Երեւանի ՙՍուրմալու՚ կեդրոնի պայթումին առնչութեամբ ցարդ հարցաքննուած է 90 հոգի: Տակաւին կեդրոնի սեփականատէրը չէ հարցաքննուած: Ըստ Քննչական կոմիտէի տուեալներուն, 72 քաղաքացի վիրաւորուած է, 16 հոգի զոհուած է, 32 անձ գոյքի վնաս կրած են: 50 անձի տուժողի կարգավիճակ տրուած է: Ցարդ մեղադրեալներ չկան: