ՙԱրարատ՚ օրաթերթը ՙԱնհետացող Արհեստներ՚ յօդուածաշարքով պիտի անդրադառնայ պիտի ներկայացնէ հայկական աւանդական, անհետացող կամ պարզապէս հետաքրքրական ու եզակի արհեստներու եւ այն մարդոց, որոնց ջանքերով կը պահպանուին անոնք:
ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆ, ՋՈՒՐ, ՕՃԱՌ ԵՒ ԲՈՒՐԴ. ԹԱՂԻՔԻ ՊԱՏՐԱՍՏՄԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ
Ժողովրդական վարպետ Լալա Մնէեանի ձեռքով կը պատրաստուին զարմանահրաշ իրեր` զարդեր, պայուսակներ, տարբեր կենդանիներէ մինչեւ գեղեցիկ ծաղկամաններ եւ ոչ միայն: Առաջին հայեացքէն դժուար է հաւատալ, որ անոնք պատրաստուած են սովորական բուրդէ: Տիկին Մնէեանը Հայաստանի մէջ այն եզակի մարդոցմէ է, որ կը զբաղի ոչ միայն թաղիքագործութեամբ, այլեւ այդ արհեստի վերականգնմամբ ու տարածմամբ:
Թաղիքագործութեամբ մանկութենէս հետաքրքրուած եմ
Ընդհանրապէս, այն ամէնը, ինչ որ ձեռային աշխատանքի հետ կապուած է, զիս հետաքրքրած է: Հետաքրքրութիւնս աւելի խտացաւ, երբ խորհրդային տարիներուն` մօտ 40 տարի առաջ, ես եւ ամուսինս կ՛աշխատէինք յուշարձաններու վերականգնման արուեստանոցին մէջ` որպէս ձեւաւորողներ: Այդ ժամանակներուն ոչ մէկը համարեա այդպիսի բաներով կը զբաղէր, եւ ես սկսայ կարպետ գործել` ասեղնագործել մանկութենէս գիտէի, խորացուցի:
Ուսումնասիրելով, քանդելով` կը գտնէի, թէ ինչպէս գործած են զանբնք. մէկը չկար որ սովորեցնէր: Շատ կ՛ուզէի թաղիքի հետ աշխատիլ, որովհետեւ ունէինք մեծ մօրմէս ժառանգած թաղիքի գորգ: Յետոյ խնդրեցի, մեծ մայդս այդ նուիրեց ինծի, մինչեւ հիմա կայ:
Ինծի համար շատ հետաքրքրական էր, թէ ինչպէս զայն պատրաստած են, յետոյ Պատմութեան թանգարանին մէջ տեսած էի հագուստի մասեր` գդակ, թաղիքէ կարմիր թասակներ, շատ կ՛ուզէի սորվիլ:
Մեկնեցայ Հոլանտա` վերապատրաստուելու
Իմ բախտէս, ընկերուհի մը ունիմ, որ հոլանտուհի է, ան իմացաւ իմ հետաքրքրութիւններուս մասին. այդպէս մեկնեցայ եւ վերապատրաստուեցայ հայկական գործուածքներու վերաբերեալ: Այնտեղ ուսուցչուհիս, որ ինծի կը սովորեցնէր կարպետային գործուածքներ, գօտիի գործուածքներ, առաջարկեց, որ նաեւ թաղիքագործութիւնը սորվիմ: Սորվեցայ ժամանակակից եւ աւանդական թաղիքագործութիւն:
Վերապատրաստուեցայ Հոլանտայի մէջ, եկայ, արհեստը մեր մօտ սորվեցուցի, եւ յետոյ հրաւիրեցինք այդ մասնագէտը, որ անվճար երեք տարի եկաւ եւ իւրաքանչիւր տարի մօտ մէկ շաբաթ դասընթացքներ կատարեց այստեղ: Ամենասկիզբը սորվորողները 15 հոգի էին, ապա նոր մասնակիցներ ներգրաւուեցան, այսինքն` անոր մօտ 20-22 հոգի վերապատրաստում անցան:
Թաղիքի համար պէտք են ցանկութիւն, ջուր, օճառ եւ, ի հարկէ, բուրդ
