Շաբաթվերջին սկսան Աշխարհի մինչեւ 20 տարեկան կիներու ֆութպոլի բաժակի վճռական, քառորդ աւարտական հանգրուանի մրցումները Քոսթա Ռիքայի մարզադաշտերուն վրայ: Քառորդ աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
– Սպանիա – Մեքսիքա 1-0
– Գոլոմպիա – Պրազիլ 0-1
Առաջին մրցումին, Գերմանիան դուրս ձգած Մեքսիքայի հաւաքականը մրցեցաւ Սպանիոյ դէմ ու զիջեցաւ միակ կոլով: ՙՍեւիյա՚ի կիսապաշտպան Ինմա Կապարրօ նշանակեց կոլը, Սալմա Փարայուելոյի փոխանցումով: Երկրորդ մրցումին, Պրազիլ կրցաւ յաղթել Գոլոմպիայի հաւաքականին, ՙՔորինթիանզ՚ի պաշտպան Թարսիանի 26-րդ վայրկեանի տուգանային հարուածով: