ՙԱրարատ՚ օրաթերթը ՙԱնհետացող Արհեստներ՚ յօդուածաշարքով պիտի անդրադառնայ հայկական աւանդական, անհետացող կամ պարզապէս հետաքրքրական ու եզակի արհեստներու եւ այն մարդոց, որոնց ջանքերով կը պահպանուին անոնք:
ԴԴՄԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ` ՀԵՐԻՔՆԱԶ ԽԱՉԻԿԵԱՆԻ ՀՆԱՐԱԾ ԱՐՀԵՍՏԸ
Արմաւիրի մարզի Երուանդաշատ գիւղին մէջ փոքրիկ աշխարհ մը կայ` դդմաշխարհ: Այն ստեղծած է Հերիքնազ Խաչիկեանը, որուն ձեռքին մէջ, ինչպէս յայտնի հեքիաթին մէջ, դդումները կը վերածուին հրաշքներու: Բայց ամէնէն շատ Հերիքնազը Անահիտ հեքիաթի հերոսուհիին կը նմանեցնեն. անոր ալ, ինչպէս Անահիտին, կարելի է տեսնել կարպետ, գորգ կամ գոբելեն (ձեռքով գործուած գորգ-նկար) գործելով: Արհեստներէն շատերուն կը տիրապետէ, բայց կայ մէկը, որ հազուադէպ կը հանդիպի ոչ միայն Հայաստանիմ, այլեւ ամբողջ աշխարհի մէջ:
Քանի որ Հայաստանի մէջ այս արհեստը չկայ, երեւի ես պիտի անունը յօրինեմ
Չնայած կան մարդիկ, որ դդումը կ՛օգտագործեն արուեստի մէջ, բայց անոնք դդումի վրայ ուղղակի իւղաներկով կամ այլ նիւթերով կը նկարեն, կիրառելի չեն դարձներ ու երեւի չեն ալ մշակեր: Իմ մօտ այլ է. ես ամէն ինչ դդումներու վրայ կ՛ընեմ, արհեստի տարբեր տեսակներ կը կիրառեն: Անգամ մը առաջարկեցին այս արհեստը անուանել դդմագոբելենագործութիւն, բայց, կը կարծեմ, որ դդմագործութիւնը աւելի համապատասխան է, քանի որ այստեղ հիմնական կաղապարը դդումն է, որուն վրայ տարբեր նիւթերով կ՛աշխատիմ:
Հիմնականին մէջ չինացիներն ու իտալացիները կը զբաղին դդմագործութեամբ
Երբ աւելի քան 10 տարի առաջ սկսայ դդումները մշակել, մենք տան մէջ նոյնիսկ համակարգիչ չունէինք, ես որեւէ տեղ չէի հանդիպած այսպիսի աշխատանքներու: Հիմա կը հետեւիմ. չինացիներն ու իտալացիները հիմնականին մէջ կը փորագրեն դդումի վրայ: Ամէն ինչն ալ կայ, շատ կայ, բայց նայելով կը զգամ, որ իրենցնը ուրիշ է, իմս հայկականն է` կարպետը, գորգը
Մեծ մօրս պատմութիւնն էր, որ ուժ տուաւ ինծի, յուշեց
Ամէն ինչ սկսաւ պատմութենէ մը, որ մէկ անգամ մեծ մայրս պատմեց: Անոր մեծ մայրերը, երբ Արեւմտեան Հայաստանէն` Բագարանէն կամ, ինչպէս իրենք կ՛անուանէին, Բագրանէն եկած են Երուանդաշատ, ու մարդիկ ափսէներ, ինչ-որ կիրառական պնակներ չեն ունեցած, այս դդումները կիրառելի դարձուցած են: Տակէն ծակած են, ցորեն, բրինձ, չիրեր եւ այլ մթերքներ պահած են անոնց մէջ: Յետոյ որոշեցի, որ այդ դդումներից պիտի աճեցնեմ:
Գիւղին մէջ մէկուն այգիին մէջ տեսած էի սիրուն-սիրուն կախուած այդ դդումներէն, ուզեցի, չտուին: Յետոյ քեռիիս տան մէջ սերմեր կային, որ տուած էին իրենց, անոնցմէ ինծի ալ տուին: Կը յիշեմ` այդ առաջին դդումը ինչ ըրի: Հասունցած ալ չէր, տակէն կտրտեցի, որ չորնայ, յետոյ զգացի, որ տակէն կտրատելը անիմաստ է. անոր մէջ որեւէ բան չենք կրնար պահել: Յետոյ այդ դդումի սերմերը ցանեցի, բայց դարձեալ չստացուեցաւ ինչ-որ բան ընել, փճացուցի, չէի կրնար, լեզուն չէի հասկնար: Տարիներու ընթացքում դդումները շատցան. յետոյ տանձանման դդումներ ձեռք բերոի, ապա` սնկանման:
Ի հարկէ, սնկանման դդումներու լեզուն դեռ չեմ հասկնար, չեմ կարնար մշակել: Հիմա հիմնականին մէջ մէկ տեսակի դդումներու վրայ կ՛աշխատիմ, որ կը կոչուին կուռմադդումներ կամ շշադդումներ:
Այն հողին, որուն մէջ կը ցանես, պիտի չդպչիս, պիտի թողես ինք աճի, մեծնայ
Երբ կ՛աճին, պիտի զանոնք շատ զգոյշ կապես ճիւղերէն: Ըսեմ` կրնայ ըլլալ որ խենթի տպաւորութիւն թողեմ, բայց քանի մը անգամ փորձած եմ. երբ դդումը կը սկսի բերք տալ, կ՛երթամ, կը նայիմ, յետոյ յաջորդ օրը կը նայիմ, չկայ, չորցած է. ես սնահաւատ մարդ չեմ, այդպիսի բաներու չեմ հաւատար, բայց յետոյ հասկցայ, որ անոնք իրօք շատ նուրբ են:
Այս գործին մէջ համբերութիւն պէտք է: Դդումները կ՛աճին մօտաւորապէս 7-8 ամիս, պիտի լաւ հասուննան: Քաղելէ յետոյ ահագին ժամանակ կը մնան դուրսը, յետոյ անոնք կը բարձրացնեմ տանիք, կը կախեմ, մէկ մասը կը պահեմ տան մէջ, որ շուտ չորնան, կամ չորանոցներու մէջ` լաւագոյն պարագային:
Մեր տան մէջ, որ ինչ-որ գործ կ՛ընեմ, երբեք չեն ըսեր` ՙվայ, այս ի՞նչ կ՛ընես՚, կը մտածեն, որ պարզապէս պիտի ընեմ: Մեր ընտանիքին մէջ բոլորը լրիւ այլ մասնագիտութիւն ունին, ու ես չէի պատկերացներ, որ պիտի դառնամ այն` ինչ կամ: Շնորհակալ եմ մօրս ու հօրս, որ զիս ճիշդ ուղիի վրայ դրին, ու հիմա կ՛ընեմ այն` ինչ կը սիրեմ: Տնեցիներն ալ բոլորը մխրճուած են այս գործին մէջ: Դդումներու աճեցման հարցով մայրս կ՛օգնէ, բայց հիմնականին մէջ հայրս զիս այսպիսին դաստիարակած է:
Համալսարանն ալ զիս մեծ ուղիներ ցոյց տուաւ
2013 թուականին ընդունուեցայ Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանի կիրառական արուեստի բաժին: Այստեղ, երբ դասախօսները կը տեսնէին. կ՛ըէին` ինչ հետաքրքրական գործեր կ՛ընես. այդ զիս կ՛ոգեւորէր: Կ՛ըսէին, որ այսպիսի բան դեռ չեն տեսած, եւ խորհուրդ տուին, որ շարունակեմ լրջօրէն զբաղիլ այս արհեստով:
Յետոյ սորվեցանք կարպետ գործել, յետոյ գորգ, գոբելեն ու մտածեցի` ինչո՞ւ դդումը չհենքեմ ու գործեմ: Սկիզբը մտածեցի` կանաչ դդումը հինեմ: Կը մտածէի, որ կը չորնայ, անհնար կ՛ըլլայ աշխատիլը, կը կոտրուի: Այդպէս կանաչ դդումի վրայ մեխեր մեխեցի: Յաջորդ օրը դդումը թառամած էր, հենքը` թուլցած: Քիչ մը հիասթափուեցայ, բայց մէկ տարի սպասեցի, այդ դդումը չորցաւ: Մեխերը, ի հարկէ, պոկեցի, հանեցի, ծակեր յառաջացան: Մտածեցի, որ հենքը կրնամ կարել անոր վրայ:
Այդ ինծի համար կարծես փորձադաշտ էր, ձեւով մը տառապելով գործեցի: Անհամեմատելի է ընդարձակ, ազատ տարածութեան մէջ ու այստեղ` փոքր տարածութեան ու դդումի վրայ գործելը: Ասեղով կը գործէի, մատներով հնարաւոր չէր: Անկէ ալ միտք մը յառաջացաւ, ու դդումներու վրայ սկսայ ասեղներով փորագրել: Ինչ-որ լոյսեր կը դնէի անոնց մէջ, հետաքրքրական ազդեցութիւններ կը ստացուէր: Իսկ արդէն շուտով անցանք փայտի գեղարուեստական մշակում, ու դասախօսը դարձեալ ինծի մեծ ուղի ցոյց տուաւ, ըսաւ` երկուր դդումի վրայ փորագրենք: Մտածեցի` հնարաւոր է կոտրուի, բայց փորձեցի: Ժայռապատկերներ նկարեցի դդումի վրայ, սկսանք փորագրել, եւ այն արդէն աւարտուն գործ դարձած է:
Այնուհետեւ ամրան ոչ թէ հենքը կարած եմ դդումին, այլ նոյնինքն դդումը հինած եմ, այդ աւելի բարդ էր: Դդումը մէջտեղէն կիսած եմ, քամանչայանման դարձած է, գոբելեն գործած եմ. ճիշդ է, երեւելի պատկեր չէ, բայց առաջին գործն է իր տեսակին մէջ: Յետոյ նոյնիսկ ասեղնագործած եմ դդումի վրայ` ճիւղերով: Ճիւղերով գործելը մեզ գիւղին մէջ սորվեցուցած են:
Իմ գիւղս իմ ոգեշնչման աղբիւրս է, ու գործերուս մէջ այդ կ՛երեւի
Գիւղին մէջ ամէն մէկ ծաղիկը, խոտը, զատիկները իմ աչքերով կը դառնան էսքիզ: Շրջապատի մարդիկ ծիծաղելով կ՛ըսեն` ըհը, Նազը քար մը գտած է, հիմա պիտի տանի, այդ քարը պիտի սարքէ գլուխ-գործոց: Նոյնինքն իմ ապրելու վայրս ալ կ՛ոգեշնչէ` Արաքսը, մեր գունաւոր հողերը. աշխարհի բոլոր գոյները մեր գիւղին մէջ կան: Այդ հնէաբաններն ալ կ՛ըսեն: Իմ բոլոր էսքիզները բնութենէն են: Օրինակ, այս դդումը դարձեալ բնութենէն է` վրան զարդարանքով սխտորներ պատկերուած են: Բնութիւնը մեր հանդէպ շռայլ գտնուած է, շատ բան տուելած է, պէտք է միայն տեսնել ու անտարբեր չըլլալ:
Որոշած եմ կիրառական արուեստի բոլոր ճիւղերը կիրառել դդումի վրայ
Արդէն եղած են գոբելեն, կարպետ, փայտ, նոր գործը երեւի թէ մետաղը պիտի ըլլայ: Շատ կը մտածէի, թէ ինչպէս զայն կարելի է կիրառել դդումի վրայ: Կը մտածէի, որ դդումը ծակեմ, ինչ-որ մետաղ անցընեմ, վերջը դասախօսս միտք մը տուաւ, որ կարելի է կտրատել դդումը ու մետաղը ծեծել անոր մէջ: Յառաջիկային ինծի բարդ աշխատանք կը սպասէ, բայց, կը կարծեմ, այդ ալ պիտի ստացուի:
www.mediamax.am
(2017)
2) Հերիքնազի դդմագործ աշխատանքներէն
3) Հերիքնազի աշխատանքներէն
4) Հերիքնազի միւս աշխատանքներէնª գոբելեններ
5) Զարդարանքի սխտորներով աշխատանքը
6) Հերիքնազ Խաչիկեան
7) Հերիքնազի առաջին գոբելենը