Բուրդը շատ ենթարկուող է, ինչ ուզես կրնաս ստանալ անկէ: Շատ նման է մանուկի, որ հասարակութեան ձեռքը կ՛իյնայ, սկսեալ ընտանիքէն, կը դաստիարակուի, կը ձեւաւորուի. այդպէս ալ բուրդը` ինչ կ’ուզենք, այն ալ կը ստանանք: Ընդամէնը ցանկութիւն պէտք է, ժամանակ, քիչ մը հմտութիւն եւ այնպիսի մէկը, որ ուղղութիւն ցոյց կու տայ:
Թաղիքը ամենանախնական գործուածքն է, քանի որ անոր համար որեւէ գործիք պէտք չէ, միայն ջուր եւ խոնաւութիւն: Նոյնիսկ առանց օճառի ալ կ՛ըլլայ, օճառը միայն կը հեշտացնէ գործը: Հին ժամանակներուն, երբ թաղիքը փռած են, օճառ չեն օգտագործած, միայն ջուր: Բուրդ գզող (բուրդ սանտրող) արհեստաւորները` գզրարները, հիմնականին մէջ տղամարդիկ էին, որովհետեւ այդ գործը ուժ կը պահանջէր: Անոնք յաճախ կը շրջէին գիւղէ գիւղ, կը գզէին բուրդը:
Այն բուրդը, որ մենք կ՛օգտագործենք վերմակի ու ներքնակի համար, թաղիքի համար պիտանի չէ: Եթէ մենք անկողնի բուրդը պիտի միայն ճիպոտով չբխենք, այսինքն` ընդամէնը քիչ մը բանանք, ապա թաղիքի համար պիտի լաւ գզած բուրդ կ՛ըլլայ: Այնտեղ կ՛ընտրենք երկարամազ, ուշ թաղկող բուրդը, իսկ այստեղ` հակառակը: Թաղիքի համար կ՛օգտագործենք այն, ինչն այնտեղ պիտանի չէ:
Ըստ աւանդութեան, առաջին թաղքադիրը եղած է Նոյը
Ըստ աւանդութեան, երբ Նոյ նահապետը իջաւ Արարատին, տեսաւ, որ Տապանի յատակին ինչ-որ գործուածք յառաջացած է, շօշափեց, տեսաւ, որ բուրդը խոնաւութենէն սեղմուած է եւ յառաջացած է թաղիք` առաջին կտորը: Այս վկայութիւն մըն է, որ թաղիքի յառաջացումը կը կապէ Հայկական լեռնաշխարհին հետ:
Եւրոպան թաղիքագործութիւնը վերայայտնագործեց` ինչպէս մեր մօտ մոռցուած էր, նոյնպէս եւ այնտեղ: Կար միայն թաղիքագործութեան մեքենայացուած արտադրութիւն` բոլորովին ուրիշ եղանակով, որով կը ստանան ֆեթրը եւ անկէ ամենատարբեր պարագաներ կը պատրաստեն, իսկ ձեռքով պատրաստելը Եւրոպան վերայայտնագործեց մօտաւորապէս 25-30 տարի առաջ:
Եթէ մենք հիմա թաղիք չենք պատրաստեր, չի նշանակեր, որ հին ժամանակներուն չենք ունեցած
Ժանեակ ունեցող ժողովուրդը պիտի անպայման աւելի վաղ ժամանակներէն մէկ արհեստէ սկսած ըլլայ: Ժանեակ ունենալը կը նշանակէ արհեստի, բարեկեցութեան ու զարգացուածութեան գերագոյն աստիճան: Երկար ճանապարհ կայ անցած, որ եկած, հասած ենք ամենանուրբին` ժանեակին: Մեր մօտ թաղիքը շատ տարբեր տեղերու մէջ գործածուած է, կան հին վկայութիւններ, պատմական տեղեկութիւններ մեր մօտ թաղիքի կիրառման մասին: Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան մէջ, տարբեր պատմիչներու գործերու մէջ թաղիքի մասին յիշատակութիւններ կան:
Կորսնցուցած ենք ոչ միայն արհեստը, այլեւ անոր հետ կապուած բառապաշարը
