Ararad Daily
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily
No Result
View All Result

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

August 25, 2022
in Տնտեսական
0
ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

 

 

ԼԻԲԱՆԱՆ

ՄԱՔՍԱՅԻՆ ՏՈԼԱՐԻ ԹՆՃՈՒԿԸ

Լիբանանի տնտեսական բարեկարգումի ժամը շատոնց հասած է: Ներկայիս մաքսային տոլարի համարժէքի հարցը գրաւած է բոլորին ուշադրութիւնը: Ղեկավարներ չեն գիտեր քանի լիբանանեան ոսկիի պիտի սահմանեն մէկ տոլարը` մաքսատունէն ապրանք հանելու պարագային: Ներկայիս մաքսատունէն ապրանք հանելու գումարը տակաւին մէկ տոլարի դիմաց 1500 լիբանանեան ոսկի է: Կը մտածուի այս գումարը բարձրացնել 20 հազար լիբանանեան ոսկիի, պետութեան եկամուտը աւելցնելու համար: Սակայն այս մէկ անգամէն կատարուելիք յաւելումը մեծ վնաս պիտի հասցնէ առեւտուրին: Բացատրենք: Ներկայիս ներածուած ապրանքին գինը եթէ 100 տոլար է եւ մաքսը 10 առ հարիւր է, որեմն մաքս վճարելէն ետք ապրանքին մաքսը լիբանանեան ոսկիով պիտի դառնայ 10 տոլար x 1500 = 15000 լիբանանեան ոսկի: Մինչ մաքսին փոխարժէքը 20 հազար լիբանանեան ոսկի ըլլալու պարագային, մաքսը պիտի դառնայ 10 x 20000 = 200000 լիբանանեան ոսկի: Այս գումարը վաճառականը պիտի աւելցնէ ապրանքի գինին վրայ եւ ապրանքին գինը պիտի սղի ու քաղաքացին պիտի չկարենայ գնել զայն, պատճառելով անգործութիւն: Ուրեմն, ըստ մասնագէտներու, աւելի լաւ է այս մաքսի փոխարժէքը պահել ցած` 1500-ի եւ 10.000-ի միջեւ, որպէսզի երկրին արդէն հիւծած տնտեսութիւնը չքայքայուի:

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐԸ

ՙԱռաւօտ՚ օրաթերթին մէջ Ճիւլիեթթա Թադեւոսեան կը նշէ այն կէտերը, որոնք պէտք է նկատի առնուին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ` երկրին տնտեսութիւնը հաւասարակշռելու համար.

– Դրամի արժեւորումը պէտք է կասեցուի, որովհետեւ բարձր փոխարժէքով դրամը պիտի վնասէ արտածումի վրայ հիմնուած ընկերութիւններուն եւ համակարգչային ծրագիրներ պատրաստող ընկերութիւններուն:

– Դրամատուներու մէջ ի պահ դրուած տոլարը չնչին տոկոսով պարտքի տալ փոքր եւ միջին չափի ընկերութիւններուն:

– Ապահովել երկրի պարէնային ապահովութիւնը:

– Փոքր եւ միջին չափի ընկերութիւններուն հարկերը նուազեցնել:

– Ճշդել տնտեսութեան զարգացումի առաջնակարգ նպատակները եւ աշխատիլ անոնց գործադրութեան ուղղութեամբ:

Այս յարափոփոխ եւ անկայուն համաշխարհային տնտեսական համակարգին մէջ կարեւոր է ներկայիս պահել արդիւնաւէտ տնտեսական համակարգ մը: Փորձեր կատարելու ժամանակը չէ ներկայիս: ԱՄՆ-Չինաստան երկբեւեռ տնտեսական պայքարի լոյսին տակ, ժամանակն է որ իւրաքանչիւր երկիր փնտռէ իր շահը եւ հաստատէ իր տնտեսական կարելիութիւններու քարտէսը եւ ուղղուի անոր համեմատ:

 

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՐԵՒՈՒԹԱԿԱՆ ՇՐՋԱԴԱՐՁԸ

Թեհրանի մէջ գումարուած եռակողմ գերաստիճանէն, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն միջեւ ու Սոչիի մէջ գումարուած Թուրքիա-Ռուսիա գերաստիճանէն ետք, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան եւ իր արտաքին գործերու նախարար Մեվլութ Չավուշօղլու սկսան Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի հանդէպ դրական յայտարարութիւններ կատարել: Ի՞նչ է պատճառը այս երեւութական շրջադարձին:

Առաջին գերաստիճանի ընթացքին, Թուրքիա լսեց յստակ խօսք մանաւանդ իրանեան կողմէն, թէ եկած է ժամանակը ըլլալու կա՛մ շրջանի ժողովուրդներուն հետ, կա՛մ` դէմ: Մոխրագոյն քաղաքականութիւն վարելու ժամանակը կը մօտենայ իր աւարտին: Թուրքիա զգաց, որ Սուրիոյ մէջ պիտի չկարենայ շարժիլ ուզածին նման եւ երկրին տնտեսական վիճակն ալ նախագահական ընտրութենէն առաջ պէտք ունի դրական ներուժի: Թշնամանալով Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ, ինք պիտի կորսնցնէ շրջանային երկու հզօր պետութիւններու տնտեսական նեցուկը: Իսրայէլի հետ յարաբերութեան բարելաւումն ալ կ’իյնայ այս տնտեսական պատճառներու շարքին մէջ: Վերոյիշեալ պատճառներով Էրտողան որոշեց մնալ շրջանային ուժերու ճամբարին կողմը, երեւութապէս օգուտ քաղելու համար որպէս միջնորդ ներկայանալու վիճակէն:

