Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի ՑԵՂԱՊԱՇՏԱԿԱՆ ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ԴԷՄ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ԴԷՊՔԵՐԸ

September 1, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՄԱԿ-ի ՑԵՂԱՊԱՇՏԱԿԱՆ ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ԴԷՄ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ԴԷՊՔԵՐԸ

 

ՄԱԿ-ի Ցեղապաշտական խտրականութեան վերացման կոմիտէի եզրափակիչ դիտարկումներուն մէջ արձանագրուած են 2020 թուականի Արցախի դէմ յարձակման ընթացքին եւ անկէ յետոյ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու դէպքերը: Այս մասին կը տեղեկանանք Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի տարածած հաղորդագրութենէն:

ՙԳոհունակութեամբ կը նշենք, որ ցեղապաշտական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին ուխտով Ատրպէյճանի կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ցեղապաշտական խտրականութեան վերացման կոմիտէի եզրափակիչ դիտարկումներուն մէջ տեղ գտած են 2020 թուականի Արցախի դէմ յարձակման ընթացքին եւ անկէ յետոյ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու դէպքերը:

Կոմիտէին արձանագրած մտահոգութիւնները ազգութեամբ եւ ծագումով հայերու նկատմամբ ցեղապաշտական ատելութեան հրահրումներու եւ ցեղապաշտական կարծրատիպերու քարոզչութեան վերաբերեալ` այդ շարքին Ատրպէյճանի պետական պաշտօնեաներու կողմէ, ինչպէս նաեւ պատշաճ հետքննութեան բացակայութիւնը լաւագոյնս կը վկայեն ան մասին, որ Ատրպէյճանի մէջ խտրական քաղաքականութիւնը կ՛իրականացուի պետական մակարդակով:

Կոմիտէին կողմէ մատնանշուած միւս բոլոր դէպքերը` ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ կատարուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումները, այդ շարքին արտադատական սպանութիւնները, խոշտանգումները, դաժան վերաբերմունքը եւ կամայական կալանաւորումները, ինչպէս նաեւ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացումը կ՛իրականացուին համաձայն Ատրբեջպէյճանի պետական խտրական քաղաքականութեան եւ որպէս անոր շարունակութիւն:

Կոմիտէին կողմէ ներկայացուած դիտարկումները մաս կը կազմեն տասնամեակներու ընթացքին Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուող Ատրպէյճանի համակարգային եւ լայնածաւալ խտրական քաղաքականութեան: Պետական մակարդակով Ատրպէյճանի խտրական քաղաքականութեան իրականացումը կը վկայէ, որ Արցախի ժողովուրդին ընտրած ուղին եւ անկախ պետականութեան կառուցումը այլընտրանք չունին: Համոզուած ենք, որ Արցախի միջազգային ճանաչումը հասունցած է` որպէս մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու կանխարգիլման ուղղուած արդիւնաւէտ միջոցներու կիրառման վերաբերեալ միջազգային հանրութեան կողմէ ստանձնած պարտաւորութեան իրականացման դրսեւորում՚, նշուած է ՄԻՊ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐՑԱԽԻ ՄԻՊ-Ը ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՎԵՐՋԻՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՅՑԸ ՈՒՂԱՐԿԱԾ Է ԵԱՀԿ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ

Next Post

ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՆԵՑՈՒԿԸ ՍՏԱՆԱԼ

Next Post
ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՆԵՑՈՒԿԸ ՍՏԱՆԱԼ

ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՆԵՑՈՒԿԸ ՍՏԱՆԱԼ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.