շատ կարեւոր օղակ է Հայաստանի եւ առհասարակ աշխարհին մէջ: Շատ կը փափաքիմ, որ այս քոլեճը համարուի լաւագոյն միջին մասնագիտական կրթօճախներէն մէկը: Վստահ եմ, որ դիմորդները պիտի ստանան լաւ կրթութիւն եւ անոնցմէ շատերը հետագային արդէն իրենց ուսումը պիտի շարունակեն Հայաստանի ֆիզիքական մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան պետական հիմնարկին մէջ՚:

ՀՖՄՄՊՀ տնօրէն Դաւիթ Խիթարեան նշած է, որ այսօր նշանակալից օր է ոչ միայն քոլեճի սաներուն, այլեւ Հայաստանի ֆիզիքական մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան պետական հիմնարկին համար:

ՙԲարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան 77-ամեայ կենսագրութեան մէջ յենակետային քոլեճի բացումը նոր գիծ պիտի հաղորդէ հիմնարկին, նոր կրթական միջավայր պիտի ձեւաւորէ ուսանողութեան շրջանին մէջ՚, ըսած է Դաւիթ Խիթարեանը ու վստահութիւն յայտնած, որ ՀՖՄՄՊՀ քոլեճի տնօրէնութիւնն ու փրոֆէսորադասախօսական անձնակազմը պիտի ընեն ամէն հնարաւորը, որպէսզի քոլեճի սաները ուսումնառութեան ընթացքին ստանան բաւարար գիտելիք, ինչպէս նաեւ կատարելագործեն իրենց մասնագիտական կարողութիւնները:

ՀՖՄՄՊՀ յենակետային քոլեճը իր առաջին սաները կ՛ընդունի վերակառուցուած եւ վերանորոգուած մասնաշէնքի մէջ: Դաւիթ Խիթարեանի խօսքով` մասնաշէնքին այդ մասը հիմնարկի ամենաանմխիթար հատուածն էր, բայց այժմ ամբողջութեամբ վերանորոգուած է, շուտով պիտի աւարտի նաեւ կահաւորման գործընթացը: Տնօրէնին գնահատմամբ` ուսումնառութեան համար բարեկարգ պայմաններն ու ժամանակից կահաւորումը անպայմանօրէն պիտի նպաստեն սաներու արդիւնաւէտ կրթութեան ապահովման:

Քոլեճի առաջին սաները ողջունած եւ յաջող ուսումնական տարի մաղթած է նաեւ տնօրէն Նելլի Սարգսեանը:

ՙՍփորթուս՚ յենակետային քոլեճի առաջին սաներու կազմին մէջ են տարբեր մարզաձեւերու Հայաստանի հաւաքականներու 9 անդամներ, այդ շարքին` Եւրոպայի մարմնամարզութեան երիտասարդներու 2022 թուականի առաջնութեան կրկնակի փոխախոյեան Համլէտ Մանուկեանը: Միջոցառման ընթացքին քոլեճի տնօրէն Նելլի Սարգսեանը 15-ամեայ Համլէտ Մանուկեանին յանձնած է պատուոգիր` Հայաստանի Հանրապետութեան մարզական պատիւը բարձր պահելու համար:

ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեանը տնօրէն Դաւիթ Խիթարեանի եւ Նելլի Սարգսեանի ուղեկցութեամբ ծանօթացած է քոլեճի ենթակառուցուածքային պայմաններուն, եղած է դասասենեակներուն եւ ընթերցասրահին մէջ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՀԽ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Next Post

ԱՐՑԱԽԻ ՄԻՊ-Ը ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՎԵՐՋԻՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՅՑԸ ՈՒՂԱՐԿԱԾ Է ԵԱՀԿ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ

Next Post
ԱՐՑԱԽԻ ՄԻՊ-Ը ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՎԵՐՋԻՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՅՑԸ ՈՒՂԱՐԿԱԾ Է ԵԱՀԿ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ

ԱՐՑԱԽԻ ՄԻՊ-Ը ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՎԵՐՋԻՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՅՑԸ ՈՒՂԱՐԿԱԾ Է ԵԱՀԿ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.