 

 

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ

ՊՐԻՔՍ ԵՒ ԳԵՐՄԱՆԻԱ

Բազմաբեւեռ աշխարհակարգի հիմնումին մէջ մեծ դեր վերապահուած է ՊՐԻՔՍ տնտեսական համախմբումին: Անոր հիմնադիրները` Պրազիլ, Ռուսիա, Չինաստան, Հնդկաստան եւ Հարաւային Ափրիկէ կը կազմեն շրջանային տնտեսական հսկաներ: Ըստ Ռուսիոյ մէջ Չինաստանի դեսպանին, Չինաստան եւ Ռուսիա կը մնան շարժիչները այս հսկային: Համախմբումը կը պարունակէ աշխարհի բնակչութեան 42 առ հարիւրը, աշխարհի տնտեսութեան 25 առ հարիւրը: Այս համախմբումի երկիրներու տնտեսական աճը աշխարհի արձանագրած աճին կէսն է, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ այս երկիրները աշխարհի տնտեսական աճի շարժիչներն են: Ուրիշ կարեւոր գործօն մըն է, որ շատ մը շրջանային տնտեսական կարեւորութիւն ունեցող երկիրներ, ինչպէս Իրան, Թուրքիա, Ալճերիա եւ Արժանթին կը հետաքրքրուին այս համախմբումով եւ լրջօրէն կը մտածեն անոր միանալ: Ըստ դեսպանին, ՊՐԻՔՍ շատ կարեւոր դեր ունի խաղալիք բազմաբեւեռ աշխարհակարգի հաստատումին մէջ, նեցուկ կանգնելով Ռուսիոյ եւ Չինաստանի վարած հակամիաբեւեռ քաղաքականութեան:

Ըստ ամերիկեան ՙՊլումպըրկ՚ լրատուական հաստատութեան, ներկայ բնական կազի ներածումի պայմաններուն մէջ, Գերմանիա կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէր մը: Գերմանիոյ տնտեսութեան ողնայարը համարուող ինքնաշարժի կտորներու, քիմիական եւ պողպատի ճարտարարուեստները պէտք ունին աժան ներածուող ռուսական կազին: Անոր բացակայութեան, զայն փոխարինողը պիտի ըլլայ սուղ, արտադրութեան ծախքը պիտի աւելնայ եւ այդ ընկերութիւնները պիտի կորսնցնեն իրենց յաճախորդները ու սնանկանան: Ուրիշ լուծում կը համարուի ընկերութիւններուն հեռանալը այլ երկիրներ, ուր մարդուժի եւ ուժանիւթի գինը աւելի յարմար է: Այսպիսով, ըստ ՙՊլումպըրկ՚ի, Գերմանիա կրնայ կորսնցնել իր տնտեսութեան շարժիչը` ճարտարարուեստը, իր ժխտական հետեւանքներով:

 

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ

ՊԱՐՏՔ-ԳՈՅՔ ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԻՒՆ (Debt-Equity Ratio)

Տնտեսագիտութեան մէջ, պետութեան կամ ընկերութիւններու տնտեսական վիճակը ցոյց տուող ամենակարեւոր ցուցանիշներէն մէկն է անոնց պարտք-գոյք համեմատութիւնը: Այսինքն, եթէ ընկերութիւն մը կամ պետութիւն մը իր ունեցած դրամագլուխի, գանձելիներու եւ գոյքի գումարին դիմաց պարտքի դրամ առած է, այդ պարտքը պէտք է ըլլայ վճարելիի սահմանին մէջ: Օրինակի համար, եթէ պետութեան մը տարեկան եկամուտը վեց միլիառ ԱՄՆ տոլար է, ան կրնայ պարտք ստանալ այս գումարի մէկ երրորդ չափով կամ երկու միլիառ տոլար: Կարեւորը այն է, որ այս համեմատութիւնը միշտ պահուի եւ պարտքին չափը չանցնի երկրին կամ ընկերութեան եկամուտին 60 առ հարիւր համեմատութիւնը: Հակառակ պարագային մենք կ’ունենանք Յունաստանի եւ Լիբանանի օրինակները: Պետութիւններ, որոնք չպահեցին այս համեմատութիւնը եւ մտան վտանգաւոր կացութեան մէջ: Սնանկութիւն յայտարարեցին ու երկիրը մտցուցին տնտեսական ժխտական հոլովոյթի մէջ, չպահելով ոսկեայ այս օրէնքը` պետութեան կամ ընկերութեան ծաւալը կախում ունի անոր եկամուտէն, եթէ եկամուտ չկայ, փոքրացուցէք պետութեան կամ ընկերութեան ծաւալը: Պարտքի դրամ առնելով ծաւալ մի պահէք: Այս դասն է որ սորվեցանք Յունաստանէն եւ Լիբանանէն:

 

Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԻՐ ՓԱՌԱՊԱՆԾ 60-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ` ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՋԵՐՄՈՒԹԻՒՆ ԲՈՒՐՈՂ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍԵՒԱՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ԽԱՐՈՒԿԱՀԱՆԴԷՍԸ

Next Post

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՎԱՆԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Next Post

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՎԱՆԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

July 8, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

January 26, 2023
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

January 26, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

January 5, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

January 5, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.