Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԱՀՐԱՄ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՀՀ-Ի ՄԷՋ ՊԵԼԱՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԵՒւ ԼԻԱԶՕՐ ԴԵՍՊԱՆԸ

August 23, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՎԱՀՐԱՄ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՀՀ-Ի ՄԷՋ ՊԵԼԱՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԵՒւ ԼԻԱԶՕՐ ԴԵՍՊԱՆԸ

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Տումանեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Պելառուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալեքսանտր Քոնիւքը: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեանը:

Ողջունելով դեսպանին այցը նախարարութիւն եւ կարեւորելով երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները` Վահրամ Տումանեան վստահութիւն յայտնած է, որ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան ոլորտներուն մէջ անհրաժեշտ է աւելի սերտացնել համագործակցութիւնը:

Նախարարը շեշտադրած է համատեղ նախագիծերու իրականացումը` համոզմունք յայտնելով, որ հանդիպման շնորհիւ պիտի նախանշուին շարք մը գործնական քայլեր:

Վահրամ Տումանեանի խօսքով` յատկապէս գիտութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ երկու երկիրները ունին շատ ընդհանրութիւններ եւ փորձի փոխանակման մեծ ներուժ:

Նախարարը նշած է, որ 2018-ին ստորագրուած է ՙՀայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութեան եւ Պելառուսիոյ Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութեան միջեւ 2019-2022 թուականներու մշակութային համագործակցութեան մասին՚ ծրագիրը, որունհամաձայն` 2019 թուականի 16-19 Մայիսին կազմակերպուած է ՙՊելառուսիոյ մշակոյթի օրեր Հայաստանի մէջ՚ ծրագիրը: Ըստ Վահրամ Տումանեանի` 2020-ին Պելառուսիոյ մէջ կը նախատեսուէր կազմակերպել Հայաստանի մշակոյթի օրերը, ինչ որ, ցաւօք, չէ կայացած` Քովիտ-19 համավարակով եւ պատերազմով պայմանաւորուած: Նախարարը յոյս յայտնած է, որ յառաջիկային հնարաւոր պիտի ըլլայ զանոնք կազմակերպել` հաշուի առնելով համատեղ ծրագրերն ու նախագծերը:

Դեսպան Ալեքսանտր Քոնիւքը շնորհակալութիւն յայտնած է իրենց նախաձեռնութիւններուն եւ առաջարկներուն արագ արձագանգելու համար: Ան մատնանշած է այն ուղղութիւնները, որոնցով պելառուսական կողմը պատրաստ է գործնական քայլերու` ընդգծելով, որ Հայաստանի մէջ կրթութեան որակը բարձր է: Դեսպանը Վահրամ Տումանեանը հրաւիրած է Պելառուսիա` ծանօթանալու այդ երկրի գիտակրթական եւ մշակութային հաստատութիւններու գործունէութեան, յատկապէս` տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ պելառուսական փորձին:

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու եւ գործնական քայլերու անցնելու վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելու:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱԿԱՓՏԱԾՈՒԹԻՒՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏԱԾ Է 4,5 ՄԻԼԻԱՌ ԴՐԱՄԻ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀՈՂԱՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ՅԱՓՇՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՊՔԵՐ

Next Post

ՀԱՅ ՊԱՏԱՆԻ ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐԸ 2 ՈՍԿԷ ԵՒ 4 ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼ ՆՈՒԱՃԱԾ ԵՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Next Post
ՀԱՅ ՊԱՏԱՆԻ ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐԸ 2 ՈՍԿԷ ԵՒ 4 ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼ ՆՈՒԱՃԱԾ ԵՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

ՀԱՅ ՊԱՏԱՆԻ ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐԸ 2 ՈՍԿԷ ԵՒ 4 ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼ ՆՈՒԱՃԱԾ ԵՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.