Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻ ԵՒ ՙSTARMUS՚-Ի ՄԻՋԵՒ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԱԾ Է ՓՈԽԸՄԲՌՆՄԱՆ ՅՈՒՇԱԳԻՐ

August 23, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՀՀ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻ ԵՒ ՙSTARMUS՚-Ի ՄԻՋԵՒ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԱԾ Է ՓՈԽԸՄԲՌՆՄԱՆ ՅՈՒՇԱԳԻՐ

ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեանը եւ ՙSTARMUS՚ միջազգային փառատօնի համահիմնադիր, տնօրէն դոկտոր Գարիկ Իսրայէլեանը ստորագրած են փոխըմբռնման յուշագիր: Յուշագրի ստորագրմամբ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան պաշտօնապէս դարձաւ Երեւանի մէջ կայանալիք ՙSTARMUS VI՚ գիտութեան, արուեստի ու երաժշտութեան միջազգային փառատօնի կազմակերպման գործընկերը եւ աջակիցը:

ՙSTARMUS VI՚ փառատօնը Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ 5-11 Սեպտեմբեր 2022-ին եւ նուիրուած պիտի ըլլայ Մարսի վրայ առաջին վայրէջքի 50-ամեակին: Նախապէս այն տեղի ունեցած է Սպանիոյ, Նորվեկիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ:

ՙԱյս փառատօնը առաջին հերթին համագործակցութեան նոր ուղիներու, նոր եզրերու, նոր քննարկումներու հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ, քանի որ հանրայայտ գիտնականներ, Նոպէլեան մրցանակակիրներ պիտի այցելեն Հայաստան: Այս միջոցառումը յատկապէս մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ երիտասարդ գիտնականներու համար: Այսպիսի միջոցառումներով մենք պէտք է փորձենք մեր երիտասարդ գիտնականները ուղղորդել, պահել գիտութեան մէջ: Կ՛ողջունեմ այս նախաձեռնութիւնը, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ կազմակերպիչներուն, պարոն Իսրայէլեանին, մեր կառավարութեան համապատասխան կառոյցներուն, որոնք կ՛աջակցին փառատօնի կայացման՚, ըսած է ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեանը:

ՙՙSTARMUS VI՚ փառատօնն առաջին հերթին մեր երիտասարդներուն համար է, որ մղէ զանոնք չթողելու գիտութիւնը, շարունակելու գիտութեան ասպարէզին մէջ, աշխատելու եւ համոզուած ըլլալու, որ գիտութեան դերը հասարակութեան մէջ երթալով աւելի պիտի զօրանայ: Ինչ-որ փուլ եղաւ, որ գիտութեան կարողութիւնը նուազեցաւ, սակայն ես միշտ կ՛ըսեմ, որ այն անցեալին է, եւ հիմա մենք նոր փուլ կը մտնենք: Աստիճանաբար բոլորը պիտի հասկնան, որ առանց գիտութեան մարդկութիւնը ապագայ չունի՚, ըսած է ՙSTARMUS՚ միջազգային փառատօնի համահիմնադիր, տնօրէն դոկտոր Գարիկ Իսրայէլեանը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՍՈՒՐՄԱԼՈՒ՚Ի ՊԱՅԹՈՒՄԸ ԴԵՌ ԿԸ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԻ

Next Post

ՀԱԿԱՓՏԱԾՈՒԹԻՒՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏԱԾ Է 4,5 ՄԻԼԻԱՌ ԴՐԱՄԻ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀՈՂԱՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ՅԱՓՇՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՊՔԵՐ

Next Post
ՀԱԿԱՓՏԱԾՈՒԹԻՒՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏԱԾ Է 4,5 ՄԻԼԻԱՌ ԴՐԱՄԻ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀՈՂԱՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ՅԱՓՇՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՊՔԵՐ

ՀԱԿԱՓՏԱԾՈՒԹԻՒՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏԱԾ Է 4,5 ՄԻԼԻԱՌ ԴՐԱՄԻ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀՈՂԱՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ՅԱՓՇՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՊՔԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.