Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՈՒՌՈՒՑՔԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԱՆՎՃԱՐ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ ԵՆ ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԷՋ

August 29, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՈՒՌՈՒՑՔԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԱՆՎՃԱՐ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ ԵՆ ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԷՋ

ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան Վ.Ա. Ֆանարճեանի անուան Ուռուցքաբանութեան ազգային կեդրոնը (ՈՒԱԿ), կարեւորելով բժշկական ծառայութիւններու շարունակական զարգացումը, ՀՀ մարզերուն մէջ նախաձեռնած է գիտագործնական միջոցառումներու եւ գիտաժողովներու շարք, որ կը կրէ ՙՈւռուցքաբանական ֆորում՚ անուանումը:

Երկրորդ` ՙԵրեւան-Սիւնիք ուռուցքաբանական ֆորումը՚, տեղի ունեցած է Կապանի մէջ: Ֆորումի բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է ՈՒԱԿ-ի տնօրէն Նարեկ Մանուկեանը, որ կարեւորած է պարբերաբար այցերը մարզեր, անոնց ծիրին մէջ տեղի բժիշկներուն հետ համագործակցութիւնները, բնակչութեան համար անվճար հետազօտութիւնները` կեդրոնի բժիշկներուն մասնակցութեամբ:

ՙՖորումի ընթացքին, որուն կը մասնակցէին շուրջ 20 մասնագէտ (ՈՒԱԿ-ի բաժանմունքներու ղեկավարներ, բժիշկներ), հանդէս եկան զեկոյցներով` մարզային գործընկերներու հետ կիսուելով իրենց փորձով, տարբեր գիտաժողովներու, մասնագիտական որակաւորումները բարձրացնող վերապատրաստումներու ընթացքին ձեռք բերած գիտելիքներով, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին ՈՒԱԿ-ի մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցած փոփոխութիւնները, ձեռք բերուած սարք-սարքաւորումներու հնարաւորութիւնները, կատարուած բացառիկ վիրահատութիւնները:

Ֆորումին զուգահեռ Սիւնիքի մարզին մէջ բնակող քաղաքացիներուն համար ԱՆՎՃԱՐ հետազօտութիւններ եւ նեղ-մասնագիտական խորհրդատուութիւններ իրականացուցած են ՈՒԱԿ-ի արհեստավարժ բժշկական անձնակազմի ներկայացուցիչները:

Այս առումով հետազօտութիւն (կրծքագեղձ, վայանձեւ գեղձ, որովայն) անցաւ եւ նեղ-մասնագիտական խորհրդատուութիւններ ստացաւ մարզի աւելի քան 200 բնակիչ:

Ուռուցքաբանութեան ազգային կեդրոնի մարզային այցերը պիտի կրեն շարունակական բնոյթ: ՙՄեզի համար կարեւոր է, որ մեր երկրին բնակչութիւնը ստանայ որակեալ մասնագիտական խորհրդատուութիւն, հետագայում` բուժում, անկախ բնակութեան վայրէն՚, կը յայտնեն կեդրոնէն:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ

Next Post

ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՙԿԻՆՈՏՈՒՆ՚ ԽՈՐԱԳՐՈՎ ՆՈՐ ԹԱՆԳԱՐԱՆԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻԵԱՆ

Next Post
ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՙԿԻՆՈՏՈՒՆ՚ ԽՈՐԱԳՐՈՎ ՆՈՐ ԹԱՆԳԱՐԱՆԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻԵԱՆ

ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՙԿԻՆՈՏՈՒՆ՚ ԽՈՐԱԳՐՈՎ ՆՈՐ ԹԱՆԳԱՐԱՆԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.