Այդ բառապաշարն ալ շատ կարեւոր է, եւ հիմա, եթէ մենք պիտի վերականգնենք արհեստը, չենք կրնար ներկայիս բառապաշարով զայն բնորոշել, պիտի բառապաշարն ալ վերականգնենք: Օրինակ, պիտի չըսենք թաղիք սարքել, այլ` թաղիք նետել: Բուրդի տարբեր վիճակներու համար նոյնպէս հայերէն տարբեր անուանումներ կան: Օրինակ, մենք հիմա ունինք թաղիքագործ բառը, բայց առաջ անոնք կոչուած են թաղքադիր` թաղիք դնող:
Քեչան հայկական գրաբարեան ՙկաճ՚ բառէն է, որ հետագային բարբառներու միջոցով անցած է ներկայիս թրքերէնին: Թուրքերը թաղիքին կ՛ըսեն ՙքեչէ՚, եւ շատերը հիմա այդ բառը օգտագործելով կը կարծեն, թէ թրքերէն է, բայց այն իրականութեան մէջ հայերեն բառ է, մեր բարբառներուն մէջ այդպէս` քեչա ալ կ՛ըսեն:
Հայաստանի մէջ զարգացման միտումները աննշան են, քանի որ ամէն ինչ ձգուած է անհատներու հայեցողութեան: Եթէ ոեւէ մէկը այսօր անով զբաղի, կը զարգանայ, չզբաղի` չի զարգանար: Պետական հոգածութիւնը շատ չնչին է: Միայն մէկ դրական օրինակի մասին կրնամ խօսիլ. ՀՀ Մշակոյթի նախարարութիւնը, երբ իմացաւ այս նախաձեռնութեան մասին, ֆինանսաւորեց մէկ ծրագիր, որու շրջանակին մէջ արհեստը սորվեցուինք Կիւմրիի եւ Գաւառի մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու: Բայց այդ քիչ է:
Ընդհանրապէս, արհեստներու զարգացումը պիտի դրուի պետական քաղաքականութեան հիմքին: Մենք գործարաններ չունինք, բայց մարդիկ գիւղերու մէջ ունին հնարաւորութիւն, կրնան ոչխարներու այն տեսակը բուծել, որոնք կարճամազ են, յետոյ թէկուզ տնային պայմաններու մէջ բուրդ պատրաստեն:
Մենք հիմա կ՛օգտագործենք տեղական հայկական բուրդը, բայց քանի որ անկէ շատ բաներ պատրաստել չ՛ըլլար, կը ներկրենք մերինոս ոչխարներու բուրդ, իսկ այդ շատ թանկ է:
Նոր բնագաւառ տնտեսութեան մէջ
Այն կրնայ մարդոց մեծ օգուտներ բերել: Օրինակ` իմ որդիիս ծառայութեան տարիներուն անոր եւ իր ընկերներուն ուղարկած եմ ճտքակօշիկներու մէջ հագնելու թաղիքէ գուլպաներ, եւ անոր շնորհիւ անոնց ոտքերը պաշտպանուած են ցուրտիէն: Մենք շատ տեղերու մէջ ունինք անոր անհրաժեշտութիւնը, բայց երբեմն չենք տեսներ:
Միշտ կը մեկնիմ վերապատրաստման: Աշխարհը յառաջ կը շարժի, անընդհատ նոր արհեստագիտութիւննե ի յայտ կու գան: Շատ բաներ, ի հարկէ, կարելի է համացանցի վրայ տեսնել, բայց ըսեմ, որ որա
կեալ գործ ընելու համար անընդհատ պէտք է շփուիլ ոլորտի մասնագէտներու հետ, վարպետութեան դասերու մասնակցիլ: Յոյս ունիմ, որ համատեղ ջանքերով յառաջիկային թաղիքագործութիւնը Հայաստանի մէջ մեծ տարածում կը ստանայ:
www.mediamax.am
(2017)
1) Լալա Մնէեան
2) Առօրեայի մէջ կիրառուող թաղիքէ իրեր
6) Տիկին Մնէեան թաղիքէ իր կը պատրաստէ
8) Թաղիքէ մերօրեայ փռուածք. 100 տարի անց