Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱԿԱՓՏԱԾՈՒԹԻՒՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏԱԾ Է 4,5 ՄԻԼԻԱՌ ԴՐԱՄԻ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀՈՂԱՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ՅԱՓՇՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՊՔԵՐ

August 23, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՀԱԿԱՓՏԱԾՈՒԹԻՒՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏԱԾ Է 4,5 ՄԻԼԻԱՌ ԴՐԱՄԻ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀՈՂԱՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ՅԱՓՇՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՊՔԵՐ

 

Հակափտծութիւն կոմիտէն բացայայտած է 4,5 միլիառ դրամի համայնքային եւ պետական սեփականութիւն հանդիսացող հողատարածքներու յափշտակութեան դէպքեր. մեղադրանք ներկայացուած է 6 անձի, այդ շարքին` ՀՀ Կադաստրի կոմիտէի նախկին պաշտօնեայի:

ՀՀ հակափտածութեան կոմիտէին մէջ ՀՀ Կադաստրի կոմիտէին հետ համագործակցուած աշխատանքի շնորհիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջանակին մէջ ձեռք բերուած են յանցանքի կատարումը վկայող փաստեր այն մասին, որ ՀՀ Կադաստրի կոմիտէի նախկին պաշտօնեան` Գ.Մ., շարք մը անձերու օժանդակութեամբ, ինչպէս նաեւ պաշտօնատար անձերու կողմէ ծառայողական լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ պաշտօնէական կեղծիքներ կատարելու հետեւանքով խարդախութեամբ յափշտակած է ընդհանուր շուրջ 4,5 միլիառ դրամ շուկայական արժէքով 7 հողատարածքներ, որոնցմէ 4-ը նախնական համաձայնութեամբ յափշտակած է իր մտերիմ Ա.Մ.-ի հետ:

Նախաքննութեամբ պարզուած է, որ 2007-2014 թուականներու ընթացքում Գ.Մ.-ն, ՀՀ Կադաստրի կոմիտէին մէջ տարբեր պաշտօններ զբաղեցնելով, մտերիմ յարաբերութիւններ հաստատած է նոյն կառոյցի այլ պաշտօնատար անձերու հետ: Այնուհետեւ վերջիններուս օգնութեամբ Գ.Մ.-ն 2016-2017 թուականներուն, Ա.Մ.-ի հետ նախնական համաձայնութեամբ, մտադրուած է դիտաւորութեամբ փաստերը խեղաթիւրելու միջոցով յափշտակել առանձնապէս մեծր չափերու համայնքային եւ պետական սեփականութիւն հանդիսացող շուրջ 80 հազար քառակուսի մեթր ընդհանուր մակերեսով հողատարածքներ:

Նախաքննութեան ընթացքին հիմնաւորուած  է, որ Գ.Մ.-ի եւ Ա.Մ.-ի կողմէ յափշտակուած են ներքոյիշեալ համայնքային եւ պետական սեփականութիւն հանդիսացող հողատարածքները, որոնք ձեւակերպուած են վերջիններուս օժանդակած տարբեր անձերու անուններով:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: Կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ եւ հետախուզական միջոցառումներ` համայնքային եւ պետական սեփականութիւն հանդիսացող հողատարածքներու յափշտակութեան յանցաւոր ծիրին մէջ ընդգրկուած բոլոր անձերու, այդ շարքին` ՀՀ Կադաստրի կոմիտէին եւ Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ պաշտօններ զբաղեցուցած, առերեւոյթ պաշտօնէական դիրքը չարաշահած եւ պաշտօնէական կեղծիք կատարած անձերուն ինքնութիւնները պարզելու ուղղութեամբ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻ ԵՒ ՙSTARMUS՚-Ի ՄԻՋԵՒ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԱԾ Է ՓՈԽԸՄԲՌՆՄԱՆ ՅՈՒՇԱԳԻՐ

Next Post

ՎԱՀՐԱՄ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՀՀ-Ի ՄԷՋ ՊԵԼԱՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԵՒւ ԼԻԱԶՕՐ ԴԵՍՊԱՆԸ

Next Post
ՎԱՀՐԱՄ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՀՀ-Ի ՄԷՋ ՊԵԼԱՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԵՒւ ԼԻԱԶՕՐ ԴԵՍՊԱՆԸ

ՎԱՀՐԱՄ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՀՀ-Ի ՄԷՋ ՊԵԼԱՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԵՒւ ԼԻԱԶՕՐ ԴԵՍՊԱՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.