Ararad Daily
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily
No Result
View All Result

175 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԸ

August 29, 2022
in Յօդուածներ
0

Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին իր ծնունդով հայկական է: Ահա թէ ինչու ան անուանուեցաւ Հայաստանեայց: Իր նպատակը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ զարգացնել եւ ամրապնդել էր հոգեւոր-մտաւոր արժէքներ, որուն հիմքը Աստուածաշունչի պատգամին ընկալումն էր իւրաքանչիւր հայորդիի համար: Եւ Աստուածաշունչը կարդալը եւ ընկալելը բոլոր հայորդիներու համար է առանց տարիքի եւ ուսման մակարդակի: Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին իր այս առաքելութիւնը եթէ մէկ կողմէ իրագործեց եկեղեցական իմաստով, բայց նոյնքան նաեւ կրթական, ընկերային, մշակութային եւ այլ բնագաւառներէ ներս: Պատմական Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն սկսած եւ արեւելեան Հայաստան ու Արցախ, եւ այսօր Սփիւռքի շատ մը երկիրներու մէջ, Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին մնաց հաւատարիմ իր կոչումին եւ առաքելութեան մէջ: Ան այսօր կը շարունակէ իր ընթացքը` սատարելով հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր զարգացումին:

Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին չհաւատաց ու մինչեւ այսօր թիւի ուժին: Անոր առաքելութիւնը հայ մարդուն հոգեւոր ուժը զարգացնելու համար է որ պիտի սատարէ հայ ժողովուրդին կեանքի շարունակականութեան: Հոգեւոր ուժն է որ կը կերտէ կեանք: Պատմութիւնը կը կերտուի եթէ թիւով, բայց շատ աւելի` հոգեմտաւոր կարողականութեամբ եւ զօրութեամբ: Այս իմաստով, հայ ժողովուրդի կեանքին վերջին 175 տարիներու ժամանակահատուածին մէջ, Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցին ունեցաւ իր կարեւոր ներդրումը հայուն հայապահպանումի եւ ազգապահպանումի կեանքի պատմութիւնը դնելով շարունակական գործընթացի մէջ: Եթէ պատմութիւնը իր անցեալով, բայց նոյնքան այսօր ու ապագայի տեսլականով:

Յարգանքի եւ երախտագիտական խօսք Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադիր քառասուն անդամներուն: Բայց նոյնքան նաեւ անոր պատմութիւնը կերտած եւ մինչեւ այսօր իւրաքանչիւր եկեղեցական ու աշխարհական միտքին, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին հայուն հոգեւոր արժէքները ու անոնց գնահատումը վառ պահելու համար:

Շնորհաւոր 175-ամեակ եւ բարի երթ նոր ամեակներու: Նոր ամեակներ, բայց մէկ կարեւոր տեսլական: Քրիստոսի, Եկեղեցիին ու հայ ժողովուրդին հոգեմտաւոր ու ազգային արժէքներու ամրապնդումին ի խնդիր:

Եւ այս Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցիին 175 տարիներու աւանդն է որ պիտի շարունակուի:

 

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

Մետվետեւի Յայտարարութիւնը

Next Post

ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ

Next Post
ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ

ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

July 8, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

January 26, 2023
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

January 26, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

January 5, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

January 5, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.