Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԸՐՐԻ. ՙՊԻՏԻ ԸՆՏՐԵՆՔ ԵՐԿՐԻՆ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԳՈՂ ՈՒ ՄԻԱՑՆՈՂ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՚

September 1, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՊԸՐՐԻ. ՙՊԻՏԻ ԸՆՏՐԵՆՔ ԵՐԿՐԻՆ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԳՈՂ ՈՒ ՄԻԱՑՆՈՂ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՚

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Սուրի մէջ կազմակերպուած հանդէսի մը ընթացքին, շիի կրօնաւոր Մուսա Սատըրի անհետացման յիշատակին առիթով, արտասանեց ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ երկրին դիմագրաւած բոլոր այժմէական հարցերուն:

Նախագահի ընտրութեան մասին խօսելով, ան հաստատեց որ պիտի ընտրեն երկրին գերիշխանութիւնը յարգող ու միացնող անձնաւորութիւն մը: Ան Իսրայէլը կոչեց Լիբանանի գոյութենական սպառնալիք: Ան լիբանանեան բանակէն պահանջեց պողպատեայ ձեռքով հարուածել ապահովութեան սպառնացող բոլոր անձերը: Պըրրի նաեւ կառավարութենէն պահանջեց սկսիլ բանակցութիւն սուրիական իշխանութեան հետ, մանաւանդ սուրիացի գաղթականներու վերադարձի հարցով: Ան անօրինական կոչեց բոլոր այն քայլերը, որոնց նպատակն է երկիրը հասցնել քաղաքական դատարկութեան: Պըրիի այս ժամանակաշրջանը համարեց ամենավտանգաւորը Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ, որովհետեւ հակառակ մեր ապրած անկումի վիճակին, տակաւին կան մարդիկ որոնք կը զբաղին զիրար հարուածելով եւ կը փորձեն դիրք շահիլ: Անոնք իրականութենէն հեռու ապրող մարդիկ են:

Խորհրդարանի նախագահը անպատասխանատու որակեց բոլոր այն կարծիքները, որոնք կը հաստատեն, թէ ելեկտրականութիւն չունինք, որովհետեւ չձգեցին որ աշխատինք: Սահմանագծումի հարցին անդրադառնալով, Պըրրի հաստատեց, որ ԱՄՆ-ի պատուիրակը երկու շաբաթ ժամանակ խնդրած էր Լիբանանի առաջարկին պատասխանելու համար, սակայն արդէն մէկ ամիս պիտի ըլլայ: Մենք պատրաստ ենք անուղղակի բանակցութեան, սակայն ոչ անորոշ երկարաձգումներով: Գնդակը ներկայիս ԱՄՆ-ի դաշտին մէջն է: Մենք պատերազմ ուզողներ չենք, սակայն արժանապատուութիւնը եւ իրաւունքը իրենց գինը ունին, որ պատրաստ ենք վճարելու:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱԴԱՄԱՆԴԸ

Next Post

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁ

Next Post

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.