Ararad Daily
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily
No Result
View All Result

ԱԴԱՄԱՆԴԸ

September 1, 2022
in Յօդուածներ
0

Ադամանդը բնածուխէ (carbone) կազմուած հանածոյ մըն է` Երկրագունտի կազմաւորման ընթացքին հողային որոշ խորութեան մէջ, բարձր ճնշումի տակ ծնունդ առած է: Բնութեան մէջ խորանարդաձեւ բիւրեղներով կը ներկայանայ: Բնական նիւթերու ամենակարծրն է, աստիճանը` 10 (Talc :1 ; Calcite :3, Quartz :7, Corindon :9): Իր տեսակարար ծանրութիւնը 3,52 է (ջուրէն 3,52 անգամ աւելի ծանր): Ելեկտրականութեան վատ հաղորդիչ, սակայն ջերմութեան շատ լաւ հաղորդիչ է:

Ադամանդի կազմութեան համար բացառիկ ջերմութեան եւ ճնշումի պայմաններ անհրաժեշտ են, ինչպէս 1100-1400 աստիճան, 4,5-6 Giga Pascal հսկայական ճնշում, որ ներկայ է միայն 180-300 քմ խորութեան մէջ: Յիշեցնենք, որ 4,5 Giga Pascal-ը մթնոլորտային ճնշումին 45000 անգամն է: Ադամանդներու մեծամասնութիւնը նուազագոյն 1,5 միլիառ տարուան անցեալ ունեցող  հողաշերտերու մէջ Kimberlite կոչուած հանածոյէն ձեռք կը ձգուին:

Ադամանդը հանածոյ վիճակի մէջ անզուտ եւ անտաշ բիւրեղային կառուցուածք ունի: Պէտք է զայն յղկել ու տաշել: Անտաշ ադամանդը կը յանձնուի ադամանդի քարտաշին: Այս վերջինը կը ստուգէ, թէ ինչ ձեւի պէտք է վերածէ: Այս գործողութեան ընթացքին միջին հաշուով 50 առ հարիւր ծանրութեան կորուստ տեղի կ՛ունենայ:

Ադամանդը կ՛արժեւորուի քառակերպ չորս տուեալներով, 4C տարազով, այսինքն լատիներէն  C տառին քառապատիկ կրկնութեամբ, որուն բացատրութիւնը հետեւեալն է.

Տաշք C – Coupe

Կշիռ կամ ծանրութիւն C – Carat   (1 carat =0.2 gramme)

Գոյն  C – Couleur        4- Մաքրութիւն, յստակութիւն   C – Clartռ

Այս հիմնական տուեալները ճշգրիտ թուանշական աստիճաններով կ՛արտայայտուին, որոնց ստուգումով նաեւ հրապարակի պահանջն ալ նկատի ունենալով կարելի կ՛ըլլայ ադամանդի մը արժեւորումը իրագործել:

Ճարտարարուեստի մէջ 1955 թուականէն ի վեր կարելի եղած է արուեստականօրէն ձեռք ձգել ադամանդը, կիրարկելով արուեստական գերճնշում ու ջերմութեան պայմաններ, իբր նախանիւթ ունենալով,  անշուշտ,  բնածուխը: Առաջին անգամ General Electric ընկերութիւնն է, որ իրականացուցած է արուեստական ադամանդի, թէպէտ փոքրաքանակ, արտադրութիւնը: Միակ տարբերութիւնը արուեստական ադամանդներու մեծութեան մէջ կը կայանայ:

Եթէ նշանաւոր ադամանդներու մասին արտայայտուինք, նշենք որ 1905-ին գտնուած է 530 քարաթնոց Ափրիկեան Մեծ Աստղը (Cullinan I),  17-րդ դարուն  Հնդկաստանի մէջ գտնուած 280 քարաթնոց Grand Mogol-ը, անգոյն ադամանդներու ամենահռչակաւորներն են: Վարդագոյն Daria-e Nour ը 175-195 քարաթ ծանրութիւն ունի: Իսկ ամենածանրը Հարաւային Ափրիկէի արտադրութիւն` դեղնորակ-սրճագոյն Golden Jubilee-ն է, որ 545,7 քարաթ կը կշռէ:

Վերջապէս ադամանդներու արժէքին  մասին գաղափար մը տալու նպատակով յիշեցնենք, որ 2007-ի Նոյեմբերին Ժընեւի Sotheby՛s-ին մէջ աճուրդի դրուած 84,37 քարաթնոց ադամանդը 11 միլիոն եւրոյի գնորդ գտած է:

 

ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ 

Next Post

ՊԸՐՐԻ. ՙՊԻՏԻ ԸՆՏՐԵՆՔ ԵՐԿՐԻՆ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԳՈՂ ՈՒ ՄԻԱՑՆՈՂ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՚

Next Post
ՊԸՐՐԻ. ՙՊԻՏԻ ԸՆՏՐԵՆՔ ԵՐԿՐԻՆ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԳՈՂ ՈՒ ՄԻԱՑՆՈՂ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՚

ՊԸՐՐԻ. ՙՊԻՏԻ ԸՆՏՐԵՆՔ ԵՐԿՐԻՆ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԳՈՂ ՈՒ ՄԻԱՑՆՈՂ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՚

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

July 8, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

January 26, 2023
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

January 26, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

January 5, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

January 5, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.