Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու հետ համագործակցութեան խորհրդակցական ժողովի հերթական նիստին:
Նիստին ներկայ գտնուած են ՙՀանրապետութիւն՚ կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեանը, Հայաստանի Քրիստոնէա-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Լեւոն Շիրինեանը, ՙՄիասնական Հայրենք՚ կուսակցութեան նախագահ Մհեր Տէրտէրեանը, ՙԻնքնիշխան Հայաստան՚ կուսակցութեան ղեկավար Դաւիթ Սանասարեանը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Հայաստանի վարչութեան ատենապետ Սեդրակ Աճեմեանը եւ ՙՈւժը Հայրենեաց՚ կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Արզաքանցեանը: