Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ 

August 31, 2022
in Յայտարարութիւններ
0

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Գիտաժողով

Արաբական Ծոցի Երկիրներու Հայերը

(Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Եմէն, Պահրէյն, Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Քուէյթ, Օման)

Հայկազեան hամալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը Երկուշաբթի 12 եւ Երեքշաբթի 13 Դեկտեմբեր 2022-ին պիտի կայացնէ Միջին Արեւելքի հայօճախներուն նուիրուած իր եօթներորդ եւ վերջին գիտաժողովը: Գիտաժողովը պիտի կայանայ անձամբ ներկայութեամբ եւ/կամ հեռահողրդակցութեամբ:

Արդ, կը հրաւիրենք  Սփիւռքի եւ հայրենի բանասէրները, օտար հայագէտները, որոնք հետաքրքրուած են կամ կ’առնչուին վերոյիշեալ հայօճախներու կենսագործունէութեան ուսումնասիրութեան, դիմելու Կեդրոնիս` հիմնուելով ստորեւ նշուած տուեալներուն վրայ:

Ա.- Մասնակիցները կրնան ուսումնասիրութիւն ներկայացնել հետեւեալ նիւթերէն որեւէ մէկուն շուրջ-

1) Պատմութիւն.- Հայերը վերոյիշեալ երկիրներէն որեւէ մէկուն մէջ` 1940-ականներէն մինչեւ մեր օրերը:

2) Բնակավայրեր- Հայկական բնակավայրերը, ժողովրդագրութիւնը, արհեստները, հայութեան բնութագրումը տուեալ երկիրներուն մէջ, ներքին կազմակերպումը, կապը եւ առնչութիւնները Սփիւռքի մօտիկ թէ հեռաւոր հայօճախներուն եւն.:

3) Հայ Եկեղեցին (Առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետարանական).- Թեմական կեանք, Հայ Եկեղեցին եւ իր դերը միջկրօնական երկխօսութեանց, թէ մարդասիրական աջակցութեան ծիրին մէջ:

4) Ազգային կեանք.- Հայ կազմակերպութիւններն ու միութիւնները (ընկերային, բարեսիրական, մշակութային, կրթական, մարզական եւն.), անոնց կենսագործունէութիւնը, հոլովոյթը, միջմիութենական եւ միջշրջանային յարաբերութիւններ:

5) Մշակոյթ.- Հայ դպրոցները, հայերէնագիտութիւնը, ձայնասփիւռի կայանները, հեռատեսիլի հաղորդումները, երգչախումբերը, թատրոնը, գեղանկարչութիւնը, հայօճախին մշակութային առանձնայատկութիւնները:

6) Համարկում.- Հայութեան նպաստը վերոյիշեալ երկիրներու մշակոյթին,  տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստին, առեւտուրին, արհեստներուն եւ շուկային, հաղորդամիջոցներուն եւ ընկերային ու մարդասիրական բնագաւառներուն:

7) Հայերը տեղաբնիկներուն պատկերացումին մէջ.- Հայերուն պատկերը տեղաբնիկներուն մշակոյթին թէ հանրային հաղորդակցամիջոցներուն մէջ:

8) Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերու կոմիտէ/Սփիւռքի նախարարութիւն/Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակ-հայօճախներ փոխյարաբերութիւն:

9) Միջպետական յարաբերութիւններ.- Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արաբական Ծոցի երկիրներ պետական յարաբերութիւնները անոնց ընթացքը, զարգացումը, փոխգործակցութիւնը:

10) Հայաստանցի քաղաքացիները արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ.- Անոնց կենսագործունէութիւնը, դիմապատկերը, ընդհանուր արժեւորումը:

11) Ինքնութեան հարցեր.- Նոր սերունդներու հայերէնախօսութիւնը, մշակութային պաշարը, ինքնութենական հարցերը:

Բ.- Մասնակցութեան տուեալներ

1) Դիմորդները պարտին մինչեւ 30 Սեպտեմբեր 2022 Կեդրոնին յղել իրենց ուսումնասիրութեան նիւթին վերնագիրը եւ նախատեսած բովանդակութիւնը:

2) Դիմումները եւ նիւթերը քննարկուելէ եւ ընտրուելէ ետք պատասխանը կը տրուի մինչեւ 7 Հոկտեմբեր 2022:

3) Մասնակիցներ պարտին 20 վայրկեան տեւողութեամբ զեկոյցներ ներկայացնել իրենց ուսումնասիրութեան մասին` արաբերէն, հայերէն կամ անգլերէն:

4) Մասնակիցները յանձնառու են իրենց ուսումնասիրութիւնները հրատարակութեան տրամադրելու` գիտաժողովի զեկուցագիրքին: Հետեւաբար, անոնք պարտին վերջնական ձեւի բերած ըլլալ իրենց ուսումնասիրութիւնները եւ յանձնել զանոնք Կեդրոնին մինչեւ 28 Փետրուար 2023:

Գ. Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը մասնակիցներուն պիտի տրամադրէ եռօրեայ կեցութիւն:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ մանրամասնութիւններու համար դիմել Հայկազեան Համալսարան, Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն.- հեռ. 00961 1 349230 ext. 205, կամ 00961 3 712058, կամ գրել` [email protected] հասցէին:

Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն

Share61Tweet38
Previous Post

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԱՐՏԱԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ

Next Post

ԱԴԱՄԱՆԴԸ

Next Post

ԱԴԱՄԱՆԴԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.