ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեան այցելած է Արագածոտնի մարզ: Աշտարակի մէջ Աննա Յակոբեանը դիմաւորած են Արագածոտնի մարզպետ Սերկէյ Մովսիսեանը տիկնոջ հետ եւ Աշտարակի համայնքի ղեկավար Թովմաս Շահվերտեանը` անոր ուղեկցելով Պերճ Պռոշեանի տուն-թանգարան: Թանգարանի տնօրէն Մարինէ Թումանեանը վարչապետին տիկնոջը ներկայացուցած է թանգարանի ստեղծման պատմութիւնը:
Աննա Յակոբեանին ներկայացուած են Պռոշեանի կեանքին եւ գործունէութեան կարեւոր դրուագներ` շեշտելով, որ կանանց կրթութիւնը եղած է արձակագրի ուշադրութեան կեդրոնին, ան Թիֆլիսի մէջ հիմնադրածլ է Գայանեան օրիորդաց դպրոցը:
Վարչապետի տիկնոջ երկրորդ կանգառը Արագածոտնի մարզոին մէջ Կարմրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցին էր: Եկեղեցւոյ մէջ զայն դիմաւորած է հոգեւոր հայր Տէր Մանուկ քահանայ Զեյնալեանը:
Արագածոտնի մարզպետ Սերկէյ Մովսիսեանը եւ անոր տիկինը Աննա Յակոբեանին նուիրած են Կարմրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ իւղաներկ նկար: