ԱՄՆ-ի մէջ աւարտեցան Կիներու ֆութպոլի միջազգային ախոյեանութեան մրցումները աշխարհի ամենազօրաւոր ակումբներուն միջեւ: Աւարտական մրցումին, Փորթլէնտ քաղաքի ՙՓրովիտընս Փարք՚ մարզադաշտին վրայ մրցեցան Եւրոպայի ախոյեան Ֆրանսայի ՙՕլիմփիք Լիոնէ՚ն եւ Մեքսիքայի ՙՄոնթըրրէյ՚ը: ՙՕլիմփիք՚ ունէր տարածքային առաւելութիւն, որ հասաւ 61 առ հարիւրի: Խումբը գործեց արդիւնաւէտ ձեւով եւ կրցաւ կատարել 8 դիպուկ եւ 5 անկիւնային հարուած, որոնցմէ կրցաւ նշանակել չորս կոլ: Ամերիկացի կիսապաշտպան Հորան տուգանայինով` 39-րդ, 43-րդ, գերմանացի կիսապաշտպան Տեպրից` 53-րդ եւ փոխարինող դանիացի յարձակող Պրիւն` 64-րդ վայրկեաններուն նշանակեցին խումբին կոլերը, Մալարի եւ Լը Սոմմէի փոխանցումներով: ՙՄոնթըրրէյ՚ն ալ կատարեց 7 դիպուկ ու 2 անկիւնային հարուած, սակայն ապարդիւն: ՙՕլիմփիք Լիոնէ՚ յաղթանակ տարաւ ու շահեցաւ տիտղոսը: Երրորդ դիրքի մրցումին, Անգլիոյ ՙՉելսի՚ն միակ կոլով յաղթեց ԱՄՆ-ի ախոյեան ՙՓորթլէնտ Թորնզ՚ին, 64-րդ վայրկեանին նորվեկիացի կիսապաշտպան Ռեյթընի նշանակած կոլով: Ստորեւ տեսնել արձանագրուած արդիւնքները.
– 3-րդ դիրք. Փորթլէնտ Թորնզ (ԱՄՆ) – Չելսի (Անգ.) 0-1
– Աւարտ. Օլիմփիք Լիոնէ (Ֆր.) – Մոնթըրէյ (Մեքս.) 4-0